Սուրիացիներու կանխածրագրուած գաղթը, կամ՛ բռնագաղթը դէպի Եւրոպական երկիրներ, ամբողջ աշխարհի հետաքրքրութեան կիզակէտը դարձած է այս օրերուն: Հեռատեսիլի բոլոր կայաններուն լրատուութեանց գլխաւոր նիւթն է ան: Լուսանկարներ եւ տեսաերիզներ ողողած են լրատուական ոլորտը:
Սուրիական պատերազմի այս անբացատրելի տրամին քանիերո՞րդ արարին վարագոյրն է, որ կը բացուի. ո՞վ գիտէ: Նոր էջ, նոր ողբերգութիւն, միեւնոյն բեմադրիչներով եւ միեւնոյն դերակատարներով: Եւ ինչ խայտարակութիւն, լաստանաւերով, ջրամոյն ըլլալով, փշաթելերու տակէն սողալով, սահմաններ հատելով, բոլորը երիտասարդ, նորածիններով, կաթնակեր երեխաներով, խեղճ, անօգնական, վշտահար ու սգաւոր. երբեմն աղերսող, երբեմն պահանջող, բռունցք բարձրացնող… Եւրոպա, Եւրոպա… դրախտավայր… փրկութիւն:
Բայց, չէ՞ որ Եւրոպան «անհաւատներու» երկիր է, ինչո՞ւ այս հաւատացեալները անհաւատներու երկիր կ՛ուղարկէք: Սակայն, որո՞ւ կ՛ուղղեմ հարցումս, որո՞նք են կազմակերպողները, որո՞նք են ուղարկողները. ինչո՞ւ անոնք չեն ուղղորդուիր դէպի իրենց ազգակից, կրօնակից արաբական երկիրներ: Ինչո՞ւ:
Պատերազմի առաջին տարիէն սկսեալ, թէժ շրջաններէն մարդիկ փախան. վերեւինները Թուրքիա ապաստանեցան, վարիններըՙ Յորդանան, մէջտեղիններըՙ Լիբանան: Թուրքիան բաւական օգտուեցաւ այս վիճակէն, թէ՛ փրոփականտի իմաստով, թէ՛ նիւթապէս. գաղթականներու համար վրանաքաղաքներ կառուցեց, ուտելիք ու խմելիք տրամադրեց, նոյնիսկ տոլարներ բաժնեց. բայց երբ հարցը երկարեցաւ ու դրամական օգնութիւնները պակսեցան, բռնեց ու գաղթականնեը ծովը թափեց. «Գացէք, քիչ մըն ալ Եւրոպան թող վայելէ ձեզ»…
Եւրոպան, որ վերջերս ծայրայեղական իսլամիստներու ահաբեկչութեանց թիրախ դարձաւ, հիմա իսլամներ կ՛ընդունի, որոնց մէջ կան այնպիսիներ, որոնք Սուրիոյ մէջ գործող զինեալ կազմակերպութեանց անդամակցած են եւ հիմա Եւրոպա կ՛ապաստանին. նկարները դիմատետրի վրայ են: Եւրոպացիները չե՞ն տեսներ այս բոլորը. պարզ է որ կը տեսնեն, բայց ինչո՞ւ կ՛ընդունին զիրենք. մարդ չի հասկնար:
Ի՞նչ նոր խաղ կը պատրաստուի. հազիւ Անգլիան յայտարարեց, թէ պատրաստ է 20.000 գաղթական ընդունելու, Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն ալ հասաւ նոյնանման հրաւէր:
Նպատակը Սուրիան իր բնակչութենէն պարպե՞լ է, թէ՞ …
Մեծ տէրութիւններու խոհանոցներուն մէջ ի՞նչ ապուր կը պատրաստուի, վերջը յայտնի կ՛ըլլայ. սակայն վախնամ այդ ապուրը պատրաստողին կոկորդէն չիջնէ:
Հայրս ողջ ըլլար, պիտի ըսերՙ «Բան մը հասկցայ նէ, եահուտի (ջհուդ) ըլլամ»…