խմբագրական
Նախագահ Ռեչեփ Թայիպ Էրտողանի քսանամեայ իշխանութիւնը կը պատրաստուէր 2023 տարին վերծանել դարակազմիկ իրադարձութեան մը` Տարտանելի երկրորդ միջանցքի եւ Աքքույուտի Աթոմակայանի ծրագիրներով եւ ինչպէս նաեւ ոյժանիւթի կայան ստեղծելու յաւակնոտ առաջադրութիւններով: Այս եւ այլ իրագործումներով Պր. Էրտողան պիտի տօնախմբէր Աթաթիւրքի հիմնած Թուրքիոյ հանրապետութեան հարիւրամեակը, իր հերթին յաւակնելով երկրորդ Աթաթիւրքի պատիւին: Սակայն, այս բոլոր երազները փոշիի վերածուեցան Փետրուար 6ի զոյգ երկրաշարժներով որոնք կայացան Կազիանթեպի եւ Քահրաման Մարաշի շուրջ, ահ ու սարսափի եւ աւերածութեան մատնելով աւելի քան 15 միլիոն քաղաքացիներ:
Զոհերուն թիւերը կը բարձրանան ամէն ժամ եւ ամէն օր եւ կարելի չէ ունենալ վերջնական թիւ մը: Այս պահուն մահացածներու թիւը անցած է 42,000ը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ: Սուրիան եւս տուժեց այս երկրաշարժէն եւ այնտեղ օգնութեան եւ որոնումի աշխատանքները դժուարացած են 12 տարիներու պատերազմին եւ Արեւմուտքի կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներուն պատճառաւ:
Հայաստան 28 հոգինոց փրկարարներու խումբ մը ղրկեց Ատիեաման, որ մեծ աւերի մատնուած քաղաքներէն մէկն է: Այս առիթով բացուեցաւ Մարկարայի կամուրջը – 33 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով – եւ հայկական բեռնատարներ երկու անգամով 200 թոն սնունդ, դեղօրայք եւ այլ կարգի պիտանի առարկաներ հասցուցին:
Հայաստանի օգնութեան անդրադարձող առաջին անձը հանդիսացաւ դիւանագէտ Սարտար Քըլըչ, որ Թուրքիոյ յատուկ պատուիրակն է Հայաստան Թուրքիա բանակցութեանց: Ան իր պատգամը ուղղելով իր Հայաստանի պաշտօնակից Ռուբէն Ռուբինեանին, ըսաւ յատկապէս- ՙԵս միշտ պիտի յիշեմ այն առատաձեռն օգնութիւնը, զոր ղրկեց Հայաստանի ժողովուրդը, թեթեւցնելու համար տառապանքը մեր ժողովուրդին, որ կը գտնուի երկրաշարժի գօտիին մէջ՚:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր հերթին հեռաձայնեց նախագահ Էրտողանին, իր ցաւակցութիւնները յայտնելու: Անոր ի պատասխան Թուրքիոյ նախագահը ղրկեց հետեւեալ պատգամը – ՙԹուրքիոյ կառավարութիւնը բարձրօրէն կը գնահատէ Հայաստանի օգնութիւնը, շեշտելով որ այդ քայլը պիտի նպաստէ աւելի խորացնելու երկխօսութիւնները մեր երկու երկիրներուն միջեւ՚:
Իր հերթին արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ըսաւ որ ՙմենք եւս ենթարկուեցանք երկրաշարժի աղէտալի հետեւանքներուն եւ մինակ չմնացինք … ինչպէս գիտէք, արդէն բանակցութիւններ կը կատարուին սահմանը բանալու եւ դիւանագիտական կապեր հաստատելու՚:
Արարատ Միրզոյեան նաեւ այց մը տուաւ Անքարա, հանդիպելու իր պաշտօնակից Մեվլուտ Չավուշօղլուի, որ իր հերթին շեշտեց սահմանները բանալու անհրաժեշտութիւնը:
Հայաստանի մէջ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ներկայացուցիչներ բուռն քննադատութեան ենթարկեցին իշխանութեանց այս բարեացակամ արարքը պատճառաբանելով որ Թուրքիա երբեք պիտի չփոխէ իր դիրքը Հայաստանի նկատմամբ:
Մինչեւ այսօր վէճը կը շարունակուի Հայաստանի մէջ, եւ անկէ դուրս` սփիւռքի մէջ. հակառակորդները կը շարադրեն Թուրքիոյ գործած ցեղասպանութիւնը եւ անոր որդեգրած թշնամական քաղաքականութիւնը Հայաստանի նկատմամբ: Նոյնիսկ, երկրաշարժի կապակցութեամբ նախագահ Էրտողան, Ալիեւի ուղղած իր շնորհակալական նամակին մէջ կը յիշէր որ Ատրպէյճան Թուրքիոյ կողքին գտնուեցաւ, ինչպէս Թուրքիա Ատրպէյճանի կողքին գտնուած էր 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին:
Ոչ մէկուն համար գաղտնիք է Թուրքիոյ թշնամանքը հայոց հայրենիքին նկատմամբ: Երբ Թուրքիա վաղը վերականգնի երկրաշարժի այս աղէտէն, վստահաբար պիտի շարունակէ իր միեւնոյն քաղաքականութիւնը:
Երբ Հայաստանի իշխանութիւնները ձեռք մեկնեցին Թուրքիոյ գիտէին այս բոլորը եւ յիշեցման կարիքը չունէին. բայց գոյութիւն ունի ՙաղէտի դիւանագիտութիւն՚ կոչուած բան մը որ կը կիրարկուի պետութեանց կողմէ, անկախ առկայ քաղաքական վիճակներէ եւ տիրող յարաբերութիւններէ: Այդպէսով է որ Ռոպերտ Քոչարեանի օրով օգնութիւն հասցուց Հայաստան Թուրքիոյ երբ տեղի ունեցաւ Իզմիթի երկրաշարժը 1999ին, խլելով 17,000 զոհեր: Անկէ առաջ Թուրքիոյ Կարմիր Մահիկը օգնութիւն ղրկած էր 1988ին Կիւմրիի երկրաշարժին առիթով:
Թուրքիա որոշ ատեն պարտադրաբար պիտի փորձէ մեղմացնել իր քաղաքականութիւնը իր հարեւաններուն նկատմամբ, ոչ անպայման անոր համար որ անոնք օգնութիւն փութացին, այլ անոր համար որ տակաւին բոլորին օգնութեան կարիքը պիտի ունենայ յաղթահարելու համար այս ահաւոր երկրաշարժին գործած աւերները:
Արտաքին գործոց նախարար Չավուշօղլու աղէտի գօտիին մէջ ջերմօրէն ողջագուրուեցաւ իր յոյն պաշտօնակիցինª Նիքոս Տենտիասի հետ, երբ ան տակաւին շաբաթ մը առաջ կը սպառնար որ Թուրքիա կրնայ գիշերուան մէջ քանի մը ժամէն հասնիլ Աթէնք …:
Բայց Յունաստանը չէ որ կենցաղավարական դաս պէտք է տայ Հայաստանին: Հայաստան պէտք է ապրի ու ճանչցուի իր արժեհամակարգով իբրեւ քաղաքակիրթ երկիր. ինքն է որ պիտի սահմանէ իր բարոյական կերպարը եւ ոչ Թուրքիան կամ ոեւէ այլ կողմ:
Թուրքիոյ այս երկրաշարժը յիշեցում մը պէտք է ըլլայ նաեւ շրջանային այլ երկիրներու, եւ մասնաւորաբար Հայաստանի համար որ կը գտնուի երկրաշարժական գօտիի մէջ. մասնագէտներու հաշուարկումներով Երեւանի շէնքերուն 80 տոկոսը ենթակայ է փլուզման, եթէ այսպիսի տարողութեամբ երկրաշարժ մը պատահի: Այդ յիշեցումը պէտք է կատարուած ըլլար 1988ի երկրաշարժին առիթով երբ 25,000 հայեր զոհ գացին: Սակայն, անընդհատ պատերազմներ դիմակայող երկրի մը համար կը թուի թէ առաջնահերթութիւն չէ երկրաշարժի վտանգը. ժողովուրդը պիտի շարունակէ ապրիլ այսպէս, ճակատագրապաշտօրէն մինչեւ որ գտնուի դառն իրականութեան մը առջեւ:
Այսօր Թուրքիոյ մէջ սկսած է դժգոհութեան ալիք մը նախագահ Էրտողանի դէմ որ գիտակցօրէն ժողովուրդը առաջնորդած է այսօրուան աղէտին. Նախագահ Էրտողան եւ իր վարչակազմը միշտ յոխորտացին որ վերջին տարիները Թուրքիոյ համար հանդիսացան շինարարական վերելքի տարիներ. արագօրէն կառուցուեցան գիւղեր, քաղաքներ, ճամբաներ եւ այլն: Էրտողանի իշխանութեան 20 տարիներուն Թուրքիոյ տարածքին կառուցուած են 15,000 մզկիթներ, եւ հաւանաբար նոյն թիւով նաեւ կրօնական մետրեսէներ: Բոլոր հին սուլթաններուն նման Էրտողան եւս գիտակից է որ ժողովուրդը կրօնքի մոլութեամբ իրար միացնելը եւ գիտութեան լոյսէն հեռու պահելը աւելի կառավարելի կը դարձնէ զանգուածը:
Հրանդ Տինքի եւ Օսման Քաւալայի դաւանանքը եղած է լուսաւորել թուրք ժողովուրդը եւ դաստիարակել զայն ժողովրդավարութեան սկզբունքներով որ օր մը ան քաջաբար եւ առանց նախապաշարումի առերեսուի իր պատմութեան հետ:
Սակայն Էրտողան, ամէն ընտրարշաւի ընթացքին, ՙբարիք՚ մը ընելու ճիգով` հազարաւոր շինարարութիւններ զանց պահեց հակաերկրաշարժային օրէնքներու ծիրէն. մանաւանդ, այսօրուան ամէնէն աւելի տուժած շրջանները:
Այսպէս, 2019ին ան հպարտօրէն յայտարարած է որ 144,150 քաղաքացիներ ազատ կացուցած է երկրաշարժական օրէնքներու գործադրութենէն: Նոյն արտօնութիւնները շնորհած է 294,165 Կազիանթապցի քաղաքացիներուն. եւ այդ արտօնութիւններով զինուած կապալառուներ եւ շինարարական ընկերութիւններ կառուցած են աժան շէնքեր, իւրացնելով մեծ գումարներ` ժողովուրդը սահմանելով այսպիսի աղէտալի ճակատագրի մը: Այդ շինարարներուն եւ կապալառուներուն մեծ մասը եղած է Էրտողանի անմիջական շրջանակէն: Այդ պատճառաւ է որ ընդդիմութեան պետը` Քեմալ Քըլըչտարօղլու յայտարարած է – ՙԱյս բոլորին պատասխանատուն Էրտողանն է՚:
Երկրաշարժէն առաջ Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը կազմալոյծ վիճակ մը ունէր. քանի այս աղէտը փլաւ Էրտողանի գլխուն` ընդդիմութիւնը վերակենդանացած է: Նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները որոշուած էր կայացնել Մայիս 14ին: Իշխանութիւններ եւ Էրտողանի կողմնակիցները կը փորձեն յետաձգել, բայց կարելի չէ այդ յետաձգումը տեղաւորել Յունիս 18էն անդին, որ սահմանադրականօրէն որոշուած պայմանաժամ մըն է:
Էրտողան միշտ հնարք մը գտած է երկրի ձախողութիւնները այլ քաւութեան նոխազներու վզին փաթթելու եւ ընտրութիւն շահելու: Արդէն 180 շինարարներ ձերբակալել տուած է եւ զանոնք պիտի առաջնորդէ դատարան:
Բացի այս ընտրական իրավիճակէն, Թուրքիա պիտի դիմաւորէ վերականգնումի երկար ու ծանր շրջան մը: Արդէն Էրտողան կը խոստանայ որ մէկ տարիէն պիտի վերականգնէ աղէտի գօտին, գոյացնելով 85 միլիառ տոլար: Նաեւ խոստացած է իւրաքանչիւր տուժած ընտանիքին յատկացնել 5000 տոլարի համարժէք գումար մը:
Այս բոլորը պիտի փրկե՞ն զինք ընտրութեան օրը: Խիստ կասկածելի:
Անշուշտ ցաւալի են մարդկային կորուստները: Սակայն, երբ Էրտողանի կամ Թուրքիոյ ձեռքերը որոշ ատեն մը պիտի կաշկանդուին` արտաքին օգնութեան դիմաց` ատիկա ժամանակաւոր բարիք մը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ հարեւաններուն: Որովհետեւ Էրտողանի ռազմական նուաճումները կը կարօտին նիւթական հսկայ միջոցներու, որոնք ատեն մը վերապահուած պիտի ըլլան երկրին շինարարութեան:
Օժանդակութեան կարեւոր մասը, վստահաբար պիտի յատկացնէ Ուաշինկթընը, որ ատեն մը կրնայ հակակշռել Թուրքիոյ ծաւալապաշտական եւ արկածախնդիր քաղաքականութիւնը:
Հայաստան իր կատարած օժանդակութեան դիմաց ակնկալութիւն մը չունի, սակայն կը թուի թէ հայ-թրքական բանակցութեանց մէջ փոքր տեղաշարժ մը կրնայ տեղի ունենալ, անդրադառնալով նաեւ Ալիեւի ռազմավարութեան վրայ, որ ամբողջութեամբ ապաւինած է Թուրքիոյ ՙեղբայրութեան՚:
Առիթն է որ Հայաստան շունչ քաշէ եւ կարճ ժամանակին վերականգնի, որովհետեւ հեռու չէ այն օրը երբ ան կրնայ դիմակայել թուրք-ատրպէյճանական թշնամանքի մնայուն քաղաքականութիւնը: