Աշխարհի ամենահզօր ու ամենահարուստ Ամերիկայի մէջ անսահման է թիւը անտուններուն, homeless: Համակարգիչը կ՛ըսէՙ միայն Լոս Անճելոսի մէջ 90,000 տնանկ, փողոցը մնացած մարդ կայ: Անոնք անտէր-անտիրական չքաւորներ են, կա՛մ ալքոլամոլներ, կա՛մ տունէն վտարուած ամուսիններ… որոնք կ՛ապրին ահաւոր վատ պայմաններու մէջ, կը քնանան ստուարաթուղթէ տուփերու մէջ, կամ ալ ստորգետնեայ գարշահոտ ու առնետներով լեցուն բաւիղներու մէջ:
Տեսած եմ Եւրոպայի ամենաճենթըլմէնային, հարուստ ու շքեղ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ, մայթերու նստարաններուն վրայ գիշերողներն ու գետնէն սիկառեթի մնացորդներ հաւաքող եւ ծխող տնանկ խլեակներ… Սակայն այսպիսի բանի չէի հանդիպած Երեւանի մէջ, մինչեւ որ անցեալ շաբաթ տեսայ Սունդուկեան թատրոնի հարեւանութեամբ, Միասնիկեանի արձանին մօտի երկու նստարանները կացարանի վերածած երկու մարդիկ, ցուրտէն ու անձրեւէն պաշտպանուելու համար նայլընէ պաստառներու տակ կծկուած:
Լուսանկարեցի, սակայն չմօտեցայ ու չխօսեցայ իրենց հետ, ոչ ալ գիտցայ, թէ ո՞վ են, ինչո՞ւ փողոց մնացեր են: Միտքս ուրիշ բան կը զբաղեցնէր այդ վայրկեանին. ո՞ւր է մեր ոստիկանութիւնը. Ինչպէ՞ս չեն նկատած. եթէ նկատած են, ինչպէ՞ս ձգած են որ հոն մնան, կարեւոր փողոցի մը, երթեւեկութեան բանուկ խաչմերուկի մը վրայ, անցնող- դարձողներուն տեսադաշտին մէջ:
Եթէ յատուկ քաղաքական նպատակներով հացադուլ յայտարարողներ են, կամ ցուցարարներ, կա՛մ… բան մը գրած կ՛ըլլային, մարդիկ իրենց մօտ ու շուրջ կ՛ըլլային: Այդպէս ալ չիմացայ ու շատերու նման անցայ գացի:
Բայց կը մտածեմ, ազատ երկիր է, չէ՞, ով ուր կ՛ուզէ կը պառկի. ան ալ քաղաքապետարանի հարեւանութեամբ, երբ քաղաքապետը ճիգ չի խնայեր քաղաքը գեղեցկացնելու: Ամէն կողմ ցանուած ծաղիկներուն կողքին, այս պատկերը կը վայլէ՞. քաղաքին կեդրոնը վխտացող մուրացկաններու անհանգստացնող ներկայութիւնը կը վայլէ՞ Երեւանին:
Ինծի համար տնանկ կը նկատուին նաեւ բոլոր այն ծերերը, այր կամ կին, որոնք կը շարունակեն աշխատիլ իրենց յառաջացած 75-80, նոյնիսկ աւելի մեծ տարիքին, մայթերու վրայ բաներ մը ծախելով, կամ հաւաքարարի աշխատանք կատարելով մինչեւ ուշ երեկոյ: Գիտեմ, անոնց ստացած հանգստեան թոշակը ոչինչ է, սակայն ապրելու համար դեռ պէտք է աշխատի՞ն, ո՞ւր են ասոնց զաւակները, թոռները… Մեղք չե՞ն, իրենց կեանքի մայրամուտին հանգիստ ընելու իրաւունք չունի՞ն:
Տնանկութիւնը միայն տուն չունենալ չէ. տնանկութիւնը հոգատար հարազատներ չունենալն է:
Թող ներուի ինծի այս դիտողութիւնս, քանի որ մեր մօտ, Սուրիա, Հալէպ, այսպիսի բան չկայ: Կա՛մ ծերերը իրենց զաւակներուն ու թոռներուն հոգատարութեամբ կ՛ապրին, կա՛մ ալ, եթէ բացարձակ տէր-տիրական չունին, Ազգային ծերանոց կը տարուին ու ազգին հոգատարութեամբ կ՛ապրին, մինչեւ լքեն այս աշխարհը:
Ժողովուրդն ու պետութիւնը պէտք է աւելի լաւ վարուին այս «վեթերաններ»ուն հետ, որոնց համար շքանշաններէն աւելի կարեւոր են հարազատներու սէրն ու յարգանքը: