ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Մեր բարութիւնը մեր նկարագրին ամենացայտուն յատկանիշն է. ի զուր տեղ չեն ըսած մեր մեծերը աղէտի կամ տառապանքի պարագայինՙ «Աստուած թշնամիիս չցուցնէ», նոյնիսկ Մուշեղ Իշխանի բերնովՙ «Թշնամիս իսկ մեր նման, ուրիշի դուռ չձգես»…Հայերէս զատ ո՞վ իր թշնամիին բարիք ցանկացած է:Այսօր ալ, Իսթամպուլի ահաբեկչական պայթումներուն զոհ գացած մեռնողներուն եւ վիրաւորներուն առթիւ, եթէ ուրախանանք, որ թուրքիոյ կառոյցը ցնցումի կենթարկուի, կը ցաւինք անմեղ զոհերուն համար: Անոնք ալ մարդ են, չէ՞, անոնք ալ սգացող հարազատներ ունին, չէ՞:Սակայն կը մտածեմՙ մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին մեր բարութիւնը օգտակա՞ր եղած է մեզի, թէ՞ վնասած: Մեր բարութեան ի տես, աշխարհը մեզի բարենիշ շնորհա՞ծ է, մեզի «Պռաւօ» ըսա՞ծ է, թէ՞ մենք ըրած ենք առանց որեւէ ակնկալութեան, պարզապէս մեր նկարագրին հնազանդելով:Մեր ֆէտայապետերը կարգիլէին թշնամիին կանանց ու երախաներուն վնասել, սակայն թշնամին ոչ մէկ խտրութիւն կը դնէր. երախայ, կին թէ ծեր ոչնչացնելու է, վկա՛յ Թալէաթի ծածկագիր-հեռագիրները:Ո՞վ շահեցաւ, մե՞նք, թէ՞ իրենք: Ո՞վ տուժեց, հայը՞, թէ՞ թուրքը:Գիտեմ, որ նկարագիր փոխելը դժուար է, ատիկա ժառանգուած հարստութիւն մըն է, որուն աւանդապահը կըլլանք, եւ ապա մենք ալ մեր կարգին այդ աւանդը կը փոխանցենք մեր յաջորդներուն: Բայց պահեր կան, ուր մարդ ակամայ կը հոգեփոխուի, երբ հարցը վերաբերի կենաց ու մահուան միջեւ ընտրութիւն ընելու, հայրենի հողը պաշտպանելու, թէ թշնամիին յանձնելու: Ահա՛ այստեղ է, որ հոգեփոխութիւնը անհրաժեշտ կըլլայ. վկա՛յ մեր ինքնապաշտպանական կռիւները Զէյթունէն մինչեւ Սասուն, Վան եւ Արցախ:Արցախը յիշեցի, քանի որ միտքերու մէջ դեռ թարմ է անոր անկախացման համար մեր մարտիկներուն կատարած ախրանքները:1991-ին Հայաստան կը գտնուէինք Հալէպի «Ադամեան» թատերախումբով, մասնակցելու համար Սփիւռքահայ թատերական փառատօնին: Նորանկախ Հայաստանի ամենածանր շրջանն էր, ուր լուրեր կը հասնէին ճակատէն, թէ հայ գերիները ինչ անմարդկային խոշտանգումներու, կտտանքներու կենթարկուէին Ատրպէյճանի մէջ, երբ ատրպէյճանցի գերիները նոյնանման վերաբերմունքի չէին ենթարկուեր Հայաստանի մէջ: Երբ չափազանցուեցան ազերիներուն ըրածները, հայերը որոշեցին նմանատիպ վերաբերմունք ունենալ ազերիներուն հանդէպ, ըլլալ աւելի բիրտ ու դաժան, քանի ուրիշ լեզուէ պիտի չհասկնար թշնամին: Եւ ի՛նչՙ կռիւները սկսան ի նպաստ հայերու ըլլալ, մինչեւ որ անկախացաւ Արցախը:Ասիկա կոչ չէ ազգովին հրաժարելու մեր բնատուր նկարագրէն, հայու ազնիւ բնաւորութիւններէն, բիրտ ու դաժան դառնալու,-թէեւ մեր մէջ չեն պակսիր այդպիսիներ,- այլՙ պահին համեմատ շատ բարի չըլլալու:Եթէ զէյթունցին դարերով կրցաւ պահպանել իր անկախութիւնը, ատիկա իր բարի ու ներողամիտ ըլլալուն արդիւնքը չէր, այլՙ հակառակ իր հռչակուած միամտութեան հասնող բարութեանՙ օրհասական պահուն գիտցաւ աղաւնիէն արծիւի վերածուիլ ու պաշտպանել հայրենական հողը:Ի սկզբանէ ըսուած էր, որ Թուրքիոյ նետած քարը իր գլխուն պիտի իյնայ. Թուրքիոյ նախագահը ինքզինքին այնքան իրաւունքներ տուաւ աջ ու ձախ հարուածելու, Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելու իր ճիգերուն մէջ այնքան տարօրինակութիւններ ցուցադրեց, որ նոյնիսկ իր խորհրդականները ստիպուած ձեռնպահ մնացին անոր կատղած ձիուն խօլ արշաւը տեսնելով: |