Վերի նկարին լաւ նայիլ: Սա զօրամասի վիճա՞կ է։ Այսպիսի շէնքերու մէջ կը քնանա՞ն ու կ՛արթննան մեր զինուորները: Միլիոնաւոր տոլարներու հասնող անհասկնալի պարգևավճարներով կը լափուի մեր պետութեան պիւտճէն, մինչ այդ նոյն պետութեան գոյատեւումին միակ երաշխիքը հանդիսացող Հայ զինուորը կենցաղային տարրական պայմաններով կացարան չունի…:
Հրդեհ, յարձակում, պայթում, թէ ճակատագիր, փաստը այն է, որ ահաւոր բան մը տեղի ունեցած է մեր Հայրենիքին առաջնագիծին մօտ, մինչ մեր սիրելի կառավարութիւնը, իր ղեկավարով ու պաշտպանութեան նախարարով մէկտեղ փոխանակ փութալու աղէտի վայր, նոյն առաւօտուն Երեւանի մէջ, կառավարութեան շէնքին տաք սրահին մէջ նստած, նոյնիսկ առանց սպասելու հետաքննութիւններու արդիւնքին, մատիտի մէկ շարժումով գլխատեցին Գեղարքունիքի ամբողջ սպայական կազմը, իրենց թուացող վարկածներու հիման վրայ, անոնց պատասխանատու նկատելով նշեալ աղէտին: Աւելի քան բնական է ու կարեւոր իր պարտականութեան հանդէպ անփոյթ գտնուած պատասխանատուներուն խիստ պատիժներու ենթարկելը, սակայն ըստ երեւոյթին մորթապաշտութեան որպէս հետեւանք (որովհետեւ իրականութեան մէջ նման պարագաներու իսկական պատասխանատուները, ի պաշտօնէ, այսպէս կոչուած Գերագոյն հրամանատարը՝ իմա՛ ՀՀ Վարչապետն ու Պաշտպանութեան նախարարն են) հապճեպ առնուած նշեալ որոշումը, բաւական ծանր կրնայ նստիլ մեր երկրին ապահովութեան վրայ:
Արդարեւ, Վարդենիսի դիմաց՝ Քարվաճարի ու Գանձակի մօտ այժմ կանգնած է տասնեակ հազարներ հաշուող թշնամի զօրք, որոնք ոեւէ վայրկեանին կրնան լայնածաւալ յարձակում գործել մեր երկրին վրայ, մինչ մեր զօրանոցները խեղճ ու կրակ վիճակի մէջ են իսկ մեր իշխանութիւնը իր իսկ ապիկարութիւնը քօղարկելու համար պաշտօնէ կը հեռացնէ Գեղարքունիքի ամբողջ հրամանատարակազմը։
Գոնէ պետական մակարդակով բարոյականութեան նշոյլ ցուցաբերուէր, սուգ յայտարարուէր…։ Բայց, որո՞ւն, ի՞նչ կ՛ըսես…:
Չեմ հասկնար. Հայ ազգին, իրենց զաւակները մատաղ ըրած Հայ զինուորի ծնողներուն, ու պաշտօնի վրայ տակաւին մնացած Հայոց բանակի սպայակազմի համբերութեան բաժակը չէ՞ լեցուած: Տակաւին ի՜նչ կը սպասենք սուտ «յեղափոխութեամբ» մը մեր ազգին ու երկրին փորձանք հանդիսացող՝ մեզի միայն ցաւ, սուգ ու Հայրենիքի կորուստ պարգեւած իշխանութիւնը օր առաջ հեռացնելու: Այս աղէտին ալ հանդէպ մեր ազգին թեթեւ մօտեցումը, մեզի մտածել պիտի չի՞ տայ, որ այս բանէն առաջ ու ետք մեր գլխուն եկած ու տակաւին գալիք բոլոր բաները հալալ են…:
Պատմական այս թիւրիմացութեան վերջը ե՞րբ է, երբ այլեւս այնքա՜ն ակնյայտ է անոր «թաւշեայ» շղարշին տակի կեղտոտ աստառը…։
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթօնք» օրաթերթ, Լիբանան