Իրար մի անցնիք գուշակելու համար, թէ ինչ բանի կակնարկեմ. անոր ածականները զգուշօրէն եւ տեղին ընտրած եմ. ուրեմն խնդրոյ առարկայ «Հրաշքն ու Փորձանքը» նոյն գործիքին մասին է, որուն տարբեր անուններ կու տան տարբեր երկրներու մէջ, Մոպայլ, Սելիւլեր, այսինքն Բջիջային հեռախօս:
Անոր «հրաշք» ըլլալը հասկնալու համար, մարդ ինծի պէս կանուխ ծնած ըլլալու է: Ես ամուսնացած եմ 1974-ին եւ նոյն տարին ալ դիմում ներկայացուցած եմ տանս մէջ հեռախօս ունենալու համար. քսան տարի ետք, երբ արդէն երկու դուստրերս պարմանուհիներ դարձած էին, ի մեծ երջանկութիւն մեզ, հեռախօսը հասաւ մեր տուն… Այո՛, քսան տարի ետք:
Հեռախօսը պերճանք էր ժամանակին, դժուար հասանելի, եւ երբ մեր սեփականը ունեցանք, ուրախացանք, որ վերջապէս այլեւս դրացիին դուռը պիտի չթակէինք ու խնդրէինք իրենց հեռախօսը օգտագործել;
Ուրախացայ, երբ յիշեցի, թէ ինչպէս Նոր Գիւղի մեր թաղին, Հալէպ, միակ հեռախօսը անուշավաճառ Թիք-Թաքի խանութն էր, ու հոն կը վազէի հեռաձայնելու համար, կամ ալ հեռուէն ստիպուած իրեն կը հեռաձայնէի, որ մայրս կանչէ, կարեւոր ըսելիքի մը համար, ու խանութին տէրը կա՛մ ինք կը վազէր, կա՛մ ալ փողոցէն տղեկի մը կ՛ըսէր, որ մեր տունը վազէ եւ մօրս լուր տայ:
Հիմա գրպանիդ մէջ է թէ՛ Թիք – Թաքը, թէ՛ դրացուհին… Բայց միայն հեռախօ՞սը… Ինչեր ըսես չկան այդ կէս ափի մեծութեամբ գործիքին մէջ. երկտո՞ղ մը կ՛ուզես գրել հեռաւոր երկիր մը ապրող ընկերոջդ, կը գրես ու գործիքը գրպանիդ մէջ չսահեցուցածՙ պատասխանն ալ կառնես: Հետաքրքրական բա՞ն մը նկատեցիր, գործիքդ հանէ եւ նկարէ. հաշուիչ մեքենայի՞ պէտք ունիս, գործի՛քդ, օրացո՞յցՙ գործի՛քդ, համացա՞նց, ֆի՞լմ, երաժշտութի՞ւն… Աշխարհը ափիդ մէջ:
Սակայն այս հրաշք գործիքը շատ մը գիւտերու նման երկսայրի սուր է, եւ արդէն փորձանք դարձած է ու աւերներ կը գործէ: Բոլորին ձեռքն է ամէն վայրկեան եւ ամէն տեղ. քալելու ատեն, ճաշելու ատեն, ճամբորդելու ատեն, եկեղեցիին մէջ, դասարանին մէջ, նոյնիսկ անկողնին, բաղնիքին ու զուգարանին մէջ… անկէ բաժնուիլ չըլլար, անկարելի է. ու մարդիկ արդէն մոռցած են իրենց ընկերային կեանքն ու մեկուսացած են իրենց գործիքներուն հետ: Փողոցը գլխիկոր կը քալեն ու ասոր-անոր կը զարնուին, ճաշի սեղանին վրայ ճաշը կը պաղի, քանի իրենք դգալ-պատառաքաղի փոխարէն հեռախօս ունին իրենց ձեռքին: Ուսուցիչը դաս կը բացատրէ, աշակերտները գաղտնաբար, գրասեղանին տակ անով զբաղած են. քանի նամակներ, լուրեր, անեկդոտներ ու դեռ չըսուելիք ինչե՜ր կան անոր մէջ… Ինչպէ՞ս կարելի է անջատուիլ այդ «հաճոյքէն»: Դժուար թէ ոեւէ ուսուցիչ կարենայ մրցիլ այս գործիքին հետ ու աշակերտներուն ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացնել: Արգիլէ կրել զայն դպրոցին մէջ, միեւնոյնն էՙ աշակերտին աչքը վրադ, իսկ ուղեղը այնտեղ է, ուր իր գործիքն է: Ուսումնա-կրթական հարցերով զբաղող մարմիններ լրջօրէն կը մտածեն դասաւանդման նոր ձեւեր գտնել, յաղթահարելու համար այս հրաշքՙ սակայն մեծ փորձանք գործիքին աւերները:
Մարդկութիւնը «մնաս բարով» պիտի ըսէ ընկերային կեանքին, հաւաքոյթներուն, իրար հետ զրոյցի նստելուն, թերթ ու գիրք կարդալուն… Եւ այս բոլորին պատճառը կէս ափի մեծութեամբ այս հրաշք, սակայն փորձանք գործիքն է: