ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ, Գահիրէ
Կա՞ն թէ չկան
Գահիրէի համալսարանի Արեւելեան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին առընթեր գործող Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի հայերէն լեզուի դասընթացքներու առաջին հանդիպումին համալսարանաւարտ եւ համալսարանական տասը ուսանող-ուսանողուհիներ ներկայ էին:
Երկու տարիներու դասընթացքի տեւողութեան անոնց թիւը իջաւ … մէկի, masters-ի պատրաստուող ասորերէնի մասնագիտուհի մը, որ կ՛ուզէ իր աւարտաճառի նիւթը հայ-ասորական յարաբերութիւններէն ընտրել, նախընտրաբարՙ գրական-թարգմանական աշխատանք մը:
Նոյնպիսի նօսրացումի կ՛ենթարկուին մեր դպրոցները Սփիւռքի մէջ: Լաւագոյն պարագայինՙ եթէ աշակերտութեան թիւը գոհացուցիչ է, հայերէնին հանդէպ անոնց անտարբերութիւնը ոչ թէ դժգոհանք, այլ սրտի ցաւ կ՛առաջացնէ:
Եղաւ շրջան մը, երբ հայերէնաւանդ դասատուները պատասխանատու կը նկատուէին, որովհետեւ եղեր «դասական մեթոտներ կ՛օգտագործեն եւ նիւթը հետաքրքրական ձեւով չեն ընծայեր ուսանողին», եւ նման այլ պատճառաբանութիւններ:
Այս հարցը որոշ չափով դարմանուած է այսօր, որովհետեւ հայերէնաւանդ դասատուները երիտասարդ են, կրնան գրաւել աշակերտը եւ կը ջանան նիւթը հաճելի դարձնել:
Բայց աշակերտներուն անտարբերութիւնը կը շարունակէ նոյնը մնալ. կ՛ըսենՙ հայերէնը շատ դժուար է, մանաւանդՙ ուղղագրութիւնը: Պէ՛տք է փոխել:
Կ՛ըսեմՙ ֆրանսերէնի ուղղագրութիւնը աւելի՞ դիւրին է, բայց անոնք իրենց ուղղագրութիւնը փոխելու մասին չեն իսկ մտածեր:
Եթէ շարունակենք վիճիլ, ի վերջոյ պիտի հասնինք հարցի կորիզին, որուն հասեր էին Գահիրէի համալսարանի աշակերտները կարճ ճամբով, պարզապէս որովհետեւ հայ չեն եւ զգացական կապեր չունին մեր լեզուին հետ:
Ինչո՞ւ հայերէն սորվիլ. ի՞նչ ընելու համար. ի՞նչ շահ կրնայ բերել հայերէնը:
Կար ժամանակ, երբ աշակերտները նման հարցումներ չէին հարցներ, որովհետեւ այդ հարցումներուն պատասխանը յստակօրէն գիտէին.
Որովհետեւ հայերէնը մեր մայրենի լեզուն է:
Վէճ չէր ըլլար: Աշակերտը դասերը կը սորվէր եւ պարտականութիւնները կը գրէր:
Այսօր տարբեր է:
– Այո՛, մեր մայրենին է, բայց դպրոցէն ելլելէս ետք ԲՆԱՒ պէտք պիտի չունենամ անոր: Ինչո՞ւ սորվիմ:
Այստեղ այլ հարց մը եւս կայ, թերեւս թաքնուած հարց մը. սփիւռքի հայկական վարժարաններուն աշակերտները երկու խումբերի կը բաժնուինՙ անոնք, որոնց տան, առօրեային լեզուն հայերէնն է, հետեւաբար հայերէնը իրենց մայրենին է, եւ անոնք, որոնք տան մէջ այլ լեզու մը կը խօսին, այսինքն հայերէնը իրենց համար երկրորդական լեզու է: Հետեւաբար հայերէնը անոնց համար կը դառնայ «օտար» լեզու, իր մէկ ծնողին լեզուն, զոր պէտք է սորվիլ, ճիգ թափելով:
Բայց ինչո՞ւ ճիգ թափել, «անօգուտ» բան մը սորվելու համար:
Օտարը շատ արագ կերպով կ՛որոշէ դադրեցնել դասերու հետեւիլը այն լեզուին, որուն օգտակարութիւնը չի տեսներ, որովհետեւ իրեն համար չկայ այդ օգտակարութիւնը:
Իսկ այսօրուան հայ կամ կիսով հայ աշակերտը չի համոզուիր «հայ ոգին պահելու» անհրաժեշտութեամբ:
Այսօր, երբ բառացիօրէն ամէն բան նիւթեղէնով կը չափուի եւ կը գնահատուի, ինչպէ՞ս համոզել հայ աշակերտը, կէս հայը կամ օտարը, որ հայերէն սորվի:
Թերեւս կարելի ըլլար ասիկա, եթէ ծնողներն ու գաղութներուն պատասխանատուները եւս մտահոգուէին այս երեւոյթով: Բայց երբ ծնողք կ՛ըսէ իր զաւկինՙ «հայերէնը կարեւոր չէ, ժամանակ մի՛ վատներ անոր վրայ», իսկ բարձր պատասխանատուութեան տէր ղեկավար մը հանրային կերպով կը յայտարարէՙ «հայկական վարժարանները ժամանակավրէպ են եւ անարդիւնք»,
Ինչպէ՞ս, աւելի ճիշդըՙ ինչո՞վ համոզել աշակերտները, որ սորվին հայերէնը, դպրոցական շրջանին գոնէ:
Ո՞ւր են հայերէն սորվելու խթանները: Կա՞ն անոնք, թէ պէ՛տք է ստեղծել:
Արեւելեան Ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը (Գահիրէի համալսարան) մի՛շտ խճողուած է Ծայրագոյն Արեւելքէն եկած խումբերովՙ քորէացիներ, չինացիներ, ճաբոնցիներ, որոնք արաբերէն սորվելու կու գան (թէեւ արաբերէնը շատ աւելի դժուար լեզու է, քան հայերէնը), որովհետեւ իրենց երկիրներուն համար արաբական աշխարհը վաճառականական շատ մեծ տարածք է: Եւ որովհետեւ արաբներուն մեծ մասը միջազգային դարձած անգլերէնն իսկ դժուարութեամբ կը խօսի, իրենք սկսած են արաբերէն սորվիլ, «երբ լեռը մարգարէին մօտ չի գար, մարգարէն լերան մօտ կ՛երթայ»ի սկզբունքով:
Այլ խօսքովՙ այս երիտասարդ-երիտասարդուհիները, որոնք Գահիրէ կու գան արաբերէն սորվելու, վստահ են որ թարգմանական հաստատուն աշխատանք պիտի ունենան իրենց երկիրը վերադառնալէ ետք:
Նոյնը կրնա՞նք ըսել, աշխատանքի առումով, հայերէնին համար:
Միւս կողմէ կայ պարագան մորմոն երիտասարդներուն, որոնք քարոզչական աշխատանքի կը ղրկուին տարբեր երկիրներ, ինչպէս եւ Հայաստան: Տուեալ երկիրը երթալէ առաջ երիտասարդը պարտաւոր է այդ երկրի լեզուն սորվիլ, որքան ալ անսովոր, աննշան ըլլայ լեզուն եւ սակաւաթիւ խօսողներ ունենայ:
Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ Հայաստանէն վերադառնալէ ետք (երկու տարուան կեցութենէ ետք) ամերիկացի այդ երիտասարդ-երիտասարդուհիները ի՞նչ կ՛ընեն իրենց սորված հայերէնով:
Այստեղ օգնութեան կը հասնի յուշ մը, աւելիՙ օտար բարեկամի մը հայերէն սորված ըլլալու իրողութիւնը, եւ նժարները հաւասարումի կը բերէ, իր գոյութեամբ իսկ:
Herve Georgelin-ը իր վաղ երիտասարդութեան հայերէն սորված է. թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէսՙ էական չէ հոս. բայց սորված է այնքան, որ հայերէն երկու կարեւոր գիրքեր ի՛ր լեզուինՙ ֆրանսերէնի թարգմանած էՙ Արամ Անտոնեանի «Այն Սեւ Օրերուն» եւ Զաւէն Պիպէռեանի «Մրջիւններու Վերջալոյսը»:
«Հայերէնblog»ին վրայ երեւցած իր մէկ գրութեան մէջ հարց կու տայ.
«Հայերէնը իբր օտար լեզու սորվիլ, օր մը խօսիլ, յաջորդ օրը գրել, անիմա՞ստ զբաղում», եւ կ՛ըսէ, մտորումներ կատարելով լեզուին եւ զայն սորված ըլլալուն մասին.
«Պէտք էր որոշէի, թէ ատով ի՞նչ պիտի ընէի: Իրեն արժէք պիտի տայի՞, զայն իբր հարստութի՞ւն պիտի նկատէի, կամ պարզապէս ժամանակի կորո՞ւստ պիտի համարէի: Ընդունիլ որ ժամանակը լրիւ անիմաստ անցած էՙ դժուար, տհաճ եւ յաճախ անարդար եզրակացութիւն է: Ուրեմն, որոշեցի հակառակ ճամբան ընտրել: Բայց ճշգրիտ պատճառի մը պէտք ունէի: Չէի ուզեր պարզապէս ինքզինքս խաբել»:
«Պէտք է ըսեմ, որ հայերէնով առօրեայ խօսակցութեան կրնամ մասնակցիլ, բայց չեմ կարծեր որ աս պատճառ պիտի ըլլար հայերէնի կամ որեւէ լեզուի հաւատարիմ (ընդգծումը մեզմէ) մնալուս»:
Այս «հաւատարմութիւն»ն է, որ աշակերտները կը նեղացնէ կարծես. «ինծի պէտք եղածին չափ գիտեմ, կրնամ խօսիլ», կ՛ըսէ աշակերտ մը, առանց անդրադառնալու, որ իր խօսածը հազիւ թէ հայերէն համարուի: Չուզել հաւատարիմ մնալ բանի մը, որուն ապագան այնքան մշուշոտ է իրեն համար եւ որուն օգտակարութիւնը չի տեսներ:
«Կրնայի ըսել, թէ քանի մը պատմագիտական ուսումնասիրութեանց համար հայերէնը օգտակար եղաւ, ոմանք իբրեւ աղբիւր կարդալու: Զոր օրինակ, Զմիւռնիոյ հայերուն մասին գրելու համար թերեւս ճիշդ էր հայերէն որոշ չափով գիտնալ: Բայց ատ ալ բաւարար պիտի չըլլար հայերէնին տեղ մը ընծայելու համար ներքին կեանքիս մէջ», կը շարունակէ Էրվէն:
Իր երկու թարգմանութիւններուն համար կ՛ըսէ.
«Այս երկու գրական օրինակներով յուսամ որ ձեզ եւ ինքզինքս կրցայ համոզել, որ հայերէնով զբաղիլս պարապ ժամանակի զբաղմունք չէր»:
«Կենդանի մշակոյթ մը մեքենաբար չ ապրիր: Անսպասելի տեսանկիւնի փոփոխութիւններ պէտք է արտադրէ ան, որպէսզի աշխոյժ մարդիկ իրմէ վերջնականօրէն չհեռանան » (ընդգծումըՙ մեզմէ):
«Տեսանկիւնի անսպասելի փոփոխութիւններ». ասիկա որոշ գաղափար մը կրնայ տալ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել միջազգային ասպարէզի վրայ վերագրաւելու համար հետաքրքրութիւնը մեր լեզուին հանդէպ, բայց մանաւանդ համոզիչ խթաններ տրամադրելու գոնէ մե՛ր աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք պահ մը կը մտածեն հայերէն սորվիլ:
27 .02.2017