2014-էն ի վեր, արդէն չորս տարի է, որ Հայաստան ապաստանած սուրիահայերը զանազան տեսակի օգնութիւններ կը ստանան շարք մը բարեսիրական կազմակերպութիւններէ: Հաւանաբար այդ կազմակերպութիւնները չէին պատկերացներ, որ սուրիական պատերազմը այսքան երկար կրնայ տեւել, թերեւս հաշիւ ըրած էին, որ մէկ-երկու տարիէն հարցերը կը լուծուին, կա՛մ պատերազմը վերջ կը գտնէ, կա՛մ ալ ապաստանեալները ի վիճակի կ՛ըլլան անկախանալու եւ ինքնաբաւ դառնալու, որուն հետեւանքով բարեսիրական օժանդակութեանց հոսքը կը դադրի:
Սակայն, ինչպէս կ՛ըսենՙ «տան հաշիւը շուկային չբռնեց»: Պատերազմը դեռ աւարտելու հեռանկար չունի, ոչ ալ նպաստընկալները հաստատուեցան եւ ինքնաբաւ դարձան: Այնպէս որ օժանդակութիւնները պէտք է շարունակուին:
«Պէտք է» ըսելը դիւրին է, սակայն այդ կազմակերպութիւններն ալ նախօրօք գծուած իրենց նպաստի սահմաններն ունին, ճիշդ ատոր համար ալ վերջերս, որոշ կազմակերպութիւններու օժանդակութեանց հոսքը դանդաղեցաւ, նոյնիսկՙ կասեցաւ:
Այդ կազմակերպութիւնները, որոնք միջազգային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն են, կամՙ անկախ են, բայց անոնց օժանդակութիւնը կը վայելեն, հիմա նեղ կացութեան մէջ են. նախատեսուած պիւտճէն սպառած է, նոր պիւտճէի համար լուրջ ուսումնասիրութիւն պէտք է, հապա՞ եթէ պատերազմը դեռ մէկ, երկու, կամ հինգ-տաս տարի երկարի… Հապա՞ եթէ Հայաստանի տնտեսական կացութիւնը չբարելաւուի եւ նպաստընկալները ինքնաբաւ դառնալու հնարաւորութիւն չունենան…
Գաղտնիք չէ, որ այդ բաշխուած նպաստէն օգտուեցան նաեւ ունեւորներ… սակայն մեծամասնութիւն մը տակաւին կարիքաւոր է ու ելք կը փնտռէ: Որքան ալ պատմաբան տիար Աշոտ Մելքոնեանը կոչ ընէ սուրիահայերուն չգաղթելու, ըսելովՙ «Շվեդիայի գաղթակայաններում ապրելը միթէ՞ աւելի նախընտրելի է, քան հայրենիքում 50, 100, կամ 150 հազար դրամով ապրելը, ինչպէս ապրում են ՀՀ միւս քաղաքացիները…», ըսածը տեղ չի հասնիր այնքան ատեն որ հեռու է իրականութենէ, մարդիկ այդ յիշուած գումարով տան վարձք իսկ չեն կրնար ապահովել, ո՞ւր մնաց ապրիլ եւ վայելել հայրենիքի բարիքները:
«Հարուածները համրողը ծեծուողին նման չէ»: Դիւրին է հայրենասիրութեան կոչեր ընել ու խրատներ բաշխել: Հետաքրքրականը այն է, որ միշտ սուրիահայերն են խնդրոյ առարկայ քաւութեան նոխազները: Տեղացին որ տուն-տեղ ունի, տան վարձք չունի, ինչո՞ւ կը գաղթէ: Անոր հայրենասիրութիւնը կասկածի տակ չ՛առնուիր, բայց սուրիահայունը կ՛առնուի, որուն «շռայլուած է» Հայաստանեան անցագիրը, որը կը թափուի, երբ Եւրոպա հասնի, իսկ բազմահազար հայաստանցիներ, որոնք Ռուսաստանի քաղաքացիութիւն ունենալու սիրոյն դիմում կը ներկայացնեն հրաժարելու իրենց հայաստանեան հպատակութենէ՞ն, անոնց ըրածը որքա՞ն արդարացի է: Երկու չափ, երկու կշիռ պէտք չէ գործածուի այս հարցին մէջ: Արդար ըլլանք:
Ինչո՞ւ չեն յիշուիր այն սուրիահայերը, որոնք կարողութիւն ունեցած են բնակարան գնելու, գործ ձեռնարկելու եւ վերջնականապէս հաստատուելու: Եթէ պիտի խօսուի այս հարցին մասին, լաւ կ՛ըլլայ մետալին երկու երեսներն ալ կարդացուին, թէ չէ դիւրին է քննադատութիւն տեղացնել, առանց այն ալ շփոթ ու անորոշ կացութեան մէջ յայտնուած սուրիահայութեան գլխուն: