Խմբագրական «Պայքար» շաբաթաթերթի
Երբ ազգովին կը պատրաստուինք 2018 թուին նշելու մեր առաջին հանրապետութեան հարիւրամեակը, երբեմն ակամայ, եւ յաճախՙ կամովին կը փորձենք մոռացութեան տալ մեր Երկրորդ հանրապետութիւնըՙ Խորհրդային Հայաստանը, որ անխուսափելիօրէն մաս կը կազմէ մեր պատմութեան, իբրեւ շղթայի օղակներէն մէկը մեր պետականութեան:
Եթէ ուզենք գեր-ազգայնական շունչով խօսիլ մեր երեք յաջորդական հանրապետութեանց ծննդաբանութեան մասինՙ մեր կուրծքերը ուռեցնելով պիտի յայտարարենք, թէ երեք հանրապետութիւններէն մեր նախընտրածը ծնունդ առած է իբրեւ հետեւանք հայ ժողովուրդի աննկուն պայքարին. սակայն հիմա որ կիրքերը հանդարտած պէտք է ըլլանՙ պատմութիւնը առարկայականօրէն սերտելու, պիտի ընդունինք, որ երեք հանրապետութիւններն ալ ստեղծուած են աշխարհաքաղաքական հսկայ իրադարձութեանց հոլովոյթին իբրեւ հետեւանք:
Այդ ճանաչումը երբեք չ՛արժեզրկեր այն հերոսական մարտերը, զորս մեր ժողովուրդը մղած է տարբեր ժամանակներունՙ Զէյթունէնՙ Շապին Գարահիսար, Հաճընէնՙ Ղարաքիլիսա, Վանէնՙ Սարդարապատ:
Մեր երեք հանրապետութիւններէն ամենէն երկարակեացը Խորհրդային Հայաստանն էր, որ իր գոյութեան 70 տարիներուն ընթացքին խորապէս ձեւակերպեց մեր մշակոյթը, մեր գիտական միտքը եւ մեր ինքնավարութեան վարժութիւնը:
Թէ ո՞րքան անկախ էր Խորհրդային Հայաստանըՙ չափանիշ մը չէ անոր լաւ կամ վատ ըլլալու իրականութեան: Որքան ալ ուզենք ազատ անկախ դառնալՙ մեր վեց դարու պետականազուրկ կեցութիւնը մեր մէջ թուլացուցած էր ինքնակառավարման փորձն ու հետաքրքրութիւնը: Անոր փաստերէն մէկն ալ այն է, որ մենք չկարողացանք պահել Առաջին Հանրապետութիւնը, նախ մեր ներքին անմիաբանութեան պատճառով ու նաեւՙ արտաքին քաղաքական իրադարձութեանց հետեւանքով: Այսօր, այնքան ռոմանթիկ պատկերացում մը ստեղծած ենք Առաջին Հանրապետութեան մասին, որ մոռացութեան կու տանք անոր երկրորդ տարուան անազատութիւնները, կամայականութիւնները, կառավարման սիրողական մակարդակը եւ կարճ շրջան մը ետք` միակուսակցական մենատիրութիւնը:
Նոյեմբեր 29-ին գոյութեան կոչուած Խորհրդային Հայաստանը, հակառակ մեր ժողովուրդի կամքին պետականութիւն սորվելու փորձադաշտ մը եղաւ: Աւետիս Ահարոնեան, Իտալիոյ մէջ Մովսէսի արձանին առջեւ կանգնածՙ իր հիացումը կը յայտնէր Մովսէսի առաքելութեան մասին ու կ՛ըսէր, թէ հակառակ իր ժողովուրդի կամքինՙ ան դէպի Աւետեաց Երկիր առաջնորդեց իր ժողովուրդըՙ բան մը որ մեր ալ առաքելութիւնն է, առաքելութիւնըՙ յեղափոխականներուս:
Բացի պետականութեան վարժուելու փորձէնՙ Խորհրդային Հայաստանը կամաւոր ու պարտադիր ազգահաւաքի կռուան մը դարձաւ. կամաւորՙ այն իմաստով որ հայեր կամովին ներգաղթեցին դէպի մեր Աւետեաց Երկիրը, եւ ակամայՙ այն իմաստով որ խորհրդային իշխանութիւնները արգիլած էին հայրենալքումը, որ ինքնաբերաբար սատարեց մեր ազգային թուաքանակի աճումին: Այսօր մեր երկիրը ազատութիւն ձեռք ձգած էՙ չենք կարողացած այդ ազատութիւնը օգտագործել այլապէս, քան զայն ծառայեցնելով միայն հայրենալքումի տխուր երեւոյթին:
Խորհրդային Հայաստանի ամենէն հայրենասէր պետական դէմքերէն Կարէն Դեմիրճեանի դիպուկ խօսքը լաւագոյնս կը բնութագրէ ազատութեան հետ վարուելու մեր անփորձութիւնը: «Եթէ ազատութիւն պոռալով ձեր փափաքը լոյսերը անջատել էրՙ ըսէիք մեզի, եւ մենք ալ կրնայինք այդ լոյսերը անջատել»:
Հակառակ մեզի դէմ եղած ամբաստանութիւններունՙ մենք ջատագովողը չենք եղած խորհրդային դրութեան, այլ միայն կողմնակիցը եղած ենք մեր ժողովուրդի հոգեւոր միութեան: Խորհրդային դրութիւնը կեղծ Աւետարանի մը դաւանանքին վրայ հիմնուած զարհուրելի վարչաձեւ մըն էր: Ահաւոր էին Ստալինեան աքսորները, սպաննութիւններն ու սարսափները: Մարդիկ կ՛ուզէին անպայման ՌԱԿ-ը պիտակել իբրեւ այդ յոռի վարչաձեւին կամակատարը, անտեսելով այն աշխատանքը, որ ան կը տանէր Հայաստանի ստեղծագործ միտքին արգասիքները մատուցանել սփիւռքի հայութեան:
Սակայն, այդ սարսափի դարաշրջանին հեռանալէն ետք պարզուեցաւ, թէ որո՞նք էին խորհրդային գաղտնի գործակալութեան (KGB) ծառայողները: Արդարեւ KGB-ի նախկին զօրավարներէն Օլէկ Քալուկինի գաղտնազերծումներէն պարզուեցաւ, որ Դաշնակցութեան պարագլուխներէն ամենէն կատաղի հակասովետ կարծուած երկու ղեկավարներ, յանձինս Հրայր Մարուխեանի եւ Էդիկ Յովհաննիսեանի, այդ միեւնոյն վարչակարգին գործակալութեան մէջ էին:
Մօտ երկու տարիէնՙ 2020 թուականին պիտի ամբողջանայ նաեւ Խորհրդային Հայաստանի հարիւրամեակը: Հիմա որ Ցուրտ պատերազմի հովերը մեղմացած են, յատկապէս քաղաքական ու գաղափարական բնագաւառներէն ներս, մենք կրնանք առարկայական գնահատանքը ընել Խորհրդային Հայաստանին, առանց բոլշեւիկեան գործակալ պիտակուելու զգուշութեան:
Հակառակ արիւնալի վարչակարգի ճնշիչ մթնոլորտինՙ հայուն հանճարը գտաւ այնտեղ համեմատական խաղաղութիւնըՙ յառաջապահ գիտութիւն ստեղծելու, իր Վիքթոր Համբարձումեանով, Ալիխանեան եղբայրներով եւ Գրիգոր Գուրզադեանով տիեզերքը ուսումնասիրելու եւ հայրենի գիտութեան մասը դարձնելու: Թամանեանով չքնաղ մայրաքաղաք մը ստեղծելու, Խաչատուրեանով մեր տոհմիկ երաժշտութիւնը համաշխարհային համերգասրահներու զարդը դարձնելու, Սարեանով աշխարհի թանգարանները ճոխացնելու, Աճառեանով, Մանանդեանով, Մալխասեանով, Արարատ Ղարիպեանով եւ Գեւորգ Ջահուկեանով լեզուագիտութեան ու պատմագիտութեան հիմքերը ամրագրելու: Չարենցով, Շիրազով, Մաթեւոսեանով, Կապուտիկեանով, Պարոյր Սեւակով, Գէորգ Էմինով համաշխարհային մակարդակով գրականութիւն ստեղծելու:
Գալով սովորական քաղաքացիներու կեանքինՙ կայունութիւն մը ստեղծուած էր – աշխատանքի, վարձատրութեան, հանգիստի, բժշկութեան ու կրթութեան նախատեսելի մակարդակ մը գոյացած էր:
Այսօր, Հայաստանի ամէն մէկ բնակիչի մտահոգութիւնը այն է, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ իր զաւակներուն ապագան. ի՞նչ կը խոստանայ անկախ Հայաստանը անոնց, բացի անորոշութենէ: Խորհրդային շրջանին շատ էին անարդարութիւնները, բայց նաեւՙ տեղ հասնելու հնարաւորութիւնները: Տաղանդաւոր գիտնականը, գրողը, երաժիշտը, տնտեսագէտը անպայման ունէր հեռանկար մը Հայաստանի մէջ եւ անկէ անդինՙ ամբողջ Խորհրդային Միութեան մէջ, ուրկէ ոստում ընելը դէպի համաշխարհային բեմ իրական հնարաւորութիւն մը կը մնար:
Մարդիկ հակամէտ են վատը մոռնալու եւ լաւը յիշելու: Սակայն, ո՛չ, խորհրդային կարգերու բարբարոսութիւնը մոռցուելիք չէ եւ պէտք չէ մոռնալ, որպէսզի մարդկութիւնը անգամ մը եւս չմատնուի այդ փորձութեան:
Սակայն, արդար է որ յիշուին խորհրդային շրջանի իրագործումները եւ անով բնութագրուի Երկրորդ Հանրապետութիւնը եւ ոչ թէ հակադրութիւններու մակարդակով:
Եթէ Կարէն Դեմիրճեան ողջ ըլլար հաւանաբար ըսէր. «Առէք ձեր անկախութիւնը եւ մեզի տուէք մեր ոսկեդարը»: