Խմբագրական «Պայքար» շաբաթահանդեսի
Ամերիկայի նախագահը` Դանըլդ Թրամփ, աննախատեսելիօրէն նախատեսելի է իր ըրածներուն ու խօսածներուն մէջ։ Այն ինչ որ կը կարծուի թէ դիւանագիտօրէն անկարելի է` պատրաստ է ան ընելու եւ գոհանալու իր ստեղծած հակազդեցութիւններով։ Ան միակողմանիօրէն որոշեց հրաժարիլ կենսոլորտի պահպանութեան Փարիզեան դաշնագրէն, ահաբեկելով միեւնոյն դաշնագրին մասնակից այլ երկիրներն ու գիտական աշխարհը, որոնք մտահոգուած են երկրագունդին սպառնացող կենսոլորտային վտանգներով։ Միեւնոյն քաջագործութեամբ ջնջեց Խաղաղական ովկիանիոսի շրջանի առեւտրական դաշինքը։
Գալով Երուսաղէմի ճակատագրին` աւելի քան կէս դարէ ի վեր Ամերիկայի իւրաքանչիւր նախագահական թեկնածու խոստումներ կու տար իր ընտրողներուն իրագործելու զայն, յաջողութենէ վերջ ապաւինելով քաղաքական փրկութեան մեքանիզմներուն սքողելու իր խոստումնադրժումը։
Արեւելեան Երուսաղէմը 1967էն ի վեր գրաւուած է Իսրայէլի կողմէ, որ 1980-ին միակողմանիօրէն միացուց Արեւմտեան Երուսաղէմին զայն հռչակելով Իսրայէլի «անբաժանելի մայրաքաղաքը»։ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, իր կարգին, 1980-ին ընդունած է թիւ 478 բանաձեւը` անվաւեր ճանչնալով այդ որոշումը։ Բոլոր պետութիւնները, ներառեալ Ամերիկան, այդ բանաձեւի հիման վրայ իբրեւ Իսրայէլի պետութեան մայրաքաղաք կը ճանչնան Թէլ Աւիվը։ Քաղաքական աշխարհի բացատրութիւնը այս վերաբերումին նկատմամբ այն է, որ պաղեստինցիները, իրենց կարգին, որոշած են իրենց մայրաքաղաքը հռչակել Արեւելեան Երուսաղէմը` երբ «երկու պետութեան» սկզբունքով լուծում մը գտնուի Իսրայէլ-Պաղեստին խնդրին։
Ամերիկեան Քոնկրէսը տեղի տալով իսրայէլեան ճնշումներուն 1995-ին որդեգրած է Երուսաղէմի Դեսպանատան Աքթը (Jerusalem EmbassyAct), սակայն, պահպանելու համար իր «անաչառ միջնորդ»ի հանգամանքը Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներու միջեւ, որդեգրած է նաեւ քաղաքական հնարք մը` անմիջական գործադրութեան չդնելու համար որոշմնագիրը։ Այդ հնարքը Քոնկրէսին կողմէ նախագահին տրուած լիազօրութիւնն է ամէն վեց ամիսը անգամ մը նախագահական որոշում մը (waiver) ստորագրելով յետաձգելու դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելու գործնական արարքը։ Ճիշդ այնպէս, ինչպէս ամերիկեան Քոնկրէսը ընդունած է Freedom SupportActի 907 հատուածը Ատրպէյճանին զէնք չվաճառելու մասին, սակայն նոյն ատեն նախագահին ալ լիազօրութիւն տրուած է նախագահական որոշմնագիր մը ստորագրելով շրջանցելու ընդունուած օրէնքը։
Այս կերպով նախագահ Թրամփի պայթեցուցած ռումբը իրականութեան մէջ աւելի աղմուկ էր, քան անմիջական հետեւանքներ ունեցող արարք մը։ Եւ այս` պատրաստելու համար հանրային կարծիքը, կատարուած իրողութեան առջեւ դնելու քաղաքական աշխարհը։ Ի վերջոյ Ամերիկա պիտի իրագործէ այն ինչ որ խոստացած է Իսրայէլին։ Սակայն, այս անգամ նախագահ Թրամփ ցուցական կերպով ստորագրելէ վերջ Երուսաղէմի որոշումը, անմիջապէս ստորագրած է նաեւ զայն յետաձգելու որոշումը վեց ամսուան համար եւ, շատ հաւանաբար, քանի մը անգամներ եւս ստորագրէ զայն յետաձգման ի խնդիր։
Ըստ Մարթին Ինտիքի, որ յօդուած մը ստորագրած էր Financial Timesի մէջ Երուսաղէմի հարցին շուրջ, Պրն. Թրամփի ցուցական արարքը ունեցած է նաեւ խորհրդանշական բնույթ։ Արդարեւ, որոշմնագրի ստորագրութեան պահին նախագահը իր կողքին ունեցած է փոխ նախագահ Մայք Փէնսը որ Ամերիկայի Աւետարանչականներու (Evangelical) ներկայացուցիչն է։ Պրն. Թրամփ իր նախընտրական արշաւին մէջ այդ հատուածին խոստացած էր ի վերջոյ Ամերիկայի դեսպանատան Երուսաղէմ փոխադրելու հարցը լուծել։
Ամերիկայի մէջ աւետարանակչականները ունին ընտրական ուժեղ զանգուած մը, որ իր քաղաքական դասերը կը քաղէ Աւետարանէն։ Մոլեռանդ այս քրիստոնեայ զանգուածը կը հաւատայ, որ ամբողջ Պաղեստինը Աստուծոյ պարգեւն է հրեաներուն։
Մարթին Ինտիք երկու անգամ ծառայած է իբրեւ Ամերիկայի դեսպան Իսրայէլի մէջ եւ բազմիցս մասնակցած է Իսրայէլ-Պաղեստին բանակցութեանց։ Միշտ կը կարծուէր թէ ան ամբողջութեամբ յանձնուած է Իսրայէլի քաղաքական դատին, սակայն իր անկախ վերլուծումները ցոյց կու տան, որ ան կրնայ նկատուիլ վերջին օրինական թուզի տերեւը փրկելու Ամերիկայի «Անաչառ միջնորդ»ի ամոթանքը։
Դանըլդ Թրամփի արարքը, աննախատեսելի ըլլալով հանդերձ լաւ հաշուարկուած էր։ Քաղաքականօրէն եւ ռազմականօրէն Միջին Արեւելքը առաւելաբար ազդեցութեանը ներքեւ է Ամերիկա-Իսրայէլ դաշինքին։ Հետեւաբար հակազդեցութիւնները նախատեսելի էին. պաղեստինցիները պիտի զայրանային եւ այրէին Իսրայէլի եւ Ամերիկայի դրօշները, Համասը Գազայէն քանի մը հրթիռներ պիտի արձակէր դէպի Իսրայէլ եւ աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներէն պիտի լսուէին դատապարտութեան կոչեր։ Սակայն քանի կացութիւնը Իսրայէլի ռազմական ոյժով զսպուած է` կարելի պիտի ըլլար վնասները զսպել (damage control)։ Նոյնիսկ Համասի պետին` Իսմայիլ Հանիայի կոչը նոր ինթիֆատա (ըմբոստութիւն) սկսելուՙ տեղ չհասաւ. անդին Իսրայէլ քանի մը պաղեստինցի ցուցարարներ սպաննեց եւ Համասի ազդեցիկ դէմքերէն Շէյխ Հասան Եուսէֆը ձերբակալեց։ Իսկ Մահմուտ Ապպաս, Պաղեստինեան իշխանութեան պետը իր չունեցած զինարանէն իր զէնքերը պարպեց հռչակելով, որ Ամերիկան չի կրնար միջնորդ նկատուիլ խնդրին։
Իսրայէլի վարչապետը հրապարակաւ երախտագիտութիւն յայտնեց Ամերիկայի եւ պրն. Թրամփին, որ «քաջարի» որոշումը առած էր։ Վերջին երկուքը յայտարարեցին նաեւ թէ Թրամփին որոշումը «խաղաղութեան սատարող» քայլ մըն էր։ Ամբողջ աշխարհ իրար անցընելէ ետք, ինչպէ՞ս կարելի է խաղաղութիւն սպասել` դուրս կը մնայ ոեւէ բանական անհատի հասկացողութենէն։
Աշխարհի տարբեր ցամաքամասերուն վրայ ծայր տուած բողոքի ալիքին հակազդելու համար` Նաթանիահու ձեռնարկեց ճամբորդութեան մը Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնէն եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու գերագոյն ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մակերինիէն կորզելու խոստումները` Թրամփի օրինակին հետեւելու։ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչին արտայայտութիւնը խորքին մէջ երկսայրի սուր մըն էր, մէկ կողմէ յորդորելով Նաթանիահուն որ վերսկսի «իմաստալից բանակցութեան մը` պաղեստինցիներուն հետ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ», իսկ միւս կողմէ դատապարտեց բոլոր այն յարձակումները, «որոնք ուղղուած են հրեաներուն դէմ ամբողջ աշխարհի մէջ», անտեսելով, անշուշտ, որ վերջին շրջանի յարձակումներէն աւելի պաղեստինցի զոհեր ինկան, քան հրեաներ։
Բացի տարբեր երկիրներէն արձակուած բողոքի ցոյցերէն եւ արտայայտութիւններէն` առաջին հաւաքական բողոքը եկաւ Արաբական Լիկայէն, որ Գահիրէի մէջ արտակարգ նիստ մը յատկացուց այս խնդրին համար։
Տակաւին փոթորիկը չէ կորսնցուցած իր թափը. բայց քանի հակազդեցութիւնները կը շարունակուին, մենք պարտաւոր ենք անդրադառնալու թէ ի՜նչ հետեւանքներ ունեցան եւ դեռ պիտի ունենան այս զարգացումները հայ կեանքին վրայ։
Առաջին առնչութիւնը, որուն պէտք է անդրադառնանք այն է, թէ Թուրքիան ի՞նչ շահեցաւ եւ ի՞նչ կորսնցուց այս փոթորկումներէն։
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի համար Թրամփի ստեղծած այս շարժումը ոսկեղէն առիթ մը հանդիսացաւ վերստին տիրանալ փորձելու իսլամական աշխարհի խօսնակի հանգամանքին. արդարեւ, Թուրքիա եւ Էրտողան վերջերս ամբաստանութեան տակ էին Եգիպտոսի մէջ պետական հարուած մը սարքելու յանցանքով։ Նոյնպէս Թուրքիան վարկ կորսնցուց` դիրքաւորուելով Քաթարի իշխանութեան հետ, վերջնոյն ճակատումին մէջ Արաբական ծոցի միւս երկիրներուն դէմ։
Հետեւաբար Էրտողան վերստին հագուեցաւ իսլամական աշխարհի փրկիչի քղամիտը, Պոլսոյ մէջ հրաւիրելով Իսլամական համագործակցութեան խորհուրդը դատապարտելու Թրամփի նախաձեռնութիւնը եւ ճակատելու Իսրայէլի վարչապետին հետ։ Այդ ժողովին ընթացքին Էրտողան մեղադրեց արաբական երկիրները, որոնք տկար հակադարձութիւն մը ցուցաբերած էին եւ սկսաւ քննադատել Իսրայէլն ու Նաթանիահուն։ Ճակատագրական հեգնանքը այն էր, որ մասնակից երկիրներէն ոմանք, գաղտագողի, ենթարկուելով Իսրայէլի եւ Ամերիկայի ճնշումներուն` ատամնաթափ ըրած էին պաղեստինցիները, զրկելով զանոնք քաղաքական եւ նիւթական նեցուկէ։
Իր ելոյթներէն մէկուն մէջ Էրտողան յայտարարեց. «Պաղեստինը անմեղ զոհն է, մինչ Իսրայէլ ահաբեկչական երկիր մըն է. մենք պիտի չթողունք Երուսաղէմը խնամքին պետութեան մը, որ երախաներ կը սպաննէ»։ Ուրիշ տեղ մը ան աւելցուցՙ իր մեսիայի թռիչքները առած. «Թուրքիան կարեւոր է իսլամական աշխարհի կայունութեան համար. եթէ Թուրքիան տկարանայ` Պաղեստինը, Երուսաղէմը, Սուրիան եւ Իրաքը պիտի կորսնցնեն իրենց յոյսը»։
Նաթանիահու միեւնոյն ուժգնութեամբ պատասխանեց Էրտողանին, ըսելով. «Ես սովորութիւն չունիմ բարոյական դասախօսութիւններ լսելու ղեկավարէ մը, որ քրտական գիւղեր կը ռմբակոծէ իր երկրին մէջ, որ լրագրողներ կը բանտարկէ եւ միջազգային պատժամիջոցներէն խուսափելով օգնութիւն կուտայ Իրանին»։
Այս թոհուբոհին մէջ դարձեալ քաղաքական շահարկումի տրուեցաւ Հայկական ցեղասպանութիւնը. արդարեւ իսրայէլեան Եէշ Աթիտ կուսակցութեան ղեկավարըՙ Եայիր Լափիտ յայտարարեց, թէ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ հաշտութիւնը քաղաքական սխալ մըն էր. ապա աւելցուց որ իր կուսակցութիւնը մօտ ատենէն օրինագիծ մը պիտի ներկայացնէ Իսրայէլեան քնըսեթին` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը. «Մէկը որ կ’ուրանայ հարիւր հազարաւոր երախաներու սպանութիւնը ցեղասպանութեան ընթացքին` չի կրնար մեզի բարոյական դասեր հրամցնել», ըսաւ պրն. Լափիտ։
Գալով հայկական ճակատին` անգամ մը եւս եկանք ցոյց տալու, որ անգլուխ եւ անկազմակերպ զանգուած մըն ենք, ուր մերթ գլուխներ կը ցցուին հեղինակութեան մանրուքներ շալկած, սակայն ամբողջ ազգը ներկայացնելու յաւակնութեամբ, առանց անդրադառնալու որ դուրսի աշխարհն ալ մեզ ճիշդ այդպէս կը տեսնէ ու կը դատէ իբրեւ մանրուք. այսինքնՙ զանգուած մըՙ որ չէ սորված մէկ հեղինակաւոր ձայնով խօսիլ եւ ազգային էական նպատակներ հետապնդել եւ իրագործել. 2015ին Վատիկանի մէջ երկձայն խօսեցանք, այս պարագային ալ սկսած ենք խօսիլ բազմաձայն։
Պարզ էր որ Երուսաղէմի հայոց միաբանութիւնը ուրիշ բան չէր կրնար ընել բացի միանալէ այլ կրօնապետերու բողոքին. ի վերջոյ Երուսաղէմի հայկական իրաւունքներուն ճակատագիրն է խնդրոյ առարկայ. սակայն ափսոս որ համազգային տարողութեամբ հեղինակութիւն մը հակակշիռ չունի այնտեղ։
Չենք գիտեր թէ համադրութիւն մը գոյութիւն ունէ՞ր Մայր աթոռի եւ Հայկական պետութեան միջեւ, որ երկուքն ալ զգոյշ արտայայտութիւններ ունեցան. Մայր աթոռը` հետեւելով դէպքերու զարգացման եւ մտահոգուելով հայկական իրաւունքներով, իսկ արտաքին գործոց նախարար պրն. Էտուարտ Նալպանտեանՙ մաղթելով որ բանակցութեամբ խաղաղութիւն հաստատուի այդ աշխարհամասին մէջ։
Ի դէպ, բացի այն իրողութենէն, որ Հայկական պետութիւնը ոչ մէկ օրինական հեղինակութիւն ունի Երուսաղէմի մէջ, Երեւանի իշխանութիւնները մշակելու վրայ են բարեկամական յարաբերութիւններ Իսրայէլի հետ, հակակշիռ մը ունենալու Իսրայէլ-Ատրպէյճան գործակցութեան մէջ։
Ըստ սովորականին` ամենէն վճռական յայտարարութիւնը իմացուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսէն. սակայն արաբական այդ աշխարհամասէն լսուող բողոքները ոչ կը հասնին Իսրայէլ, ոչ ալ` Ամերիկա։
Նախագահ Թրամփի արձակած ռումբը ցնցեց քաղաքական աշխարհը, քիչ մըն ալ ցնցեց հայաշխարհը, սակայն ան դեռ շատ հեռու կը մնայ լուծելէ արաբ-իսրայէլեան շուրջ հարիւրամեայ թնճուկը։