Յայտնի եղաւ, թէ որոնք են Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի յաջորդ թեկնածուները: Հիւսիսային եւ հարաւային Քորէաներու նախագահներուն սիրալիր ձեռքսեղմումներն ու Քորէական թերակղզիի մէջ վերջնական խաղաղութեան հաստատման որոշումը պատմական իրադարձութիւն եղաւ, որուն նախապատրաստման մասին ոչինչ գիտէր աշխարհը:
Շշմեցուցիչ էր անակնկալը, զոր ուրախութեամբ դիմաւորուեցաւ աշխարհի շատ մը երկիրներու կողմէ, մինչ քօղարկուած վերապահութեամբ ուրիշներուՙ յատկապէս ԱՄՆ-ի:
Աշխարհի հեռաւոր մէկ ծայրը գտնուող այս փոքր թերակղզին վեց ու կէս տասնամեակէ ի վեր հակամարտութեան թէժ կէտ է իր երկու մասերովՙ հիւսիսային եւ հարաւային, որովհետեւ անոնցմէ մին ծայրայեղ համայնավարական է, իսկ միւսըՙ ծայրայեղ դրամատիրական:
Կը յիշեմ, մանկութեան օրերուս, յիսնական թուականներու սկիզբը, մեր տան պատին հայրս քարտէս մը փակցուցած էր: Երբ հարցուցած էի, ըսած էր, որ Քորէայի քարտէսն է: Թէ ի՞նչն էր մղած հայրս որ այդ քարտէսը կախէ, չեմ գիտեր, երեւի այդ օրերուն Քորէական պատերազմը աշխարհի կիզակէտն էր:
Ամէն անգամ որ Քիմ Յոնկ Ընը տեսնէինք իր տարօրինակ սանտրուածքով ու Ամերիկայի հասցէին տեղացուցած սպառնալիքներով եւ միջուկային հրթիռներու փորձարկումներու խորապատկերին, մենք զմեզ խենթի մը դիմաց կը կարծէինք, որ մէկ օրէն միւսը կրնար աշխարհի գլխուն պատուհաս դառնալ: Ամերիկայի նման հզօր պետութիւն մը շատ լուրջ կերպով ցնցուեցաւ, ցնցումը նաեւ համաշխարհային տարողութիւն ստացաւ, երբ մարդը ականջ չկախելով ազդարարութեանց ու սպառնալիքներուն, շարունակեց իր փորձերը:
Ու պատահեցաւ անակնկալը, խենթ կարծուածը այնպիսի քայլ մը առաւ, որ երազային կը թուէր, խաղաղութեան կոչ ըրաւ ու իր թշնամիին ձեռքը սեղմելով, յանուն խաղաղութեան վերահաստատման, միջուկային զինաթափման համաձայնագիր ստորագրեց եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց Թրամփին հետ հանդիպելու:
Ամերիկան, որ աջ ու ձախ սպառնալիք կը տեղացնէ ու գաւազանը ձեռքին, ասոր-անոր պատիժներ կը սահմանէ, չկրցաւ վախցնել Ընը, որ իր ամենահզօր հրթիռները յաջողութեամբ փորձարկելէն ետք, պատրաստ եղաւ ոյժի դիրքէն խօսիլ իր ախոյեանին հետ:
Աշխարհի ամենահզօր պետութիւնը զիջեցաւ սեղանի շուրջ նստիլ աշխարհի փոքրագոյն պետութիւններէն մէկուն հետ: Սովորական պայմաններուն մէջ, մարդիկ բարենիշ պիտի տային Ամերիկային այս քայլին համար, սակայն այս պարագային, երբ ԱՄՆ շատ չխանդավառուելով այս մերձեցումով, ձեւով մը պարտադրուեցաւ զիջում կատարել, չեմ կարծեր որ որեւէ բարենիշի արժանանայ, նոյնիսկ եթէ հանդիպումէն ետք ձեւը գտնէ թմբկահարելու իր «յաջողութիւնը», Ամերիկայի վարկը բարձր պահելու միտումով, ինչպէս սովոր է ընել, իր քաղաքական եւ ռազմական ձախողանքները շպարելով եւ կեղծ յաղթանակներու գովքը ընելով, վկայՙ Վիեթնամը, Իրաքը, Աֆղանիստանը, նոյնիսկՙ Սուրիան:
Ամերիկայի ղեկավարներուն վարպետութիւնն է այս մէկըՙ իր պարտութիւններուն յաղթանակի շապիկ հագցնելով, յաճախ իսկականը ֆիլմերու հետ շփոթելով, որոնց մէջ միշտ անպարտելի են ամերիկացի «ռամպօ»ները:
Թող երկու Քորէաներու ղեկավարները իսկապէս արժանանան Նոպէլեան մրցանակի եւ թող անոնց վերջնական միացումի ճամբան բացուի, միայն թէ Թրամփը չխոչընդոտէ, նոյնիսկ, եթէ այս թշնամի երկիրներու հաշտութեան պատճառով շատ բան վնասէ, քանի որ Ամերիկան վարժուած է սնանիլ փոքր պետութիւններու հակամարտութիւններուն ստեղծած շահութաբեր աղբիւրներէն: