Կ՛ըսեն թէ թատրոնը սկսած է հին Յունաստանի տաճարներէն, ուր, յատուկ զգեստաւորումով, բարձրադիր հարթակի մը վրայ կանգնած քրմապետը, չաստուածներուն զոհամատոյցի ատեն, վերամբարձ ձեռքերով ու տարօրինակ շարժումներով աղօթք կը յղէր առ դից, իսկ խուռներամ բազմութիւնը խիստ տպաւորուած, ծնկաչոք կը մասնակցեր արարողութեան…
Հաւանաբար յոյներէն առաջ հին Եգիպտոսի մէջ ալ այդ ձեւի եղած են ծիսակատարութիւնները, հաւանաբար այլ տեղեր ալ, սակայն Յունաստանը յատկապէս կը յիշուի, քանի որ մեհեաններէն եւ քուրմերէն ընդօրինակուած շարժումներով, նախՙ կրօնական թեմաներով, աւելի ուշՙ հասարակական- ժողովրդային թեմաներով ներկայացումներ ցուցադրելով, հիմը դրած են համաշխարհային թատրոնին, եւ Էսքիլես, Եւրիբիտես ու Սոֆոկլես դարձած են անոր առաջին ռահվիրաները:
Այսօր, 2500 տարի ետք, ի՞նչ փոխուած է. գրեթէ ոչինչ: Երկուքուկէս հազարամեակ ետք, երբ աշխարհը գլխիվայր շրջեցաւ ու անհաշուելի զարգացումներու ու փոփոխութեանց բեմ դարձաւ, այսօր ալ եկեղեցիներուն բեմերէն թատերական շարժումներով, դերակատար-կղերականներ յատուկ հանդերձաւորումով կը կատարեն արարողութիւնները: Զարմանալի է չէ՞: Այսինքն մարդկային զարգացման ու գիտութեան գլխապտոյտ պատճառող աննկարագրելի յառաջընթացը ոչինչ է փոխած ժառանգուած ծիսակատարութենէն:
Եկեղեցին բանի տեղ չէ դրած իր շուրջ պատահած փոփոխութիւնները եւ իր գիտցած ձեւով շարունակած է ու ժառանգը ձեռքէ ձեռք անցընելով հասած է քսանմէկերորդ դար:
Ես եկեղեցասէր եմ, կը յարգեմ նաեւ կղերականներու կարգը, երբեմն նաեւ անոնց անձը, երբ կարգն ու անձը զիրար չեն խաչաձեւեր: Գիտեմ որ մեր եկեղեցին կենսական դեր կատարած է պատմութեան ընթացքին ազգին պահապան դառնալով ու տիրութիւն ընելով, յատկապէս պետական իշխանութեան բացակայութեան, սակայն չեմ կրցած եւ մինչեւ օրս ալ չեմ կրնար մարսել եկեղեցականներուն տրուած պատուանունները, որոնց նմանը նոյնիսկ թագաւորներն ու պետութեանց ղեկավարները չունին:
Պետական այրերը շատ շատ «Նորին Վսեմութիւն» են, «Վսեմաշուք», կամ «Վսեմափայլ», «Մեծայարգ» են, կամ «Յարգարժան» եւայլն, մինչ մեր եկեղեցական դասուն մէջ ամենահամեստ քահանան իսկ «Արժանապատիւ» է, երբ անոնցմէ շատեր մղոններով հեռու են արժանապատուութենէ:
Առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցականներուն «Հոգեշնորհ, Գերաշնորհ, Գերապայծառ, Գերերջանիկ, Վեհափառ…» տիտղոսները, որպէս իրենց անունին նախադրեալներ, երբեմն բնաւ յարիր չեն զանոնք կրողի անձին ու նկարագրին, մասնաւորաբար երբ որոշ կղերներու «Հայր սուրբ»ով, կամ «Սրբազան հայր»ով կը դիմենք: Սուրբ ու սրբազան… շատ չեղա՞ւ, մինչ Աւետարականները բաւարարուած են «Պատուելի»ով, շատ շատՙ «Վերապատուելի»ով:
Ո՞վ այս պատուանուն-ածականները շնորհած է եւ ի՞նչ նկատի ունենալով, ենթակային կա՞րգը միայն, թէ՞ անոր նկարագիրը, վարքն ու բարքը, ուսումը, զարգացումը, նուիրումը իր առաքելութեան… ի՞նչը: Եկեղեցականներ կան, որոնք բնաւ արժանի չեն այս կոչումներուն, իրենց ոչ մէկ բարեմասնութիւններով, ուրե՞մն… Այսքան աժա՞ն շնորհուելու են այս տիտղոսները: Եթէ կարգին համար է, ապաՙ կարեւոր է նկատել, որ կարգը արժեցնողը ենթական է, ոչ հակառակը, այսինքնՙ ոչ թէ ենթական արժեւորողը կարգը ըլլալու է: Ինծի համար նաեւ տարօրինակ է քահանային «Օրհնեա տէր»ով դիմելը, երբ կուսակրօն բոլոր կղերներունՙ ամենացածէն մինչեւ ամենաբարձրին «Աստուած օգնական» ով կը դիմենք, ինչ որ շատ ընդունելի եւ տրամաբանական ձեւ մըն է: Քահանան եկեղեցուոյ սպասաւոր մըն է, ոչ թէ սուրբ մը, որուն օրհնութեանը պէտք ունինք:
Իսկ գալով «Հայր Սուրբ»ին ու «Սրբազանին», զարմանքս ու ընդվզումս տեղին է: Եկեղեցին ինչ-ինչ պայմաններու տակ կը սրբացնէ անձ մը, որ իր կեանքի ընթացքին յանուն քրիստոնէութեան սխրանքներ կատարած է ու նահատակուած այդ ճամբուն վրայ: Հիմա, այս պատուանունը կրողները որքանո՞վ կ՛արդարացնեն իրենց «սրբութիւնը»:
Պատուանունները մէկ կողմ, մէյ մը նայեցէք, թէ ինչ ճոխ ու շռայլ զգեստաւորում ունին մեր եկեղեցականները, զգեստաւորում, որ այսօր նոյնիսկ թագաւորները չունին: Եթէ երկրի մը թագաւորը անհրաժեշտ չի նկատեր արքայական զգեստաւորումը, հապա ինչո՞ւ խորանին առջեւ տարատեսակ շքեղագոյն զգեստաւորումով, ոսկեգլուխ ու ակնակուռ գաւազաններով կը տեսնուին պատարագիչն ու իր օգնականները: Եթէ ժամանակին այդպէս տպաւորութիւն կը գործէին ժողովուրդին վրայ, հիմա որ դարեր անցած են, դեռ զգեստո՞վ տպաւորութիւն պիտի գործեն: Երեւի այո՛, յատկապէս որոշ պարագաներու, երբ քարոզիչին խօսքին մերկութիւնը զգեստը պիտի ծածկէ: Եւ մեր խեղճ, հաւատացեալները ամենայն երկիւղածութեամբ քահանային շուրջառն ու փիլոնը կը համբուրեն: Մարդիկը երեւի կը մոռնան, որ իրենց ՈՒՍՈՒՑԻՉԸՙ Յիսուս, որքան պարզ էր իր հագուածքին մէջ:
Նասրեդդին Հոճան եթէ ողջ ըլլար, շատ պիտի ծիծաղէր յիշելով դէպք մը, որ իրեն պատահած էր. օրին մէկը հարսանեկան խրախճանքի կը հրաւիրուի, կ՛երթայ իր ամենօրեայ զգեստներով ու սեղանին գլուխը ազատ աթոռի մը վրայ կը նստի: Քիչ ետք մէկը ներս կը մտնէ, տօնական զգեստ հագած, Հոճային անդին կը հրեն ու նորեկին տեղ կու տան, մի քանի վայրկեան ետք ուրիշ մը կու գայ եւ դարձեալ զինք անդին կը հրեն, եւ այսպէսՙ մինչեւ որ կը հասնի սեղանին ամենահեռաւոր ծայրը ու աթոռէն ելլելով վազելով տուն կ՛երթայ ու իր մուշտակ վերարկուն հագած կը վերադառնայ: Հազիւ ներս կը մտնէ, զինք կը նստեցնեն սեղանին գլուխը, երբ կերակուրներու ամանները սեղանին վրայ կը շարուին ու ամէն մարդ կը սկսի ուտել, ինք իր մուշտակին ծայրը ապուրին մէջ մխրճելով «Կե՛ր մուշտակս, կե՛ր, այս պատիւը քեզի համար է եղեր», կ՛ըսէ…
Մեր եկեղեցականներուն «դպնալը» թապու է, չէ՞ որ անոնք Աստուծոյ ներկայացուցիչներն են երկրի վրայ… Նախ իրենք թող գիտակցին իրենց կարգին ու առաքելութեան, ապա գործեն բաներ, զորս յաճախ մոռացութեան կը տրուին: Ասով հանդերձ, ժողովուրդը տկարութիւն մը ունի կղերականներու հանդէպ. Մարդիկ որքան ալ ծանօթ ըլլան ենթակային անընդունելի վարքին ու բարքին, զանոնք պատուելէ չեն թերանար ու յարգանքով կը վարուին անոնց հետ , ամէն տեղ առաջին շարքերու աթոռները վերապահելով անոնց, կամ անոնց «Ողջոյն »ը ընդունածՙ ոտքի կանգնելով ու աջահամբոյր կատարելով:
Արդար ըլլալու համար խոստովանիմ, որ ծանօթացած եմ իսկական եկեղեցականներու, իրենց անթերի վարքով ու բարքով, իրենց աստուածահաճոյ նուիրումով, սակայն դժբախտաբար անոնք մեծամասնութիւն չեն կազմեր:
Հայաստանի մէջ այնպիսի բաներ կը լսեմ այստեղի կարգ մը եկեղեցականներուն մասին, որ կը փշաքաղիմ: Ո՞ւր է այն պարտիզպանը, որ պարտէզի մոլախոտերը պիտի արմատախիլ ընէ ու վերականգնէ բուրաստանը:
Չէ՞ որ մեր եկեղեցին փակ կառոյց չէ, կը հաւատայ բարեկարգումի, այսինքն վերատեսութեան կ՛ենթարկէ ինքզինք ու սրբագրումի կամ փոփոխութեան կը դիմէ, երբ անոնց կարիքը զգացուի: Սակայն, արատաւորը ինչպէ՞ս իր սխալը պիտի ընդունի եւ ինքնասրբագրումի դիմէ: Երբ կրօնական կառոյցէն բարեկարգում ակնկալելն անիմաստ է, ուրեմն ժողովո՞ւրդը պէտք է ոտքի ելլէ:
Մեր եկեղեցին իր տասնեօթդարեայ հարուստ անցեալով, պատմութեամբ եւ աւանդոյթներով դարեր ճեղքած է ու հասած մեզի: Ոչ մէկը չմտածէ, որ իմ նպատակս քննադատել ու նսեմացնելն է անոր դերն ու առաքելութիւնը. իմ նպատակս բարի էՙ մեր եկեղեցին տեսնել նորօրեայ լոյսի տակ, աւելի կազմակերպ ու անթերի, հնացած կաղապարները փշրած, ոգին պահած, սակայն արտաքինը նորոգած:
Խմբ. կողմից.- Շատ պիտի ուզենայինք, որ մեր աշխատակիցն իր վերեւի հոդվածում անդրադարձած լիներ նաեւ հատկապես Սփյուռքում ընդունված անիմաստ եւ անմիտ մի այլ սովորությանՙ եկեղեցականների հանգամանքը, տիտղոսը, պաշտոնը մեծատառերով գրելու սովորության, ինչպեսՙ «Տեր Սարգիս Ավագ Քահանա», «Կիպրոսի Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայր», «Բարեջան Առաջնորդ Սուրբ Սարգիս Եկեղեցու», «Ծայրագույն Վարդապետ» կամՙ «Գերերջանիկ Սիմոն Արքեպիսկոպոս» եւլն: Ահա՛ սովորական մահկանացուներից տարբերվելու «աստվածատուր» մի այլ շնորհՙ ի վերուստ տրված… Հավանաբար այս մասին նույնպես գրելու առիթ կլինի առաջիկայում: