Կը մտածեմ յաճախ` շիրմաքարերը արդեօք որքանո՞վ կը յուշեն թաղուածին ինքնութեան մասին, ոչ անոր անուան, որ սովորաբար փորագրուած կ՛ըլլայ քարին վրայ, այլ անոր անձին, գործին, դիրքին, նկարագրին… Փարթամ ու շքեղ շիրմաքարերը հանգուցեալին մեծութեան արտացոլումն են, թէ՞ հարստութեան:
Մեր իւրայատուկ, անգնահատելի հարստութիւնը հանդիսացող խաչքարերու տեսքէն արդեօք կարելի՞ է գուշակել հանգուցեալին ինչ մարդ եղած ըլլալը: Աննման, գեղակերտ, ժանեականման նրբահիւս խաչքարերը որքանո՞վ կը բացայայտեն մեռեալին իսկութիւնը, արդեօ՞ք հայրենասէր, առաքինի, նուիրեալ ու սիրուած անձ մը եղած է, անոր համա՞ր է քարին շքեղութիւնը, թէ՞, օրինակ, անօրէն ու կեղեքիչ գիւղապետ մը եղած է, ու իր թողած հարստութեան արդիւնքն է այդ, կամ, նոյնիսկ, մարդը իր ողջութեան պատուիրած է ու պատրաստել տուած զայն:
Տարիներ առաջ այցելած եմ «Թոխմախ գէօլ» կոչուող գերեզմանատան քաղաքային պանթէոն ու հիացածՙ տեսնելով մեր մշակոյթի, գրականութեան ու գեղարուեստի, նոյնիսկ պետական անձնաւորութիւններու գերեզմանաքարերը, երբեմն շատ պարզ, երբեմն զուսպ շքեղութեամբ, սակայն երբեք ծայրայեղ շռայլութեամբ: Փոքր տարածքի մը մէջՙ Աճառեան, Դերենիկ Դեմիրջեան, Աղասի Խանջեան, Յարութիւն Կալենց, Մինաս, Գեղամ Սարեան, Արուս Ոսկանեան, Սարգիս Բաղդասարեան…բոլորը իրարու հարեւանութեամբ, բոլորին շիրմաքարերըՙ պարզին գեղեցկութեամբ:
Քանիցս այցելած եմ նաեւ Կոմիտասի անուան պանթէոնը, հոն տեսած եմ նաեւ ուրիշ մեծութիւններու ընտրանի մը, սակայն չեմ կրցած մտքովս կշռաչափել երկու գերեզմանատուներու բնակիչներուն «մեծութեանց» տարբերութիւնները եւ չեմ ալ գիտեր, թէ ո՞վ, կամ որո՞նք կ՛որոշեն թէ մեզմէ յաւէտ բաժնուած մեծութիւն մը ո՛ւր պէտք է թաղուի:
Վստահ եմ, որ պետական մակարդակի յատուկ յանձնախումբ մը գոյութիւն ունի այսպիսի որոշումներ առնելու համար: Վերջապէս, պատմութեան յանձնուելիք դիրքորոշում մըն է, ուր յաջորդող տարիներուն, գուցէ նաեւՙ դարերուն այցելուներ պիտի գան, դիտեն, ծաղիկներ զետեղեն, աղօթք մը մրմնջան ու… պիտի չզարմանա՞նՙ եթէ համեստ շիրմաքարով մեծութեան մը կողքին տեղ տրուած ըլլայ նաեւ շքեղագոյն շիրմաքարով անծանօթ «մեծութեան» մը, որուն մասին կարդացած պիտի չըլլան, ոչ իրենց դասագիրքերուն մէջ, ոչ ալ ներկայ եղած անոր նուիրուած յոբելեանական հանդիսութեան մը, ինչպէս սովոր են կատարելու յաջորդող սերունդները, եւ իրարու հարց պիտի տանՙ «Որո՞ւ գերեզմանն է այս» եւ պատասխան պիտի չստանան, քանի որ ժամանակը քշած-տարած կ՛ըլլայ կեղծ մեծութիւնները:
Ու դարձեալ կը խուժէ նոյն հարցումըՙ շիրմաքա՞րը կ՛արժեւորէ թաղուածը, թէ՞ հակառակը:
Երկրի մը մէջ չափանիշերու խախտումը պատուհաս կը դառնայ այդ երկրի գլխուն, ինչպէս յաճախ պատահած է մեր երկրին մէջ: Յաճախ մեծարուած են միջակութիւններ եւ մոռացութեան տրուած են իսկական մեծութիւններ:
Իսկական մեծութիւնները ժողովուրդի սիրտին մէջ կոթողուած կ՛ըլլան շիրմաքարէն առաջ: Իսկ միջակութիւններն ու անարժանները թեփի պէս հովը կը տանի, իսկ ցորենը տեղը կը մնայ, ինչպէս կ՛ըլլայ, երբ մշակը ցորենը կ՛երնէ:
Խաչիկ Դաշտենց, ինչ լաւ նկարագրեր է.
… «Ամէն բանի մէջ, ամէն ժամին
Քամին էրնում է ու յարդը տանում
Մեզ էլ էրնում է աշխարհի քամին,
Հարդը գնում է, ցորենն է մնում:»
Հիմա, սկսած է երնումի ու մաղումի գործընթացը. տեսնենք ով կը մնայ ու ով կը թռի: