Սենատոր Պոպ Մենենտէզ կը մեծարուի
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Նիւ Եորքի վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ միութեան 75-ամեակի փառաշուք հանդիսութիւնը շաբաթ, 15 հոկտեմբերին Նիւ Ճըրզիի Փարամուս քաղաքի «Տը Թերաս» շքեղ սրահին մէջ, ներկայութեամբ՛ հոծ բազմութեան որ ժամանած էր Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի շրջաններէն, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելոսէն, Տիթրոյթէն, Պոստոնէն, Ֆիլատելֆիայէն, Տալլասէն, Քենեթիքըթէն, Ուաշինկթընէն եւ Մոնթրէալէն:
Սոյն յոբելեանական տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբը ԹՄՄի Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութեան եւ ներկայութեամբ վարչութեան անդամներուն, գլխաւորութեամբ ատենապետ Երուանդ Ազատեանի:
Ձեռնարկին պատուոյ հիւրն էր հայ ազգի բարեկամ եւ ԱՄՆի Քոնկրէսի կողմէ ցեղասպաննութեան ճանաչման օրէնսդիր ծերակուտական Պոպ Մենենտէզը, որ իր ազնիւ տիկնոջ՝ Նատին Թապուրեան-Մենենտեզի ընկերակցութեամբ ներկայ ըլլալով մեծապէս նպաստեց ձեռնարկին բացառիկ յաջողութեան:
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինի բացումը կատարեց հանդիսավար Տիրան Ճեպեճեանը: Ան հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս ունկնդրելու Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմները: Ձեռնարկին ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան Ամերիկայի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, Հայկական Համագումարի եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական Ընկերակցութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ Արեւելեան թեմի փոխառաջնորդ Հայր Սիմէոն Օտապաշեանը, որ աղօթքով օրհնեց հանդիսութիւնը:
Ապա, հանդիսավարը հրաւիրեց ԹՄՄԻ Մեծագոյն Նիւ Եորքի վարչութեան ատենապետուհի եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հիլտա Յարութիւնեանը հակիրճ ձեւով ներկայացնելու ԹՄՄի աշխարհատարած 75ամեայ բեղուն գործունէութիւնը՝ մշակութային, ազգային եւ կրթական մարզերուն մէջ, նպաստելով հայապահպանման եւ հայակերտման առաքելութիւններուն:
Հանդիսավարը այնուհետեւ հրաւիրեց Նիւ Ճըրզի նահանգի ազգայիններէն յայտնի բարերար, «Նարեկացի» բարեսիրական միութեան հիմանադիրներէն Պրն. Սարօ Յարութիւնեանը, որ պաշտօնապէս ներկայացնէ օրուան մեծարեալը:
Պրն. Յարութիւնեան հմայիչ եւ հաղորդական ձեւով ներկայացուց Մենենտէզ մարդը, նուիրեալը, բարեսիրական եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան անձը: Հպարտութեամբ անդրադարձաւ իր մօտիկ բարեկամին՛քաղաքական հմուտ եւ անձնուէր գործունէութեան ամերիկեան քաղաքական կեանքին մէջ եւ յատկապէս անոր նուիրեալ ջանքերուն՝ Հայոց ցեղասպանութեան Քոնկրէսի կողմէ հովանաւորութեան եւ ճանաչման գործըթացի յաջողութեան:
Ապա՛ ներկաներու յոտնկայս եւ շռնդալից ծափահարութիւններով հրաւիրուեցաւ սենատոր Պոպ Մենենտէզը ստանալու ԹՄՄ-Ի կողմէ յատուկ պատրաստուած գնահատական յուշանուէրը՝ ձեռամբ ԹՄՄԻ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Երուանդ Ազատեանի: Նուիրուած գեղօրը արուեստի խորհրդանշական ստեղծագործութիւն մըն էր Մայքըլ Արամի կողմէ:
Մենենտէզ հայերէն լեզուով ողջունեց ներկաները, շնորհակութիւն յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Նիւ Եորքի վարչութեան, շեշտելով 75ամեայ անխոնջ գործունէութիւնը նուիրեալներուն, որոնք իրենց ծառայութեամբ նպաստեցին ազգային արժէքներուն պահպանման: Որպէս մարդկային իրաւունքներու պաշտպան՛ ան յուզումնախառն ոճով մը յայտնեց, որ անժամացելի եւ հրատապ է պաշտօնական ճանաչումը Հայոց ցեղասպաննութեան պատմական իրողութեան եւ Հայաստանի եւ աշխարհի հայատարած շրջաններու բնակչութեան ապահովութեան պաշտպանման:
Ան հպարտութեամբ յայտնեց, որ մեծ յաջողութեամբ ներկայացուցած է ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը զորս վեցերրորդ փորձէն ետք միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Քոնկրեսին կողմէ:
Ներկաները յոտնկայս ծափահառութեամբ գնահատեցին Պրն. Մենենտէզի հայանպաստ գործունէութիւնը:
Ոգեւորիչ էր մեծ թիւով ներկայութիւնը երիտասարդներու:
Պաշտօնական յայտագրի աւարտին ներկաները խանդավառեց Լոս Անճելոսէն յատուկ հրաւիրուած հանրածանօթ երգիչ Տիգրան Ասատրեան եւ իր նուագախումբը:
Սոյն շքեղ հանդիսութիւնը երկար ժամանակ պիտի մնայ մասնակիցներու յիշողութեան մէջ: Անոնք եկան ողջունելու եւ գնահատելու ԹՄՄ-ի մշակութային եւ կրթասիրական վաստակը եւ իրենց հետ տարին պատմակշիռ գաղափարական պատգամ մը Պոպ Մենենտէզի կողմէ: