Փոխաբերական
Նոր խոհարարը խոհանոց մտաւ հերոսի մը պէս, որ ճակատամարտէն կը վերադառնայ յաղթանակած, դափնեպսակը գլխուն: Նախկին խոհարարին եփածները սկսած էին չուտուիլ, քանի որ համտեսողները զգացին, որ շատ բաներ պակաս են ճաշին մէջ, յատկապէս միսը. եւ քանի որ խոհարարն էր խոհանոցին տէրն ու տիրականը, ժողովուրդը շատ արագ եզրակացուց, որ միսը պակաս է, քանի որ խոհարարը գող է, միսերը ինք կը գողնայ: Թէեւ իր աշխատակիցները ձայն չէին հաներ, նոյնիսկ շնորհակալութիւն կը յայտնէին անոր եփածներուն համար, սակայն կը զգային, որ անոր ճաշերը երթալով անհամ կը դառնան:
Այս տուեալներով զինուած՝ խոհանոց մտաւ նոր խոհարարը եւ առաջին իսկ վայրկեանէն սկսաւ բարեկարգումի իր աշխատանքներուն. նախ՝ պէտք էր խոհանոցի ամբողջ անձնակազմը փոխել. փոխե՛ց: Մարդ չգանգատեցաւ, բացի նախկիններէն, որոնք անգործ մնացեր էին:
Խոհանոցը որոշ վերանորոգումներու կարիք ունէր, ըրաւ պէտք եղածը, ապա անցաւ գործի: Անհրաժեշտ էր նախկին սպասքներն ալ փոխել. կարելի՞ էր հին կաթսային մէջ նոր ճաշեր պատրաստել. անկարելի էր: Փոխեց կաթսան, բերաւ նորը, փոխեց նաեւ տապակները, դանակներն ու դգալ-պատառաքաղները, եւ մեծ կարեւորութիւն տուաւ շերեփին, քանի որ շերեփով ճաշը խառնելը յատուկ վարպետութիւն կ՛ուզէ, խառնելու ձեւէն կախեալ է ճաշին համն ու հոտը:
Առաջին օրերուն ճաշարանի յաճախորդները մէծ ակնկալութեամբ սպասուած համեղ ճաշերը ախորժակով կերան, քանի որ նոր խոհարարը նոր ճաշերու ցանկ մը ունէր եւ այդ ճաշերն ալ լրիւ նոր բաղադրիչներով կը պատրաստէր: Հիմնական խոհագիրէն զատ, ամէն օր նորութիւն մը ունէր, կապուած խոհանոցին, անձնակազմին եւ ճաշը ուտողներուն: Իր ճաշերուն ձգած տպաւրութիւնը ստուգելու համար կը մօտենար ուտողներուն եւ անոնց կարծիքը կ՛առնէր: Կը պատահէր որ երբեմն անհամ, կամ թերի բան մը քննադատութեան ենթարկուէր. իր պատասխանը պատրաստ էր՝ յանցաւորները նախկիններն էին, որոնց հասցէին չէր վարաներ սուր դիտողութիւններ ընել:
Գիտէր որ ժողովուրդը երկար ատեն վարժուած է արեւելեան ճաշատեսակներու, արեւելեան համեմունքներու, սակայն շէֆը մէկ-մէկ արեւմտեան համեմներ ալ կը խառնէր, որպէսզի ժողովուրդը վարժուի այդ համերուն ալ:
Խոհանոցի նախկին շէֆէն զատ, միւս աշխատակիցներն ալ ատենը անգամ մը բաներ մը տուն տարած ըլլալնին լսած էր ու զիրենք պատասխանատուութեան կանչած: Ատոր համար շէֆը նոր աշխատակազմին խիստ ազդարարեց՝ գողնալ չկայ, կաշառք ստանալ չկայ. անոնց աշխատավարձերը բարձրացուց, որպէսզի այլեւս մէկուն մտքէն չանցնի գողութիւն ընել: Բարձրացուց աշխատավարձերը այն աստիճան, որ քաղաքի ակադեմականները, գիտնականները, բժիշկներն ու համալսարանի դասախօսները սկսան խոհանոցին շուրջ դառնալ, գործ փնտռելով:
Օրեր ու ամիսներ անցան, նոր շէֆին ճաշերը տարբեր էին նախկինէն ու նախկիններէն, սակայն համընդհանուր ծափահարութեան չարժանացան եփածները, քանի որ առաջին օրէն նախկին եւ նախկինին նախկինին ալ կողմնակիցները, մերժեցին այս մարդուն շինած ճաշերը, անդադար ճաշերուն մէջ թերութիւն մը գտնելով: Ինք, իր ըրածին ու եփածին վստահ՝ ականջ չկախեց բողոքներուն: Բողոքները ժամանակի ընթացքին շատցան եւ բողոքողները նոր շէֆ մը պահանջելով ոտքի ելան:
Օրերը կը թաւալէին, իր հռչակը երթալով պակսեցաւ, որովհետեւ սկսած էր օտար համեմունքներ շատ խառնել, մինչեւ որ ճաշերուն համը սկսաւ փոխուիլ: Ինք հաւատացած էր, որ համաշխարհային ճաշացուցակներուն հետ քայլ պահելով խոհանոցը արդիական կը դառնայ, սակայն ճաշող բազմութիւնը շատ համաձայն չէր, անոնք վարժ էին տոհմիկ ճաշերու եւ այդ կը պահանջէին: Կարծես այս բոլորը բաւարար չէին, կողքի խոհանոցներէն ալ ատենը անգամ մը անհամ խօսքեր կը լսէր, թէ այդ խոհանոցը ժամանակին իրենց նախահայրերուն պատկանած է, եւ օր մը պիտի վերատիրանան անոր: Ականջ չկախեց անոնց սպառնալիքներուն, վստահ էր, որ իր բարեկամները կ՛օգնեն: Չօգնեցին: Ու օր մըն ալ տեսաւ որ կաթսային մէջ իր շերեփին կողքին ուրիշ շերեփներ յայտնուեցան, իբր թէ եկած էին օգնութեան: Ճաշը սկսաւ աւելի անհամ դառնալ. զգաց որ այլեւս շարունակելը անիմաստ է. ձգէ երթա՞յ, այսքան փառք, պատիւ ու դիրք կը ձգուի՞: Ու մտաբերեց առածը՝ «Իշուն վրայ նստիլը մէկ ամօթ, իջնելը՝ երկու ամօթ»: Ու մնաց: Հիմա կը շարունակէ ճաշը խառնել քանի մը շերեփներու հետ միասին:
Աստուած օգնէ ուտողներուն:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ