ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՊԱՅՔԱՐ»Ի
Թաւշեայ յեղափոխութիւնը նոր հորիզոններ բացաւ Հայաստանի ժողովուրդին դիմաց. եթէ մեր ժողովուրդը կարենայ իմաստուն կերպով օգտագործել նոր իրականութեան ընծայած հնարաւորութիւնները` հայրենիքը կը դրուի իր վերականգնումի ճշմարիտ ուղիին վրայ։ Սակայն, ոմանք, գինովցած ժողովրդային յաղթանակի յաջողութիւններէնՙ կը զառածին աջ ու ահեակ. ոմանք` «Նոր Հայաստան` նոր կաթողիկոս» կը պոռան, ուրիշներ կը փորձեն ապակայունացնել ռազմական ղեկավարութիւնը Արցախի մէջ, իսկ աւելի ուրիշներ զբաղած են «բաց հասարակութեան» փերեզակութեամբ։ Քիչեր կ’անդրադառնան, որ թաւշեայ կամ երկաթեայ յեղափոխութեան ժամանակը հասած է (եթէ չէ անցած) հայ լեզուի մաքրազտումի անյետաձգելի գործին մէջ. ո՞վ է անդրադարձողը հայ լեզուի աղճատման, անճոռնիացման ու բարբարոսացման դիմաց։ Արդարեւ, լեզուի այլասերման վտանգը հասած է ահաւոր համեմատութեանց։ Ժամանակին կը մեղադրէինք թուրքը, որ հայերէն խօսողին լեզուն կը կտրէր. այսօր զո՜վ պիտի մեղադրենք, երբ մեր ձեռքով, մեր լեզուով ու մեր կամքով անճանաչելի կը դարձնենք մեր լեզուն։
Եթէ Մեսրոպ Մաշտոց այսօր արթննար հրաշքով մը եւ լսէր այն լեզուն, որ կը խօսուի Ազգային Ժողովին մէջ եւ կը սփռուի հեռուստացոյցէն` ինքզինք ուրիշ երկրի մը մէջ պիտի կարծէր ու վերստին մտնէր գերեզման։
Հայեր, կանք առէք. մի մորթոտէք հայոց դարաւոր լեզուն։ Ալ ի՜նչ էվակուացիա, ի՜նչ իմպուլս , ի՜նչ տուրբուլանս , ի՜նչ ատեգուատ , ի՜նչ բալանս եւ ի՜նչ դիսբալանս ։ Որո՞ւ լեզուն է որ կը գործածուի. ուրկէ՞ փոխ կ’առնուին այս բարբարոսութիւնները. ինտելեգե՞նտ երեւալու համար, թէ՞ տխմարութեան վկայութիւն ապահովելու։ Հանգի՜ստ թողուցէք Մեսրոպի սուրբ աճիւնները, այլասերած ու բարբարոսացած հայեր։
Լեզուի այլասերման այս ձգտումը կարելի չէ ամբողջութեամբ փաթթել սովետի վզին։ Չէ՞ որ Պարոնեանի «Ազգային Ջոջեր»ու օրերէն ի վեր գոյութիւն ունէր « ինտուգտիվ խմբագիր, տետուկտիվ Մշակ»ին։ Եւ բնականաբար սովետի ապազգայնացնող գլանին համար ձեռնտու էր մեր ազգային լեզուին աղճատումը. հետեւաբար « ինտուգտիվ »ին վրայ աւելցան նաեւ ռեսպուպլիկան եւ աւելին։
Սովետի ժամանակ գոյութեան կոչուած էր յատուկ յանձնաժողով մը` վերահսկելու եւ ապահովելու համար հայ լեզուի հարազատութիւնը, անաղարտութիւնը։ Սակայն, այդ յանձնաժողովին անուանակոչումը անգամ ծաղրանք էր հայ լեզուին. փոխանակ «եզրաբանական յանձնաժողով» կոչելու այդ մարմինը` կը կոչուէր « Տերմինաբանական կոմիտէ»։
Այսօր երբ հզօր Ֆրանսան իր փառաւոր մշակոյթով եւ ամէնէն նուրբ մակարդակի հասած լեզուով պահանջը կը զգայ պաշտպանուելու ամերիկաբանութիւններու դիմաց, գիտնականներու յատուկ հոյլի մը հսկողութեամբ, մեզի՞ մնացած է անպաշտպան թողուլ մեր լեզուն որ բռնաբարեն զայն օր ցերեկով եւ օտարաբանութիւններով աղճատեն անոր դիմագիծը։
Եթէ լեզուն այլասերող ասպետներուն նպատակը հասկցուիլ է օտարներէն, եւրոպացիներէն կամ ռուսերէն` թող վստահ ըլլան, որ, մէկ է, պիտի չհասկցուին անոնցմէ փոխ առնուած բառերու այլանդակումով։ Եթէ իրենց նպատակը աւելի գիտուն ձեւանալն է, պէտք է անդրադառնան, որ տգիտութեան յայտարար նշան մըն է մայրենի լեզուին օտարացումը։
Իմաստուններ եւ իմաստակներ կը փորձեն արդարացնել մեր մայրենի լեզուին վայրենացումըՙ պատճառաբանելով որ կենդանի լեզուն միշտ զարգացման « պրոցես »ի մէջ է եւ փոխառութիւններով պիտի հարստանայ։ Այդ իմաստակները թիւրիմացութեան մէջ են` լեզուի այլանդակումը շփոթելով զարգացման հետ։
Հայ լեզուն, ճիշդ է, ատակ է զարգանալու եւ 20րդ եւ 21րդ դարերու գիտական զարգացումներուն հետ կրնար քայլ պահել եւ նորարարութիւններով նոր բառակազմութիւններ ստեղծել, եթէ սովետը չամորձահատէր հայոց լեզուն։ Ճիշդ է, աբեղեանական ուղղագրութեամբ հեշտացած է ուղղագրութիւնը, բայց խափանուած է ստուգաբանման ճամբան, որով ճկուն միտքը պիտի կարենար ճանչնալ բառարմատները եւ հեշտութեամբ կերտել բարդ եւ բարդածանց նոր բառեր։ Սակայն ներկայ դրութեամբ հօտն ու հոտը , սէրն ու սերը , յետագան ու հետագան կը մտնեն միեւնոյն տոպրակին մէջ ու կը դառնան իմաստազուրկ։
Ուղղագրութեան հարցը վերածուած է թնճուկի. հետեւաբար կարգ մը արեւմտահայ մտաւորականներու կոչը` 1922ի « դեկրեդ »ով փոխուած ուղղագրութիւնը նման « դեգրետ »ով վերադարձնել իր նախկին վիճակին։ Արդարեւ, ի՞նչ պիտի պատասխանէ արեւմտահայը, եթէ իրմէ պահանջուի վերադարձ Մեսրոպի հնչիւնային արժէքներուն զորս կորսնցուցած է արեւմտահայ լեզուն։
Լեզուի բարեփոխման եւ հայ լեզուի երկու ճիւղերու միացման խնդիրը տեսական ծիրի մէջ է եւ միայն կը սպասէ գիտական լուրջ նախաձեռնութեան, որ… կը պակսի հայոց մէջ։
Այսօրուան խնդիրը լեզուի աղճատման պայքարն է թաւշեայ յեղափոխութեամբ, գուցէ եւ երկաթեայ յեղափոխութեամբ։
Օտար բառերու վտանգաւոր ու վթարուած գործածութեան կողքին ահաւոր դարձած է շարադասութիւնը։ Մարդիկ, լրագրողներ, Ազգային Ժողովի անդամներ ռուսերէն կը մտածեն եւ հայերէն կը փորձեն խօսիլ։
Այս օտարաբանութիւնը, միացած ուղղագրութեան տարանջատման, յաւելեալ սեպ մըն է մեր ազգի երկու հատուածներուն միջեւ, որ «մրրկաւ էին զատուած» ու կը փորձեն մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ դառնալ, մէկ լեզուով, մէկ մշակոյթով ու մէկ հայրենիքով։
Պէտք է ընդունիլ, որ անկախութեան առաջին շրջաններու զգաստութեան ընդհանուր տրամադրութիւն մը սկսած էր տիրել. կարծէք սովետի ապազգայնացնող մամլիչ ոյժին դէմ հակազդեցութիւն մըն էր։ Օրուան նախագահը` Լեւոն Տէր Պետրոսեան, կիրթ հայերէնով մը կը խօսէր ժողովուրդին. մամուլը, Ազգային ժողովը, հեռուստացոյցը կարծէք լարուած ճիգ մը կը կատարէին վերականգնելու համար մեր եղծանուած, օտարոտիացած լեզուին դիմագիծը մաքրազտելու։ Այդ շարժումին գլխաւոր հերոսը Ռաֆայէլ Իշխանեանն էր, որ իր չափազանցութիւններով հանդերձ` հարազատ ուղիի մը վրան էր։ Սակայն ոչ ոք անդրադարձաւ, թէ ինչպէս այս օտարամոլութեան աղէտը սողոսկեցաւ մեր ազգային խօսակցութեան մէջ։ Անգրագէտ օլիկարքները մտան Ազգային ժողով եւ իրենց կիսահայերէնով աղարտեցին մեր լեզուին դիմագծութիւնը. աւելին` անոր հոգին։ Այսօր օտար բառերու օգտագործումը միակ աղէտը չէ որ վարակած է գործածուած լեզուն, այլ նաեւ` լեզուամտածողութիւնը։
Երբ հայ լեզուի մերօրեայ բարերարներն ու բարեփոխիչները կը փորձեն լեզուն ճոխացնել նոր ու արդիական եզրերու որդեգրումով, բնականօրէն կը բախին ուղղագրութեան անելանելի պատին, քանի չեն կրնար ստուգաբանութիւններ կատարելՙ եթէ ծանօթ չեն գրաբարին։
Ուրեմն, միակ ուղին կը մնայ փոխ առնել օտար բառեր։ Անոնցմէ ոչ մէկը կը մտածէ արեւմտահայերէնի հարուստ պաշարին մասին, անկէ կատարելու փոխառութիւնները։ Տեսակ մը չկամութիւն, չըսելու համար` անհարազատութիւն մը կայ այդ վերաբերումին մէջ արեւմտահայերէնին նկատմամբ։
Յատկապէս նախորդ Ազգային ժողովին ուռած-փքուած մի քանի օլիկարք ները նկատի առնելով` Գրողներու միութեան նախագահը` Էտուարտ Միլիտոնեան կ’ըսէր, թէ Ազգային ժողովին այն անդամները, որոնք Չարենց, Թումանեան, Տէրեան չեն կարդացած` պէտք չէ մտնեն խորհրդարան։ Մենք, համաձայն ըլլալով հանդերձ այդ հաստատումին` պիտի աւելցնէինքՙ Վարուժան, Թէքէեան, Սիամանթօ եւ ուրիշներ, որոնց ճանաչումով անձը կը դառնայ բոլորանուէր հայ։ Անոնք որոնք կառչած կը մնան միակողմանի արժէքներու, անոնք կաղ ինքնութեամբ հայեր են։ Իսկ, երկու կողմերու արժէքներուն անծանօթ հայը, առաւել եւսՙ Ազգային ժողովի անդամը, տէր է միայն անդամալոյծ հայեցիութեան մը։
Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը կը նշէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան լեզուն հայերէնն է։ Ուրեմն, երբ կայ սահմանադրական կարգ, պէտք է յարգուի երկրին հիմնական օրէնքը։ Բոլոր անոնք որոնք իրենց օգտագործած լեզուն կը խճողեն օտար բառերով ու կ’աղճատեն զայն այլանդակ լեզուամտածողութեամբ, կը խաթարեն հայ լեզուն. հետեւաբար կը խախտեն սահմանադրական օրէնքը։
Եթէ այսօր Ռոպերթ Քոչարեան նստած է բանտին մէջ, որովհետեւ ան ամբաստանուած է որ տապալած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը, նոյն մեղադրանքի տակ կը գտնուին նաեւ հայ լեզուի աղճատումով սահմանադրութիւնը տապալողները, որոնք պէտք է առաջնորդուին բանտ։
Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութիւնը, որ յաջողեցաւ տապալելու բռնատիրական կարգը, ձեռք ձգելու համար իր ազգային գերիշխանութիւնը, մարտահրաւէր մը եւս ունի` դիմակալելու երկրորդ յեղափոխութիւն մը, լեզուի մաքրազտմա՛ն յեղափոխութիւնը։
Մեր գերիշխանութիւնը անաւարտ պիտի մնայ առանց ազգային լեզուի ազատագրման ու սրբացման։
Ճանչնանք մենք զմեզ մեր անաղարտ լեզուով ու չխուսափինք երկրորդ յեղափոխութեան պատասխանատուութենէն։
Ուրիշ Նիկոլի պէտք չունինք իրականացնելու այդ յեղափոխութիւնը։ Նիկոլով կամ առանց Նիկոլի` ազգային աղէտի մը մարտահրաւէրին դիմացն ենք արդէն։