Որ հակասութիւններով լեցուն է Հայաստանը, արդէն ամէն մարդ գիտէ. նորին կողքին հինը տեսնելը, արդիական նորակառոյց շէնքին հարեւանութեամբ փլփլած տնակ մը նկատելը, կամ դաստիարակուած, շրջահայեաց մարդու մը կողքին անդաստիարակ ու անկիրթ մէկը տեսնելը սովորական դարձած երեւոյթներ են, եւ նման շատ բաներ:
Սարդարապատի յաղթանակի օրուան եւ Առաջին հանրապետութեան տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական եւ ժողովրդական հանդիսութիւններն ու տօնակատարութիւնները անգամ մը եւս եկան փաստելու, որ մեր ժողոովուրդը գիտէ գնահատել, փառաբանել ու պահպանել մեր սխրագործութիւններն ու պատմական փայլուն էջերը հայրենասիրական ճառախօսութիւններով, երգերով, պարերով, ցնծալով, դիմատետրը լուսանկարներով ու վիտիօնկարներով հեղեղելով: Ապրի՛նք մենք:
Բայց քանի՞ հոգի գիտէ անունները հերոսամարտի ղեկավարներուն: Ո՞ւր են Սարդարապատի յաղթանակը մեզի կտակած հերոսները. Թանգարանի՞ն մէջ, որպէս արձան ու նկա՞ր: Ո՞ւր են անոնց անուններով փողոցներն ու դպրոցները: Բանակին մէջ արդեօք կա՞ն անոնց անուններով ռազմական դպրոցներ ու հաստատութիւններ, կամ վաշտեր ու գունդեր…
Կայ Սարդարապատի հոյակերտ յուշահամալիրը իր զանգատուներով, ցուլերով ու արծիւներով, աննման, մեծապէս տպաւորիչ, սակայն… սակայնՙ ինչո՞ւ ան հայկական անուն չի կրեր: «Սարդարապատ»ը պարսկական անուն է. ինչո՞ւ արդեօք:
Սա եռեակին առաջինն է, հապա երկրորդն ու երրորդըՙ Բաշ Ապարանն ու Ղարաքիլիսա՞ն… երկուքն ալ թրքական: Թէեւ անոնք անուանափոխուած են հիմա եւ դարձած Արմաւիր եւ Վանաձոր, սակայն Սարդարապատը մնացած է նոյնութեամբ: Չեմ գիտեր, այդ վայրը ունեցա՞ծ է հայկական անուն, երեւի պատմաբանները պատասխանեն այս հարցին:
Մեր Արցախը երկար տարիներ «Ղարաբաղ» էր, մինչեւ որ թօթափեցինք անոր սեւանունը, թէեւ տակաւին միջազգայնօրէն կը մնայ «Karabagh», ինչպէս տակաւին կը շարունակեն իրենց թրքական անունները պահել շատ մը տեղանուններ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
Անցնինք Առաջին հանրապետութեան տարեդարձի տօնակատարութեանց, որը պատմական մեծ իրադարձութիւն է, Բագրատունեանց թագաւորութեան անկումէն մօտ 900 տարի եւ Կիլիկեան Հայկական թագաւորութեան անկումէն ալ մօտ 600 տարի ետք պատմական Հայաստանի մէկ տասներորդ բեկորին վրայ անկախ Հայաստան մը հիմնուեցաւ, աղքատ, տկար, սակայն մե՛րն էր վերջապէս:
Այստեղ ալ զգացական մեր զեղումներուն հետ խոտոր համեմատողը Առաջին հանրապետութեան կառավարական շէնքին ներկայ վիճակն է. մէկ մասը փիցցայի ճաշարան, միւս մասըՙ դրամատուն… Կարելի չէ՞ր ազգայնացնել եւ թանգարանի վերածել: Իսկ հանրապետութեան կերտիչին, Արամ Մանուկեանի տունը, ամօթ չէ՞ որ ցարդ լքուած ու անմխիթար վիճակի մը մէջ կը գտնուի: Մարդուն գովքը կը հիւսեն, զինք սուրբերու կարգին կը դասեն, անոր արձանը կը կանգնեցնեն, սակայն տունը կը մնայ որպէս որբացած յիշատակ իր անունը կրող փողոցին վրայ:
Մեր խելայեղ տօնակատարութեանց ու ցնծութեանց զուգահեռ պէտք չէ մոռնանք աւելի կարեւոր բաներ: Այս վիճակը կը նմանցնեմ այն պատանիներուն, որոնք իրենց մեծ մօր տարեդարձը շնորհաւորելու եկած են, սակայն անոր հետ խօսող չկայ, քանի որ ամէն մէկը իր հեռախօսը բացած, մէջը թաղուած է, իսկ խեղճ մեծ մայրը ձեռնածալ նստածՙ ափսոսանքով կը նայի անոնց:
Խմբ. կողմից.- Ցանկանում ենք մեր աշխատակցին հիշեցնել, որ միջազգային պատմագիտության մեջ ընդունված է նշանավոր ճակատամարտերը, կարեւոր ժողովներն ու համաձայնագրերը կոչել այն տեղանունների անունով, ուր տեղի են ունեցել դրանքՙ անկախ հետագայում այդ տեղանունների փոփոխությունից: Սրա լավագույն օրինակներից մեկը Ստալինգրադն է, «Ստալինգրադի ճակատամարտ», եւ ոչ թե Վոլգոգրադի…