Խաչքարերը մեր մշակութային ժառանգութեան իւրօրինակ գանձերն են, որոնցմով հպարտացած ենք միշտ,-քանի ուրիշ ազգեր չունին այսպիսի բան,- եւ որոնց արուեստը կը շարունակուի ներկայիս ալ Հայաստանի մէջ, հին օրինակներէն ընդօրինակութիւններ կատարելով եւ նորեր ալ ստեղծելով: Խաչքարեր քանդակելու վարպետներ, իրենց ժառանգած արուեստն ու հմտութիւնը կը պահպանեն եւ իրենք ալ, իրենց կարգին, իրենց յաջորդողներուն կը փոխանցեն:
Այսօր խաչքարերը միայն գերեզմանատուներու մէջ չեն, զանոնք կարելի է տեսնել զանազան տեղեր, նոյնիսկ աշխարհատարած շատ մը հայագաղութներու մէջ, որպէս հայրենիքէն տարուած յուշարձան եւ յուշաքար: Երեւանի մէջ, Հանրապետութեան հրապարակի հարեւանութեամբ ալ, Գարեգին Նժդեհի արձանի կողքին, «Խաչքարերու պուրակ» մը կեանքի կոչուեցաւ, ուր պատմական նշանակութիւն ունեցող կարգ մը խաչքարերու կրկնօրինակները զետեղուած են, որոնց կողքին երկլեզու բացատրողական ցուցատախտակներ զետեղուած են:
Իմ սիրած զբօսավայրերէս մէկն է, ուր յաճախ կը նստիմ թերթ մը ձեռքիս, շրջապատի հաճելի անդորրութիւնը վայելելով: Երբեմն շատրուանող աւազաններու շուրջ հաւաքուած երախաներուն ուրախ ճիչերն ու աղմուկը ընդհանուր լռութիւնը կը ճեղքէն, սակայն չեն խնագարեր մարդոց տրամադրութիւնները, որոնց աչքերը կը փայլին ու հոգիները կը խայտանՙ Հայաստանի մէջ հասակ առնող առողջ ու զուարթ նոր սերունդը տեսնելով:
Դիմացի աւազանին միւս կողմը, արեւուն տակ կանգնած երիտասարդ մը, կողքին երկու ազնուական շուներ, նայեցաւ աւազանի ջուրին ու փոքր շարժումով մը շուները ցատքել տուաւ աւազանին մէջ: Նստարանիս վրայ շտկուեցայ յանկարծ, ինչպէ՞ս թէ, կարելի՞ է շուները լողացնել պուրակին մէջ, ուր նոյնիսկ այդ անասուններուն զբօսանքը արգիլուած է, պահպանելու համար ընդհանուր մաքրութիւնն ու ոտքի կոխան չընելու համար մարգերը:
Մտածեցիՙ ուր որ է հսկիչը կը տեսնէ եւ կ՛արգիլէ: Սակայն ոչ մէկ ձայն: Տասը րոպէ մը շուները զովանալէ ետք իրենց տիրոջ հրահանգով դուրս ցատքեցին աւազանէն ու սկսան մարմիննին ցնցել, չորնալու համար: Շուներէն մէկը, որ աւելի մարմնեղ էր եւ որձ, ցատքեց խաչքարը շրջապատող խոտերուն վրայ ու մօտենալով խաչքարինՙ ետեւի ոտքը բարձրացուց եւ… խաչքարին վրայ… Ապշութիւնս կրկնապատկուեցաւ:
Տիրոջմէ ոչ մէկ հակազդեցութիւն, ընդհակառակը, երջանիկ ու ինքնագոհ կը դիտէր իր ազնուական շան գոհունակ շարժումները: Ազնուական շուն: Իսկ, ամբողջ այս գործողութեան ընթացքին պահակ-հսկիչին չերեւնալը ուղղակի զարմանալի էր:
Գուցէ հիմա ընթերցողները հարց տան. «Իսկ դուն ինչո՞ւ չհակազդեցիր, ինչո՞ւ տեղէդ չշարժեցար: Ըսեմՙ «ողջ գլուխս Աւետարանի տակ պիտի չդնեմ»:
Գիտեմ որ տեղացիները շուն շատ կը սիրեն, կը գուրգուրան անոնց վրայ, կը խնամեն, կը լոգցնեն, կը մաքրեն, պտոյտի կը հանեն, սակայն արգելք չեն ըլլար, երբ անոնք մայթերու վրայի ածուները կը տրորեն ու յաճախ ալ իրենց պէտքերը հոգան:
Ու կը մտածեմ. յաճախ կը խօսինք գիտակից, յանձնառու քաղաքացիի մասին. արդեօք քաղաքացին ա՞ն է, որ միայն կ՛ապրի ու կը գործէ քաղաքին մէջ, թէ՞ ան է, որ քաղաքը իր տունը կը նկատէ եւ այդպէս ալ կը վարուի, հոգատար վերաբերմունքով, բծախնդրութեամբ, մաքրասիրութեամբ, օրէնքները չխախտելով…
Այսօրինակ վիճակներու յաճախ ականատես կ՛ըլլամ. երիտասարդներՙ որոնք հոս ու հոն կը թքեն, սիկառէթին մնացորդը գետին կը նետեն, քշած մեքենանին մայթերու վրայ կը կանգնեցնենՙ մարդոց երթեւեկը խանգարելով. այգիներուն մէջ արեւածաղիկի սերմ կը չրթեն ու նստարանին շուրջի գետինը կեղեւներով կը ծածկեն: Ո՞ր մէկը յիշեմ:
Բարեբախտաբար այսպիսի անպատասխանատուներուն թիւը մեծ չէ, սակայն եղածն ալ բաւական է ընդհանուր կարգուկանոնը խախտելու, գեղեցկութիւնը պղտորելու: