Վերջերս յուշագրութիւն մը կ՛ընթերցէի Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրած հայերուն մասին: Թէեւ բաւական բան կարդացած եմ հայ եւ օտար հեղինակներէ միեւնոյն նիւթին շուրջ, սակայն միշտ ալ նորութեան մը հանդիպելու առիթ կ՛ըլլայ: 600 տարի մէկ պետութեան լուծին տակ ապրիլ, կը նշանակէ 24-25 սերունդի կեանք. 24-25 սերունդի գոյակցութիւն օտարի հետ, տարբեր կրօնքի, տարբեր լեզուի եւ տարբեր մշակոյթի ու կենցաղի հետ շփում ունենալ, կամայ թէ ակամայ: Շփում ունենալը պիտի անդրադառնար մեր ազգին վրայ ժխտականօրէն, բնականաբար, քանի որ իշխողը հսկայ կայսրութիւն մըն էր, թուաքանակով շատ աւելի մեծ, քան հայերը, որոնք ուրիշ փոքրամասնութիւններու նման քիչ էին թիւով, եւ անշուշտ մենք էինք որ պիտի ազդուէինք, քան ազդէինք, որոշ չափով իւրացնելով իրենց լեզուն, բարքերը, սովորութիւնները, սակայն երբե՛ք կրօնը:
Կիլիկիոյ անկումէն ետք, սկիզբի դարերուն, ինչեր պատահեր են՝ շատ յստակ չէ, քանի որ այդ դարերու պատմութիւնը ամբողջական ձեւով չէ հասած մեզի, սակայն կեդրոնանալով 19-րդ դարուն վրայ՝ բաւական նիւթ ունինք մեր տրամադրութեան տակ, յատկապէս այդ դարու երկրորդ կէսին մասին, ուր արդէն հայերը «զարթօնք» մը կ՛ապրէին շնորհիւ հայ եւ թուրք երիտասարդներու գաղափարախօսութեանց, որոնք Եւրոպայի համալսարաններուն մէջ ուսանելով՝ տոգորուած էին եւրոպական լուսաւորեալ ազատական մտածելակերպով, տարբեր քաղաքական հեռանկարներով, զորս իրենց հետ բերին եւ համարձակօրէն տարածեցին:
Հայերու «զարթօնքը» պատճառ դարձաւ շատ մը բարելաւումներու, մասնաւորաբար կրթամշակութային ոլորտներուն մէջ: Պատկերացուցէք. 1830-ին Օսմանեան կայսրութեան հայկական շրջաններուն մէջ 114 վարժարան ունեցած ենք, որոնցմէ 30-ը՝ Պոլսոյ մէջ. 1870-ին, այսինքն վերոյիշեալ «զարթօնք»ի օրերուն, 450 վարժարան, 61-ը Պոլսոյ մէջ, որոնցմէ 20-ը աղջկանց վարժարաններ… Մեր ընդհանուր աշակերտութեան թիւը եղած է 24.000, այսինքն հայ բնակչութեան (որ ըստ այդ օրերու մարդահամարին 2.400.000 եղած է),- 10%-ը հայկական վարժարաններ յաճախող եղած են. անոնց ալ 1/3-ը՝ աղջիկներ:
Զարմանալու շատ բան կայ: Նախ՝ որ ԺԹ դարու առաջին կիսուն, երբ տակաւին հայկական համայնքը այնքան ալ կազմակերպուած չէր, այդքան թիւով հակական վարժարաններ ունենալը մեծ ճոխութիւն էր, ան ալ օտարի լուծին տակ: Իսկ թուրքերը ընդհանրապէս վարժարաններ ունէի՞ն, թէ մզկիթներուն կից «մետրեսէներու» մէջ կը կրթուէին: Քառասուն տարի յետոյ շատ բան փոխուեցաւ. վարժարաններուն թիւը քառապատկուեցաւ, իսկ անոնց մէջ աղջկանց վարժարաններ ալ… 150 տարի առաջ թուրքիոյ մէջ աղջկանց վարժարաններ, երբ իսլամական կրօնքը թոյլատու չէր որ աղջիկները դպրոց երթային, բան մը, որ երկար տարիներ շարունակուեցաւ, մինչեւ իսկ քսաներորդ դարի կէսերը եւ աւելի:
Անշուշտ դպրոցներուն զուգահեռ հայկական տպարաններ ալ բացուեցան, գիրքեր ու թերթեր ալ տպուեցան, գեղարուեստական, մշակութային ձեռնարկներ ալ կազմակերպուեցան… Հայութիւնը իր տարերքին մէջ էր, արդէն Պոլիսը իրենց մայրաքաղաքը կը նկատէին, իսկ երկիրն ալ համարեա՛ Հայաստան…
Մենք շուտ կը խանդավառուինք, կը շփանանք, չափը կ՛անցընենք ամէն ինչի, առանց մտածելու դիմացինին, իշխող տարրին անդրադարձին մասին: Մեր բարձրագոյն դասակարգի ամիրաներուն վիճակը իշխանական էր, յարաբերութիւնները պետական այրերու եւ Բարձր Դրան հետ՝ «մեղր ու կարագ»… Նոյնն ալ յաջորդ դասակարգը՝ վաճառականները. դրամ, դիրք, «Էֆենտի« կոչումին արժանի… Իսկ արհեստաւոր դասակարգն ու աշխատաւոր դասակարգը, մեծամասնութեամբ ամենահամեստը՝ ղարիպ, իրենց օրապահիկը ապահովելով զբաղած:
Եկեղեցին գլխաւոր իշխանութիւնն էր, որ ունեցաւ մրցակից՝ կուսակցութիւնները, որոնք թէեւ մտաւորական, նուիրեալ անձնաւորութիւններու հիմնադրութեամբ մէջտեղ եկան, սակայն համընդհանուր սէր եւ յարգանք վայելելէ հեռու էին: Հարուստ դասակարգն ու եկեղեցին մէկ կողմէ, կուսակցութիւններն ու պարզ ժողովուրդը միւս կողմէ, հոգ չէ թէ խօսքակռիւով, բախումներն անխուսափելի էին:
Ու չուշացաւ պետութեան ապտակը, զգաստացնելու համար հայերը: 1895-96, 1905, 1909, եւ… 1915: Հազարներ, տասնեակ հազարներ, միլիոն ու կէս…
Այսօր տարբե՞ր է, թէ՞ անմիաբանութիւնը մեր արեան մէջ է:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ