Խոր ցաւով տեղեկացանք, թէ ֆրանսահայ համայնքի ծանօթ եւ պատմական դէմքերէն, ազգային գործիչ ու բարերար Ռոժէ Կարպիս Ջրբաշեանը 17 յուլիսին Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է 94 տարեկանին:Ծնած էր 1925-ին, վանեցի ընտանիքի յարկին տակ: Ան միշտ վառ պահած է այդ արմատները, չըսե լու համար` անոնցմով ապրած է: Թունդ հայրենասէր, միշտ օժանդակած է ֆրանսահայութեան եւ Հայաստանին:Կարպիս Ջրբաշեան ամէնէն հին անդամն էր Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Փարիզի Կրօնական ընկերակցութեան, ուր երկար տարիներ ստանձնած է զանազան պաշտօններ: Ան հանդիսացած է նաեւ եկեղեցւոյ Պատգամաւորական ժողովի առաջին նախագահը: Ինք էր նուիրատուն Խանաթեանի ստեղծագործ երափեղկ որմնային քանդակին (Աւարայր, Մեսրոպ Մաշտոց եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն), որ զետեղուած է Փարիզի եկեղեցւոյ պատին: Տոքթ. Սերժ Սիմոնեանի հետ` նոյնպէս ինք էր, որ նախաձեռնողը եղած էր Արֆոլվիլի Ս. Մեսրոպ վարժարանի կառուցման, 1978-ին: Փարիզեան Շերաթոն արուարձանի գլխաւոր զբոսայգիներէն մէկուն մէջ բարձրացուած խաչքարն ալ ինք նուիրած էր, որուն հանդիսաւոր բացումը կատարուած էր 24 ապրիլ 1996-ին: Ս. Էջմիածնի Մայր տաճարի զանգակներուն նուիրատուն ալ ինքն էր:Ջրբաշեան առեւտուրի մէջ յաջողած մտաւորական անձնաւորութիւն մը եղած է. առանց գրական մեծ յաւակնութեանց` ճաշակաւոր էջեր ստորագրած է Անդրանիկ Ծառուկեանի հրատարակած «Նայիրի» շաբաթաթերթին եւ Արփիկ Միսաքեանի «Յառաջ» օրաթերթին մէջ: Իր գրիչէն կը ծորէին վճիտ հայրենասիրութիւն, մաքուր զուարթախոհութիւն եւ ֆրանսական գրականութեան յատուկ հմտութիւն եւ նրբամտութիւն: Ստեպ աշխատակցած է նաեւ «Ազգ» թերթին, որուն խմբագրութեան հետ բարեկամական յարաբերութիւն ունէր: Իր մեկենասութեամբ հրատարակուած են տասնեակ գիրքեր, յատկապէս յուշագրական բնոյթի: |