Այս շաբթուան անակնկալ ուրախ լուրը հասաւ Սուրիոյ հայկական Եագուպիէէն, թէ՝ երկար տարիներ ծայրայեղական խմբաւորումի մը կողմէ գրաւուած այս գիւղին քրիստոնէապատկան եկեղեցիները վերադարձուեր են իրենց տէրերուն, որոնց մէջ նաեւ հայկական երկու եկեղեցիները՝ Ս. Հռիփսիմէն եւ Ս. Աննան, որ հնադարեան եկեղեցի մը ըլլալու կողքին նաեւ ուխտատեղի է, ուր ուխտի կու գան ոչ միայն հայեր, այլեւ այլադաւան ուխտաւորներ, նոյնիսկ իսլամներ, հաւատալով Ս. Աննայի հրաշագործութեան, յատկապէս չբեր կանանց ուխտը կատարելով եւ շատերուն ալ երախայ ունենալու երջանկութիւնը պարգեւելով:
Եագուպիէն, հայկական Քեսապէն ետք երկրորդ հայկական օճախն է, որ Իտլիպի նահանգին մաս կազմելով՝ Թուրքիոյ սահմանակից է: Եագուպիէի բարձունքէն յստակ կ՛երեւի թրքական սահմանի կարմիր դրօշակը: Հալէպէն ոչ շատ հեռու ըլլալուն՝ հալէպահայեր յաճախ կ՛այցելէին, յատկապէս Ս. Աննայի տօնին առթիւ, երբ ամբողջ օրը գիւղը կը յորդէր եկուորներով, որոնք ձեւով մը թթուածին կը ներարկէին խամրելու մօտիկ այդ հայկական գիւղին:
Եագուպիէցիները արաբախօս դարձեր են մասնաւորաբար Լատիններուն ներթափանցումէն եւ շատ մը հայերու լատինական դաւանանքը ընդունելէն ետք: Թէ ինչո՞ւ դաւանափոխ եղան հայերը, Եագուպիէի եւ յարակից Գնէյյէի տխուր պատմութեան մաս կը կազմեն անոր պատճառները: Սուրիական պատերազմի սկիզբէն կարճ ժամանակ մը ետք շրջանը ամբողջ գրաւուեցաւ թրքամէտ ծայրայեղական զինեալ կազմակերպութեան մը կողմէ, որ տիրացաւ ամէն ինչի որ ժողովուրդը ունէր՝ տուն, այգի, կալուած, բերք… իսկ բնակիչները կեանքերնին փրկելու համար փախուստի դիմեցին եւ հաստատուեցան կա՛մ Հալէպ, կա՛մ Լաթաքիոյ շրջանները: Քանի մը յամառ հայեր մերժեցին լքել իրենց տուներն ու կալուածները, եւ մնացին ու շրջան մը կրցան գոյատեւել եկուոր զինեալներուն եւ անոնց ընտանիքներուն հետ լեզու գտնելով, սպասելով պատերազմի աւարտին, սակայն երբ այդ յոյսերն ալ ի դերեւ ելան, անոնք ալ լքեցին գիւղը:
Եաքուպիէն եւ Գնեյյէն հարուստ են ձիթաստաններով եւ ձիթհան գործարաններով: Նշանաւոր է շրջանի ձէթն ու նռան ռուպը: Շրջանէն ոչ հեռու կը գտնուի Սուրիոյ ամենանշանաւոր բուժիչ հանքային ջուրի ակը՝ Շէխ Իսա անունով:
Եագուպիեցիները թէեւ մեծ տոկոսով արաբախօս են, սակայն թունդ հայրենասէրներ են: Ի գին մեծ զոհողութիւններու, եկեղեցիին կից կրցան հայկական նախակրթարան մըն ալ պահել, որ գործեց մինչեւ պատերազմ:
Այս տեղեկութիւնները կարեւոր էին՝ որոշ գաղափար մը տալու համար ընթերցողին, սակայն հիմա, այս անակնկալ դէպքէն ետք, արդեօք նոր անակնկալներու ականջալուր եւ ականատես պիտի ըլլա՞նք: Այս քայլը արդեօք կապ ունի՞ նախատեսուող Սուրիա-Թուրքիա մերձեցման կամ հաշտեցման մասին փչող հովերուն հետ: Ճիշդ է որ մէկ ծաղիկով գարուն չի գար, սակայն… չես գիտեր թէ ինչեր պահուած են վարագոյրին ետեւ:
Արեւելք-Արեւմուտք, իմա՝ Ռուս- Ուքրաինական պատերազմը թէեւ թեւակոխեց իր երկրորդ վեցամսեակը, սակայն աւարտի նշոյլներ չկան դեռ: Այս հարթակին վրայ ներկայի հերոսը Թուրքիան է, ոչ թէ տեղական իմաստով, այլ միջազգային: Առաջին վայրկեանէն գիտցաւ կողմնորոշուիլ եւ ճիշդ դուրս եկաւ, քանի որ պատերազմին մասնակից բոլոր երկիրները, իւրաքանչիւրը վնասի իր բաժինը կը կրէ բացի Թուրքիայէն, որ կը մնայ միակ շահողը, որպէս միջնորդ, կապ, կամուրջ… կռուող կողմերուն միջեւ: Օգտագործեց իր երկրին դիրքը ու ելեկտրացած մթնոլորտը մեղմացնելու աշխատանք տարաւ ԱՄՆ-ի հետ, Ռուսիոյ հետ, հասաւ մինչեւ Սէուտական Արաբիա եւ հոն ալ հաշտեցման ուղիներ գտաւ:
Հիմա մնաց Սուրիան, բազմաչարչար այս երկիրը, որ 11 տարիներէ ի վեր կը տոկայ, չի յանձնուիր ու ծունկի չի գար: Թուրքիոյ նախագահը, որ իր երկարած բարեկամական ձեռքը դաշոյնի վերածեց ու փորձեց Սուրիոյ կռնակէն հարուածել, արեւմուտքին հաճոյանալու համար, արդեօք ի՞նչ երեսով պիտի դէմ առ դէմ գայ Սուրիոյ նախագահին:
Կը սպասենք մերձեցման այս ծրագրին, որպէսզի ազատագրուին Թուրքիոյ կողմէ ներթափանցուած սուրիական բոլոր հողերը, վերադարձուին նաֆթահորերը, ձիթաստանները, Հալէպի գործարաններէն գողցուած բոլոր մեքենաները, եւ թուրք զինուորները քաշուին Սուրիայէն գրաւուած ապօրինի «ապահովութեան գօտի»-էն:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ