Ամբողջ աշխարհը բռնկած է ցոյցերով: Տասնեակ երկիրներու ու մեծ թիւով քաղաքներու մէջ ահռելի ցոյցեր են, ընդհանրապէս ոչ խաղաղ: Կատաղի ցոյցերը, որոնց մասնակիցները ընդհանրապէս երիտասարդ տարրն է, անտեղիտալի կերպով, օրերով, նոյնիսկ շաբաթներով փողոցներն են ու անհանգիստ, ցուցատախտակներ բռնած կոչեր կ՛ընեն, կը բողոքեն, կ՛ընդդիմանան ներկայ վարչակարգերուն եւ փոփոխութիւններ կը պահանջեն:Իրաք, Իրան, Չեխիա, Ֆրանսա, Հոլանտա, Սպանիա, Հոնկ Քոնկ, Պաղեստին, Պոլիվիա, Շրի Լանքա… եւ անշուշտ Լիբանան, որ մեզ աւելի կը հետաքրքրէ, քանի աւելի սրտամօտ է ու հարազատ:Իրաքի մէջ, կառավարութեան փոփոխութիւնը պահանջող կատաղի ցոյցերը ամենաարիւնալին էին, քանի հարիւրաւոր զոհեր խլեցին: Իրանի մէջ անակնկալ կերպով սկսած ցոյցերը պահ մը զարմացուցին, քանի վարչակարգը շատ ալ առիթ տուողը չէ ցոյցերու, երկրի խիստ ռեժիմին պատճառով, սակայն վառելանիւթի անակնկալ թանկացումը (300 %) ժողովուրդը փողոց հանած է: Արդէն տարիէ մը աւելի է, որ Սպանիան հանգիստ չէ Քաթալոնիայի անջատողական պահանջքներուն պատճառով: Չեխիայի ցոյցերը ազգային խտրականութեան դէմ են: Հոնկ Քոնկի մէջ ալ ամիսներէ ի վեր կատաղի ցոյցեր են, երեւի կ՛ուզեն վերադառնալ իրենց նախկին վիճակի՞նՙ Մեծն Բրիտանիոյ տիրապետութեան տակ:Տեղ մը հարցը քաղաքական բնոյթ ունի, ուրիշ տեղ մըՙ ընկերային. այլ տեղՙ տնտեսական: Մէկ խօսքով, իւրաքանչիւրը փորի ցաւ մը ունի: Սակայն Լիբանանինը սովորական փորի ցաւ չէ, Լիբանանինը «քաղցկեղ» է, Լիբանանի ցոյցերը քաղաքական «քաղցկեղին» դէմ են, որ ամբողջ տասնամեակներէ ի վեր կը կրծէ երկիրը ու կը փտեցնէ: Լիբանանի ցոյցերը, իմ կարծիքով, ներկայիս տեղի ունեցող ցոյցերուն ամենաարդար, ամենաիրաւասու եւ ամենակենսական ցոյցերն ենՙ երկիրը փրկելու համար կուսակցական եւ համայնքային ղեկավարներու տիրապետութենէն, որոնք թալանեցին երկիրը, միլիարներ դիզելով օտար դրամատուներու մէջ, որոնք աղքատացուցին ժողովուրդը եւ «Միջերկրականի հարսը» (արաբական մյուս երկրներում այդպես է կոչվում Լիբանանը: Ծ.Խ.) վերածեցին արտաքինէն փայուն, իսկ ներքինէն փտած ու նեխած : Երկիր մը, որ 21-րդ դարու մէջ ելեկտրական հոսանքի պակասէ կը տառապի ու ժողովուրդը ահագին գումար կյատկացնէ, որպէսզի սեփական ելեկտրածին սարքերու տէրերուն գրպանները լեցնէ: Նոյնըՙ ջուրի պարագային: Գետերով եւ աղբիւրներով հարուստ ջրարատ Լիբանանը խմելու ջուր չունի: Խեղճ լիբանանցին օրապահիկ մը ապահովելու համար կեանք մաշեցնող լուռ մեծամասնութեան մէկ մասնիկը դարձած էր, մինչեւ որ վերջապէս պատռեց լռութեան պատը, դուրս ելաւ իր կաշիէն, ահաւասիկ, արդէն հինգ շաբաթներէ ի վեր: Երկիր մը, որուն ճակատագիրը օտար պետութիւններ պիտի տնօրինեն եւ աւազակներու խումբ մը, որ անոնց գործակալներն են, հնարաւոր չէր որ չհասնէր այս օրուան:Թէեւ Լիբանանի մէջ ցոյցերը սովորական երեւոյթ են, քանի արհմիութիւնները կը կազմակերպեն զանոնք, սակայն այս վերջինը երբեք չի նմանիր նախորդ մանր-մունր ցոյցերուն: Առանց քաղաքական-կուսակցական թեքումներու, առանց կրօնական պատկանելիութեան, առանց որեւէ պատճառի, որ կրնար զսպանակել պոռթկումը, բոլորը անխտիր, միակամ փողոցները լեցուցած են, առանց որեւէ անպատասխանատու արարքի, առանց պետական կամ ժողովրդական սեփականութեանց վնաս հասցնելու:Անշուշտ ներկայ ու նախկին իշխանաւորներուն հաճելի չեն այս ցոյցերը, քանի անոնք իրենց աթոռներէն ու հեղինակութեանց ոլորտներէն չեն ուզեր զրկուիլ, սակայն արդէն դանակը ոսկորին հասած է եւ կարծես թէ ժողովուրդը պիտի չհանդարտի, մինչեւ իր պահանջքները չիրագործուին:Լիբանանը սովորական երկիր մը չէ, իր փոքրութեան հակառակ աշխարհի շատ մը մեծ պետութեանց կիզակէտն է ու այդ երկիրներուն խոհանոցները օրն ի բուն կը գործեն, որպէսզի իրենց շահերը չկորսնցնեն Լիբանանի մէջ: Արդէն ֆրանսան իր մարդը ղրկեց, լուծում մը գտնելու միջամտելու համար, սակայն ձեռնունայն վերադարձաւ:Ժողովուրդը կշտացեր է սնամէջ խոստումներէն, որոնք ընտրապայքարի սահմանը չեն անցնիր: Այս անգամ ընկրկում չկայ, կ՛ըսեն: Ես կը հաւատամ ժողովուրդին: |