Անցեալ շաբթուան ակնարկիս մէջ խօսած էի Սփիւռքի հայկական դպրոցներու փակման երեւոյթին եւ անոր տարբեր անդրադարձներուն մասին, սակայն կը կարծեմ որ այս նիւթը հարկ է աւելի հանգամանօրէն լուսարձակի տակ առնել:
Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ սփիւռքահայութեան դպրոցական տարիքի բնակչութեան միայն 2.5%-ը հայկական վարժարան կը յաճախէ, եւ այս տոկոսն ալ ենթակայ է աւելի պակսելու յաջորդող տարիներուն: Ցաւալի է այս իրավիճակը, սակայն իրականութիւն է: Թէ ինչո՞ւ հայ մանուկն ու պատանին հայկական վարժարաններ չեն յաճախեր, պատասխանը պարզ էՙ կամ որոշ քաղաքներու մէջ հայկական վարժարաններ չկան, կամՙ կան, սակայն ուսման տարեվճարը շատերու համար մատչելի չէ, կամ ալ օտար վարժարաններու հմայքն ու մակարդակը կը պակսի մեր վարժարաններուն…
Փաստացի տուեալներով Սփիւռքի տարածքին, վերջին հինգ տասնամեակներու ընթացքին 226 ամէնօրեայ դպրոց փակուեր է (միօրեա դպրոցները չհաշուած),- թիւ մըՙ որ ենթակայ է աճելու:
Անիմաստ է նեղուիլ, ցաւիլ, ծունկ ծեծել, թէ հայ նոր սերունդը ապազգայնացման ուղիին մէջ է, եւ այս սերունդէն ակնկալիքներ ունենալը յումպէտս փայփայելի հեռանկար է:
Դպրոցներ կը բացուին, երբ աշակերտութիւն կայ, իսկ դպրոցներ կը փակուին, երբ աշակերտութիւն չի մնար, կամՙ շատ կը պակսի. Թէեւ կարգ մը գաղութներու մէջ տակաւին յամառօրէն գործող դպրոցներ կան 10-20 հայ աշակերտով: Այս դպրոցները օտար աշակերտներու համար ալ իրենց դռները բացած են, յաւելեալ որոշ եկամուտ մը ապահովելու համար, պարզապէս այդ 10-20 աշակերտները պահելու սիրոյն:
Յետեղեռնեան շրջանին Սուրիոյ գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, ուր հայ գաղթականներ կայք հաստատած էին, դպրոցներ բացուեցան, մեծամասնութիւնը ՀԲԸՄիութեան օժանդակութեամբ. ապա, տարիներ ետք, երբ այդ շրջաններու շատ մը հայ ընտանիքներուն վիճակը բարելաւուեցաւ, լքեցին իրենց գիւղերն ու ավանները եւ հաստատուեցան քաղաքներու մէջ, գլխաւորաբարՙ Հալէպի մէջ: Ուրեմն, պարզ պիտի դառնար, որ այդ գիւղական դպրոցներուն շատերը փակուէին, եւ այդպէս ալ եղաւ:
Այստեղ անհրաժեշտ է հպարտութեամբ յայտարարել, որ այդ դպրոցներէն եւ նաեւ որբանոցներէն շատ մը շրջանաւարտներ ապագային դարձան գործունեայ հայեր, ազգային, եկեղեցական, միութենական, ինչպէն նաեւ գրականութեան եւ այլ մասնագիտութիւններու անդաստաններուն մէջ փայլող անուանի մարդիկ, տեղւոյն վրայ, թէ աշխարհի զանազան ծագերուն:
Ահա՛, այստեղ հարց մը ակամայ կը ցցէ իր գլուխը: Այսօրուան մեր աշխարհատարած դպրոցներէն շրջանաւարտները հայկականութեան գծով ո՞ւր են, ի՞նչ կ՛ընեն: Ես կրնամ որոշ պատասխան մը տալ Սուրիոյ եւ Լիբանանի պարագային, սակայն եթէ հարցը դնեմ Ամերիկաներու, Քանատայի ու Եւրոպայի ազգային իշխանութեանց սեղանին վրայ, ի՞նչ պատասխան կրնան տալ անոնք: Շատ խորերը չերթանք, վերջին 20-30 տարիներու ընթացքին, բոլոր այդ վարժարաններու հազարաւոր շրջանաւարտներէն քանի՞ն հայօրէն կ՛ապրի, կը խօսի, կը գրէ, հայ ընտանիք կազմած է, ազգային-միութենական հաստատութիւններու կամ կազմակերպութիւններու մէջ մտած է … Այդ շրջանաւարտները իրենց համար հազար զոհողութիւններով պահուող դպրոցներուն գոյութիւնը կ՛արդարացնե՞ն, անոնց հանդէպ գոնէ բարոյապէս կը փորձե՞ն վարձահատոյց ըլլալ:
Հարցուցի ամերիկահայ բարեկամիս, դառնօրէն ժպտեցաւ: Ես, անձնապէս քանի մը ընտանիքներ մօտէն կը ճանչնամ, որոնց զաւակները հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ ըլլալով հանդերձ, հայերէն չեն խօսիր, շատեր օտար ամուսնութիւններ կնքած են, հայկական ակումբ ու եկեղեցի չեն յաճախեր… Ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է արդարացնել այդ դպրոցներուն գոյութիւնը, անոնց համար ծախսուած միլիոնները…
ԱՄՆ-ի հայկական վարժարաններէն մէկուն տնօրէնը ամերիկացի է, որուն վճարուած աշխատավարձի գումարին մասին երբ լսեցի, ուղղակի շշմեցայ… Եւ այս օտար տնօրէնով ղեկավարուող հայկական վարժարանը ինչպէ՞ս հայկական մթնոլորտ պիտի ստեղծէ ու աշակերտութեան մէջ խթանէ հայկական ոգին:
Այո՛, այնքան ատեն որ Սփիւռքի մէջ հայութիւն կայ, հայ դպրոցը պէ՛տք է գոյատեւէ: Բայց մինչեւ երբ եւ ի՞նչ հեռանկարով: Հայութիւնը պահպանելո՞վ: Մենք մեզ չխաբենք: Հայութիւնը միա՛յն Հայաստանի մէջ կրնայ պահպանուիլ, եւ վե՛րջ:
Խմբ. կողմից.- Նախորդ շաբաթվա համարում, հենց այս սյունակի տակ, հակիրճ անդրադառնալով Սփյուռքում հայկական դպրոցների փակման փաստին, որպես փակված դպրոց սխալմամբ հիշել էինք ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճյան-Մանուկյան դպրոցի անունը, այնինչ փակված կամ փակվող դպրոցը Փասադենայի Վաչե եւ Թամար Մանուկյան վարժարանն է: