Արեւմտահայերէնի պահպանման հարցով Հայաստանի կառավարութիւնը սկսաւ զբաղիլ, մասնաւորաբար սուրիական պատերազմին պատճառով Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն ուղղակի կամ անուղղակի դրդումով, խնդրանքով, կամ պահանջով: Այսինքն 2013-14 թուականներէն սկսեալ:
Թէ «զբաղիլ»-ը ի՞նչ կրնար նշանակել պետութեան մը համար, կ՛անգիտանայինք, աւելի ճիշդՙ մեր կարծիքով, շատ լուրջ միջոցներ ձեռք պէտք է առնուէին եւ յատուկ մարմիններ ու յանձնախումբեր կազմուելով, իւրաքանչիւրը ըստ իր մասնագիտութեան պիտի ծրագիրներ մշակէր եւ գործադրութեան դնէր, անշուշտ Հայաստան գտնուող սփիւռքահայ մասնագէտներու հետ համագործակցելով:
Սուրիահայ հեղինակաւոր անձնաւորութիւններու հետ անձամբ գոնէ հինգ անգամ հրաւիրուած եւ մասնակցած եմ ժողովներու թէ՛ նախկին Սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով, թէ՛ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան եւ թէ՛ ալ նոր շրջանի ԿԳՄՍ-ի նախարարութեան հրաւէրով:
Ժողովներէն խանդավառ դուրս ելած ենք, այն յոյսով, որ մեր առաջարկները նկատի կ՛առնուին եւ խառն յանձնախումբ մը կը սկսի լուրջ աշխատանքի, առաջին հերթինՙ անշուշտ դպրոցական դասագիրքերու հարցով, ապաՙ մամուլի, կամ լրատուական ու թատերական ոլորտներուն մէջ արեւմտահայերէնի ներկայութիւնը ապահովելու հարցով:
Ըսեմ, որ հինգ ժողովներու պարագային ալ երկրորդՙ լրացուցիչ ժողով չեղաւՙ յաջորդ քայլերը որոշելու համար: Առ ի պարտականութիւն նախարարութիւնները, երեւի վերէն եկած հրահանգի մը անսալով, ժողով մը յաջողցուցին եւ վե՛րջ:
Անցան ամիսներ, նոյնիսկ տարիներ եւ նոր դասագիրքեր տպուեցան ու յայտնի դարձաւ, որ լեռը ծնած է մուկ մը:
Գրականագէտ, լեզուագէտ, ազգագրագէտ, հայերէն դասագիրքերու հմուտ հեղինակ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ մեծ յուսախաբութիւն մը ապրած ըլլալուն փաստերը կու տայ, ներկայՙ 2020-2021 դպրոցական տարեշրջանին համար պատրաստուած դասագիրքերուն մէջ արեւմտահայ հեղինակներու աննշան ներկայութեան մասին, երբ այդ ժողովներուն յոյսեր կապածՙ կ՛ակնկալուէր որ արեւմտահայ հեղինակներուն թիւը պիտի կրկնապատկուէր:
Կրնա՞ք պատկերացնել, որ ամբողջ 1-6 դասարաններու հայերէնի դասագիրքերուն մէջ ոչ մէկ արեւմտահայ հեղինակ կայ, իսկ 7-12 դասարաններունՙ հազիւ 10, երբ արեւելահայ եւ օտար հեղինակներուն թիւը 90-ի մօտ է:
Պր. Չոլաքեան կ՛ըսէ, թէ խորհրդային շրջանի դասագիրքերուն մէջ շատ աւելի տեղ տրուած էր արեւմտահայ գրականութեան եւ գրողներու, քան այսօր, երբ կ՛ակնկալուէր ճիշդ հակառակը:
Ընդդիմադիրներ ներկայ իշխանութեան որեւէ նոր որոշում քննադատութեան նշաւակ կը դարձնեն, նոյնիսկ եթէ որոշումին մէջ դրական եւ օգտակար բաներ ալ կան: Չափազանցութիւնը կը հասնի այն աստիճանի, որ ներկայ իշխանութիւնը թուրքին հետ կը բաղդատեն, նոյնիսկ գտնուեցաւ տիկին մը, որ զանոնք թուրքէրէն ալ վատ որակեց…
Այս առթիւ թող ինծի ներուի, եթէ ըսեմ, որ կան հայաստանցի կանայք, որոնց գործածած փողոցային խօսքերն ու հայհոյանքները այնքան ահաւոր են, որ ես տղամարդ ըլլալով կ՛ամչնամ այդպիսի բառեր լսելէ:
Ես անշուշտ կը միանամ կրթութեան նախարարութեան կողմէ պատրաստուած հայերէնի դասագիրքերուն այսպիսի տգեղ կողմնակալութեան համար բողոքողներուն, սակայն չեմ հայհոյեր: Թող դասագիրքերը կազմողները ամչնան իրենց ըրածէն: Արեւմտահայ գրողներն ու անոնց գեղեցկագոյն գործերը հայ գրականութեան ադամանդակուռ զարդերն են: Եթէ այսքանը կ՛անգիտանան այդ գիտունիկ-գրչակները, թող բարի ըլլան հրաժարելու եւ իրենց վստահուած, հայ նոր սերունդին դաստիարակութեան միտուած գործը ուրիշներուն յանձնեն: Այսօր Հայաստանի մէջ արեւմտահայ գրականութեան եւ լեզուին գիտակ սփիւռքահայ մարդիկ կան, թող զանոնք հրաւիրեն այս գործը լաւապէս գլուխ հանելու: