«Միջերկրականի հարսը». այսպէս կը կոչէին Լիբանանը, անոր աննման գեղեցկութեան համար: Սակայն, այնքան գովեցին ու փառաբանեցին զայն, այնքան ցուցադրեցին անոր մարմնի գրաւչութիւնը, այնքան թմբկահարեցին անոր աննման հմայքը, այնքան ծնրադիր պաշտամունքի կուռք դարձուցին զայն, որ աշխարհի չորս ծագերէն արկածախնդիր չմնաց, որ չհմայուի իրմով, չգայ իր մօտ ու չփորձէ օգտուիլ անոր հիւրընկալութենէն, չփորձէ ըմպել անոր կանացիութեան զգլխիչ բաժակէն:
Եկան, ըմպեցին զեխօրէն ու անասնական ախորժակով, մինչեւ որ հիւթաքամ ըրին զայն ու «Միջերկրականի հարսը» դարձուցին միջազգային… չեմգիտերինչ: Անոր գեղեցկութիւնն ու հմայքը աճուրդի հանած «հարսնատէրերը» միլիոն միլիոնի վրայ դիզելով աշտարակներ կառուցեցին ու անոնց մէջ փակուած, անոնց բարձունքէն դիտեցին իրենց ձեռակերտն ու տաւիղներն ի ձեռին, նոր Ներոններ դարձած, սկսան սգերգել անոր ողբալի վիճակը:
Լիբանան… Ի՞նչ մնացեր է երբեմնի այս «Դրախտէն», որուն քարերն իսկ կու լան այսօր, որուն մայրիներն իսկ գլխահակ, անոր սնարին մօտ սգաւոր, անոր հոգեվարքը կը հսկեն ու կ՛անիծեն պատճառ եղողները:
Անոր «տէրերը» անխնայօրէն վարուեցան անոր հարստութիւններուն հետ, մինչեւ որ աղքատացուցին զայն ու իրենք հարստացան: Այսպէս կ՛ըլլայ, երբ իրենց իսկ սահմանած անսահման ազատութիւնը, կը պատուհասէ երկիրը:
Միշտ ալ հպարտացեր ենք, որ արաբական աշխարհի միակ իսկական ժողովրդավարական (դեմոքրատիկ) երկիրը Լիբանանն է, ուր յարգուած է խօսքի ազատութիւնը իր բոլոր դրսեւորումներով, ուր յարգուած է բազմակուսակցական քաղաքական կառոյցը: Բայց եւ ուր, դժբախտաբար, չափազանցուած ազատութեան պատճառով սանձարձակ կը գործէ ազատ տնտեսութիւնը, ազատ կը գործեն նաեւ օտար պետութիւններու ստուերային ծրագիրները:
Անկառավարելի ազատութիւնը կը նմանի ոգելից ըմպելիքներու չափը անցնելուն, որուն արդիւնքը աղէտն է: Գիտակից մարդիկ կ՛ապրեցնեն ազատութիւնը, կը գուրգուրան անոր վրայ, ոչ թէ կը շահագործեն զայն ու երկրին մէջ քաոսայի վիճակ կը ստեղծեն: Հիմա, այս է Լիբանանի վիճակը:
Ժողովուրդը գիտակ է անցած-դարձածին, լիբանանցին քնացած չէ: Ու հասաւ պահը, երբ համբերութեան բաժակը յորդեցաւ: Ամիսներով ցոյցեր ըրաւ, մինչեւ որ կառավարութեան կառոյցը փոխել տուաւ, կուսակցական ուժի կեդրոններուն ներկայացուցիչներով կազմուող կառավարութիւնը տապալեցաւ ու մէջտեղ եկաւ անկուսակցական կառավարութիւն մը, որ սակայն ոչինչ կարողացաւ փոխել, քանի որ անկուսակցական անուան տակՙ ստուերային կուսակցամէտեր էին:
Ու պատահեցաւ մեծ պայթումը, երբ օդը հանուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստը, որուն վնասները տարածուեցան ամբողջ Պէյրութի վրայ: Պայթումը որակուեցաւ «Երկրորդ Հիրոշիմա» իր ահագնութեան պատճառով, եւ որ, բացի բազմահազար քանդուած շէնքերէն, պատճառ դարձաւ մեծ թիւով զոհերու եւ վիրաւորներու:
«Միջերկրականի հարսը» հիմա սեւեր հագած պառաւած կնոջ կը նմանի: Անիշխանական վիճակը հոս հասցուց Լիբանանը, որուն նախագահն իսկ, որ նաեւ երկրի զինուած ոյժերու գլխաւոր հրամանատարն է, խոստովանեցաւ, որ տեղեակ չէ նաւահանգիստին մէջ ամբարուած 2750 թոն պայթումնավտանգ քիմիական նիւթի գոյութենէն… Ամբողջ աշխարհը փութաց օգնութիւններով ողողել Լիբանանը. նոյնիսկ իննամեայ պատերազմէն ուժաքամ եղած Սուրիան իր հիւանդանոցները բացաւ վիրաւորներուն առջեւ, նոյնիսկ Հայաստանը իր սահմանափակ կարողութիւններէն բաժին հանեց Լիբանանի ժողովուրդին:
Պէյրութը կը վերականգնի, անկասկած, բայց աղէտին պատասխանատուները խելքի կու գա՞ն, պատիժի կ՛ենթարկուի՞ն: Օտար պետութիւնները կը ձգե՞ն որ Լիբանանը ի՛նք որոշէ իր ճակատագիրը: Լիբանանցին գիտէ դժուարութիւնները վեհօրէն դիմագրաւել եւ այնպէս մը ընել, որ այլեւս ոչ մէկ անգամ կրկնուի աղէտը եւ երկիրը նոր զարթօնք մը ապրի: