Խաղաղութիւնը գին ունի՞: Ի՞նչ է խաղաղութեան գինը: Անգի՞ն է, թէ՞ անարժէք: Ձրի՞ կը տրուի ու կ՛առնուի, թէ՞ վճարովի է:
Պատմութեան էջերը բանալովՙ համայն աշխարհի երկիրներու միջեւ կնքուած խաղաղութեան բազմահարիւր, կամ բազմահազար համաձայնագրերը ի՞նչ սակարկութեամբ եղած են. ո՞վ ինչ գին վճարած է խաղաղութիւն ձեռք բերելու համար. ո՞վ ինչ գին գանձած է խաղաղութիւն շնորհելու համար, եթէ անշուշտ երկու կողմերէն մին զօրաւոր էր, իսկ միւսըՙ տկար: Թէ՞ իրենց հաւասար ուժերը խնայելու եւ պատերազմէն դէպի բարօր կեանք ու ծաղկում երթալու համար համաձայնութիւնը կնքուած հաւասարէ հաւասար:
Խորհելու բան է: Դեռ վերջերս աշխարհի հետաքրքրութեան կեդրոնը հանդիսացաւ Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ կնքուած խաղաղութեան դաշնագիրը, , որուն անմիջապէս հետեւեցաւ Պահրէյնը, կնքահայրութեամբ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի:
1948-ի Իսրայէլի ծնունդէն ի վեր, նորածինին եւ արաբական երկիրներուն միջեւ թշնամանքը չէ դադրած, թէեւ Եգիպտոսը եղաւ առաջինը, որ հաշտութիւն կնքեց Իսրայէլի հետ, որուն յաջորդեց Յորդանանը, իսկ կարգ մը այլ արաբական պետութիւններ, ոչ պաշտօնական, գաղտնօրէն յարաբերութիւն կը մշակէին Իսրայէլի հետ:
Արաբական երկիրներունՙ Իսրայէլի հետ թշնամանքի բուն պատճառը Պաղեստինն է, քանի որ Պաղեստինի հողին վրայ, պաղեստինցիներու իրաւունքները ոտնակոխելով Իսրայէլ մը մէջտեղ եկաւ Անգլիոյ կնքահայրութեամբ, որպէս Ս. Գրային պատմական հայրենիք «աստուածընտիր» ազգինՙ հրեաներուն: Ո՛չ անցնող տասնամեակները, ո՛չ Իսրայէլ-Պաղեստին խօսակցութիւնները, ո՛չ ալ պատերազմներն ու ամէնօրեայ բախումները պաղեստինցի ցուցարարներու հետՙ որեւէ բան փոխեցին:
ԱՄԷ հարուստ, սակայն հեռու երկիր է Իսրայէլէն, Եգիպտոսի ու Յորդանանի նման սահմանակից չէ, որ բարիդրացնութեան հաշտութիւն կնքէ, հապա ի՞նչ է պատճառը: Արդեօք պաղեստինեան թնճուկը լուծելու այս ձե՞ւը ճիշդ գտաւ, երբ թշնամական կեցուածքը ապարդիւն ելաւ:
Լսեցինք, որ հաշտութիւն կնքելու համար ԱՄԷ պայմաններ դրած է, որուն գլխաւորը Իսրաէյէլի կողմէ պաղեստինեան նոր հողամասեր գրաւելու դադրեցումն է: Իսրայէլ համաձայնեցաւ ոչ վերջնական դադրեցումի, այլՙ ժամանակաւոր առկախումի: Անշուշտ Իսրայէլ ալ իր պայմանները դրաւ եւ երկկողմանի ընդունուեցան այդ պայմանները ու կնքուեցաւ հաշտութիւնը: Հիմաՙ ի՞նչ եղաւ. ո՞վ ինչ շահեցաւ. ո՞վ ինչ վնասեց, այս համաձայնութեան գինը ի՞նչ էր:
Առաջին հերթինՙ Թրամփի ժողովրդականութիւնը բարձրացաւ, ապաՙ անոր վերընտրուելու ճամբան բաւական հարթուեցաւ: Իսրայէլ ԱՄԷ-ի նման հարուստ երկրի մը հետ հաշտուելով նախ տնտեսապէս պիտի օգտուի, ապա կ՛ակնկալուի, որ Էմիրութիւններէն եւ Պահրէյնէն քաջալերուած քանի մը ուրիշ արաբական պետութիւններ ալ նոյն քայլին դիմեն: ԱՄԷ թէեւ ինքնաբաւ պետութիւն է, սակայն ինք նոյնպէս բազմատեսակ օգուտներ պիտի քաղէ, նաեւ կ՛ուզէ խաղաղ գոյակցութեան եւ Պաղեստինի հարցի լուծման առաջատարը դառնալ:
Իմ համոզմամբ Պաղեստինի հարցի լուծումը դիմակ է, բոլորն ալ կեղծ են, միակ շահողը Իսրայէլը պիտի ըլլայ: Ո՞վ գիտէ, գուցէ Թրամփին ալ խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ շնորհուի…