Ամէն անգամ որ մեր շուրջի երկիրներուն մասին կը խօսինք, սովորաբար կը հաստատենք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի թշնամի երկիրներ ըլլալը, Վրաստանի համար կը տատամսինք բարեկամ ըսել, սակայն չենք ուզեր նաեւ միւս երկուքին նման թշնամի ալ ըսել: Իսկ Իրանի պարագային, անոր մէջ ոչ մէկ թշնամանք տեսնելով, մեր միակ յոյսը անոր կը կապենք:
Սակայն վերջին (վերջի՞ն) պատերազմին յայտնի եղաւ, որ Իրանն ալ իր հաշիւները առաջ քշելովՙ մէյ մը յայտարարեց, թէ ինք կողմ է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ապաՙ պատերազմի աւարտէն ետք, շնորհաւորեց Ատրպէյճանը, անոր տարած յաղթանակին ու «գրաւուած» հողատարածքներու վերադարձին համար:
Ես եւ, վստահ եմ, ինծի նման շատեր զարմացան Իրանի այս վերաբերմունքին համար, որմէ եթէ ոչ զօրակցութիւն, գոնէ չէզոք կեցուածք մը կ՛ակնկալէինք:
Մենք միշտ կարծած ենք, որ Իրանն ու Ատրպէյճանը չեն կրնար բարեկամանալ, այնքան ատեն, որ հիւսիսային Իրանի Ատրպատական նահանգը կայ եւ որուն բնակիչները իբր ազերիներ են եւ Ատրպէյճանը աչք ունի այդ տարածաշրջանին վրայ, իբր թէ վերամիացնելու կիսուած «ազերի» ժողովուրդը: Սակայն, այս փափաքին ետին կայ նաեւ թրքական համաթուրանականութեան ծրագիրը, քանի որ իրանեան Ատրպատականը Ատրպէյճանին միանալով, ճամբան կը բացուի դէպի թյուրքաբարբառ արեւելեան երկիրները:
Մենք փակուած էջ կը համարենք Աւարայրի ճակատամարտը, եւ նոյնիսկ մեր եւ Պարսկաստանի պատմական թշնամութեան մասին խօսիլն իսկ աւելորդ կը նկատենք այս օրերուն, երբ մեր յարաբերութիւնները Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ բաւական լաւ են: Իրանը դէպի արտաքին աշխարհ մեր երկու դուռներէն մէկն է: Հիմա, ի՞նչ դիրք բռնելու է մեր պետութիւնը. նախկինին նման շարունակելո՞ւ է բարի դրացնութիւնը, ի հեճուկս Իրանի ըրածին, թէ՞ վերապահութեամբ մօտենալու է անոր:
Այսքան լճացած ու կղզիացած վիճակի մէջ ուրիշ երկիր կա՞յ աշխարհի վրայ: Ափ մը Հայաստան ու այսքան վտանգալից իրավիճակ: Ամէն երկիր իր շահը կը փնտռէ, իսկ մենք չենք ալ գիտեր, թէ ո՞ւր փնտռելու ենք մե՛ր շահը: Քաղաքական հոտառութիւն, քաղաքական փորձառութեանց մէջ հմտացած կողմնացոյց մը չունինք, որ մեզի ճիշդ ճամբան ցոյց տայ:
Վերադառնանք Իրանի Իսլամական պետութեան ու փորձենք հասկնալ թէ կրօնականներով ղեկավարուող այս երկիրը ի՞նչ տեղ ունի ներկայ քաղաքական քարտէսին վրայ:
Մենք յաճախ կը քննադատենք այս կամ այն երկիրը իր ծաւալապաշտական նկրտումներու համար ու կ՛անտեսենք Իրանը, որ պակաս ծաւալապաշտական չէ:
1978-ին պայթած իրանեան յեղաշրջումէն ետք Շիա իսլամ կրօնապէտներ սկսան ղեկավարել երկիրը, որ շահ Ռիզա Փահլաւիի իշխանութեան տարիներուն թագաւորական վերնախաւին հարուստ ու զեխ կենսամակարդակին կողքին, բաւական անտեսուած ու ճնշուած ժողովրդային խաւ մը ունէր: Առաջին իսկ օրէն, իրանեան իշխանութիւնը իր գլխաւոր թշնամիները նկատեց ԱՄՆ եւ Իսրայէլը, ու շարունակուեցաւ յաջորդող տասնամեակներուն, յատկապէս, երբ Իրան ձեռնարկեց միջուկային տէրութիւն դառնալՙ իր դիրքը զօրացնելու համար: Աթոմակայանի նախապատրաստութիւնն ու Իրանի ազդեցոութեան տարածումը երկրէն դուրս, մասնաւորաբար լիբանանեան Հզպոլլայի ստեղծումն ու զինումը Իսրայէլի քիթին տակ, պատճառ դարձան, որ Արեւմուտքը, յատկապէս ԱՄՆ-ը, պատժական միջոցներու դիմեն թէ՛ զինեալ հարուածներով, թէ՛տնտեսական պատժամիջոցներով:
Կարծես Իրան կը վերադառնայ Պարսկական կայսրութեան, հոս ու հոն իր ձեռքը երկարելով, արաբական երկիրներուն մէջ Շիա համայնքին օգնութեան փութալու պատրուակով: Լիբանաէն ետք վտանգաւոր ներկայութիւն ունեցաւ Սուրիոյ մէջ, պաշտպանելով օրինական իշխանութիւնը ռուսերու կողքին: Ապաՙ Իրաքի մէջ, Եմէնի մէջ, Պահրէյնի մէջ… Եւ ուր որ մտաւ, հովանաւորեց ու զինեց ընդդիմադրութիւնները, տակնուվրայ ըրաւ ու ներքին եւ արտաքին առճակատումներ ու պատերազմներու պատճառ դարձաւ:
Որքան ալ որ իր եւ իր ժողովուրդին կարծիքով արդարանալի է Իրանի աս քաղաքականութիւնը, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն կը հաստատուի միայն եթէ Իրան քաշուի Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Եմէնէն եւ այլ վայրերէ: Բայց ո՞վ խաղաղութիւն կ՛ուզէ. ժողովուրդըՙ այո՛, մեծ պետութիւններըՙ ո՛չ, խաղաղութիւնը փոր չի կշտացներ, կռիւ ու պատերազմ ըլալու է ամէն կողմ, որ համաշխարհային «պիզնէսը» կանգ չ՛առնէ: