Կարծէք թէ սովորական երեւոյթ դարձած է Թուրքիոյ կամ Հայաստանի մէջ գրոհել օրէնսդիր տան` խորհրդարանի վրայ. սակայն, աննախընթաց երեւոյթ էր, որ այդ գրոհը կատարուէր Ուաշինկթընի մէջ։ Այդ պատճառաւ էր որ BBC-ի լրատու կեդրոնի հաղորդավարը իր Ուաշինկթընի աշխատակիցին հարց կու տար հեգնանքով. «Ի՞նչ կը պատահի Ուաշինկթընի մէջ, որ ամբողջ աշխարհին դասեր կը բաշխէ ժողովրդավարութեան եւ ազատականութեան»։
Ամերիկայի համար դարաւոր աւանդութիւն դարձած է նոյեմբեր 3ին նախագահական ընտրութենէն վերջ գումարել համատեղ ժողով, Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան, յաջորդ յունուար 6ին, վաւերացնելու համար ընտրութեան արդիւնքները, որոնք կը հաղորդուին իւրաքանչիւր նահանգի ընտրողական յանձնաժողովին (electoral college) կողմէ։ Արարողակարգի դրութիւն մըՙ ուր քիչ անգամ կը պատահին տարակարծութիւններ ու վէճեր, որովհետեւ Քոնկրէսի այդ հաւաքը իրաւասու չէ փոփոխութեան ենթարկելու ընտրական որեւէ արդիւնք, որ վաւերացուած է իւրաքանչիւր նահանգի կողմէ։
Այս անգամ սակայն անակնկալ մը պարզուեցաւ. անակնկալ մը` որ այնքան ալ անսպասելի չէր, քանի նախագահ Թրամփի կողմնակից կարգ մը ծերակուտականներու – գլխաւորութեամբ Արիզոնայէն Թէտ Քրուզի – ծանուցած էին, թէ պիտի բողոքէին ընտրութեան արդիւնքներուն մասին, ձայնակցելով նախագահ Թրամփին, որ անվերջ կը պնդէր, թէ ընտրական խախտումներ կատարուած էին եւ թէ ընտրութիւնը «գողցուած էր իրմէ»։
Միւս կողմէ, ընկերային ցանցերու զրոյցներէն կը պարզուէր, թէ նախագահ Թրամփի համակիրներ ցոյց պիտի կատարէին Քոնկրէսի շէնքին առջեւ։
Ծերակուտական (սենատոր) Թէտ Քրուզ բաւական հմուտ եւ ազդեցիկ քաղաքագէտ մըն է, որ անցեալին նոյնիսկ նախագահական թեկնածու առաջադրուած էր Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ։ Ի դէպ, ան հայանպաստ կարեւոր դեր կատարած է նաեւ ամերիկեան ծերակոյտի (սենատ) կողմէ հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման նախաձեռնութեան մէջ։ Այդ պատճառաւ ալ քիչ մը զարմանալի թուեցաւ, որ ան նախաձեռնեց գլխաւորել նախագահ Թրամփի կողմնակից սահմանափակ խումբը։
Երբ սկսան այբբենական կարգով ներկայացուիլ իւրաքանչիւր նահանգէն փոխանցուած արդիւնքները, բողոքը եկաւ Արիզոնայէն։ Ի պաշտօնէ նիստին կը նախագահէր փոխ-նախագահ Մայք Փենս, որ դադրեցուց քուէարկութեան հաշուարկումը` Ծերակոյտն ու Ներկայացուցիչներու տունը հրաւիրելով առանձին-առանձին խորհրդակցութեան։ Նոյնը պիտի պատահէր Ալապամա նահանգի պարագային, եւ շարունակաբար։
Սակայն ժողովի դահլիճին մէջ յառաջացած լարւածութիւնը ոչինչ էր` բաղդատած դուրսը պատրաստուող սադրանքին։
Անցնող 2020 տարին սովորական շրջան մը չեղաւ աշխարհին եւ յատկապէս Ամերիկայի համար։ Ամերիկան քաղաքական փոթորկումներու նախաճաշակը ունեցաւ, երբ ոստիկանութեան կողմէ սպաննուեցաւ սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտը։ Ցոյցերը տարածուեցան գրեթէ բոլոր քաղաքներու մէջ, իսկ Փորթլենտ քաղաքին մէջ ամբոխը գրաւուած պահեց քանի մը շէնքեր ամիսներ ամբողջ։ Հակադարձութիւնը պիտի չուշանար աջէն` մասնաւորաբար Թրամփի հրահրումով։
Ընտրական վիճակագրութիւնները բացայայտած են, թէ նախագահ Թրամփին քուէարկողներուն մեծամասնութիւնը զուրկ է բարձրագոյն կրթութենէ։ Սակայն, ժողովրդավար երկիրներուն մէջ իւրաքանչիւր քաղաքացի հաւասար իրաւունք ունի` անկախ իր գլուխին բովանդակութենէն։ Քոնկրէսի շէնքին առջեւ համախմբուածը վոհմակ բնորոշելը այնքան ալ մեղանչում մը չէ, քանի այդ զանգուածը կը վերաբերէր վոհմակի նման, բացի հագուստ-կապուստէն եւ պարզած դրօշներէնՙ մեծ մասը հարաւի անջատողական շրջանէն մնացած (confederate flags)։
Այդ զանգուածը Ուաշինկթընի մէջ համախմբուած էր նախագահ Թրամփի հրաւէրով` բողոքելու ընտրութեան արդիւնքները։ Նախագահը հրձիկ ճառով մը փոթորկեց զանգուածը բացայայտօրէն քաջալերելով որ երթ մը կատարուի Քոնկրէսի շէնքին վրայՙ ոյժի ցուցադրութեամբ մը։ Նախագահը նոյնիսկ յայտնեց, թէ ինքն ալ կը միանայ այդ արշաւին։
Վոհմակը արշաւեց Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակուհի Նենսի Փելոսիի գրասենեակին վրայՙ ջարդ ու փշուր ընելով կարասիներն ու ապակիները։ Կարծէք կրկնօրինակն էր նոյեմբեր 9ին Հայաստանի խորհրդարանին եւ վարչապետարանին վրայ կատարուած յարձակման։
Բնականաբար նիստը ընդհատուեցաւ հարկադրաբար եւ օրէնսդիր մարմիններու ներկայացուցիչները ապաստանեցան տարբեր անկիւններու մէջ։ Վիրաւորուեցան տասնեակ ոստիկաններ. մահացան չորս քաղաքացիներ` մէկը զէնքով, միւսները խուճապի հետեւանքով։ Ձերբակալուեցան 63 քաղաքացիներ, որոնք կ’ամբաստանուին իբրեւ ահաբեկիչներ։ Վնասազերծուեցան երկու ռումբեր – երկու ժամուան ընդհատումէ ետք – որուն ընթացքին ոստիկանութիւնը հեռացուց ցուցարարները եւ նիստը վերսկսաւ եւ տեւեց մինչեւ կէս գիշերը անց։ Կարգ մը հանրապետականներ արդէն շշմած էին եւ հրաժարեցան իրենց ընդդիմութենէն։
Ոստիկանութիւնը եւ ազգային պահակագունդը (National Guard) շատ թոյլ գտնուեցան։ Կարգապահութեան մասնագէտներու կարծիքը իմանալով` կարելի է եզրակացնել, որ ոժային կառոյցները թոյլատրեցին – եթէ նոյնիսկ չաջակցեցան – խուժանութիւններուն։
Նախագահ Թրամփ, անդրադառնալով որ կացութիւնը ձեռքէ ելած է արդէն` կոչ ըրաւ ցուցարարներուն հեռանալ իրենց դիրքերէն։ Սակայն չմոռցաւ գովասանքներ շռայլելու անոնց հասցէին. «Դուք յատուկ մարդիկ էք։ Կը սիրեմ ձեզ» եւ այլն։
Արդէն այս իրարանցումներուն պատճառաւ ամբողջ քաղաքական կառոյցը սկսած էր մտահոգուիլ Թրամփի մտային կարողութեամբ, վախնալով որ մնացեալ 13 օրերու ընթացքին կրնայ աննախատեսելի արարքներու դիմել։ Իր դահլիճէն երկու նախարարներ հրաժարեցան եւ թելադրութիւններ սկսան շրջիլ, որ պէտք է գործադրութեան դնել Սահմանադրութեան 25րդ յաւալուածը (25th amendment), որով կարելի է գահընկէց ընել նախագահ մը` անկարողութեան պատճառաւ։
ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐ
Երբ նիստերը վերսկսան` պարզ է թէ շփոթած էին հանրապետականները։ Իւրաքանչիւր օրէնսդիր պետական մարդ սկսած էր մտածել իր ապագային մասին, որ ալ կախեալ չէ նախագահ Թրամփէն։ Թրամփ իր թուիթըրով մեղադրեց փոխ-նախագահ Փենսը որ իր ցանկութիւնը չէր կատարած։ Փոխ նախագահ Փենս վարուեցաւ ու գործեց պետական մարդու վայել վարմունքով։ Նիստի բացման առիթով ան մեղադրեց անկարգները, առանց յիշելու նախագահին անունը։ Ան ըսաւ թէ բռնութիւնը չի կրնար յաղթանակել. միայն ազատականութիւնն է որ կը յաղթանակէ։ Ան այս լուրջ եւ անկողմնակալ կեցուածքը որդեգրեց, վստահաբար այն հաշուարկումով, որ նախագահ Թրամփ այլեւս վարկաբեկուած է եւ նոյնիսկ եթէ ցանկութիւն յայտնէ` չի կրնար նախագահական թեկնածու դառնալ ու Փենս կրնայ նշանակուիլ հանրապետականներու կողմէ 2024ին։
Ծերակոյտի նախագահըՙ Միչ Մըք Քանըլ, արդէն ատենէ մը ի վեր խզուած էր Թրամփէն, իր կարգին մտածելով իր քաղաքական ապագային մասին։ Ծերակոյտի դեմոկրատ փոքրամասնութեան պետը (որ շուտով կը դառնայ մեծամասնութեան պետը)ՙ Չաք Շումըր, բուռն կերպով քննադատեց նախագահ Թրամփը, ըսելով, որ այս վայրագութեանց գրգռիչը նոյնինքն նախագահն է։ Այս վոհմակին բոլոր ջարդարարութիւններուն պատասխանատուութիւնը կը փաթթուի նախագահ Թրամփի վզին։ Իսկ նիստէն վերջ ալ խօսելով մամուլի ներկայացուցիչներուն ան պնդեց, որ նախագահը պէտք է ենթարկուի իմփիչմընթի , իր արարքին համար։
Ընդհանուր երեւոյթը այն է, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը պառակտուեցաւ, ծայրայեղականները յարած մնալով Թրամփին, իսկ միւսները` հեռացան անկէ։
Այս թոհ ու բոհին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ քաղաքական մեծակշիռ իրադարձութիւն մը` ի վնաս հանրապետականներուն, որոնք մեղադրեցին Թրամփի ծայրայեղութիւնները, որոնք պատճառ դարձան հանրապետականներու ձախողութեան։
Արդարեւ, նոյն օրը կայացան Ճորճիա նահանգի ծերակուտական արտահերթ ընտրութիւնները. նախատեսութիւնները մազի թելի տարբերութիւններ ցոյց կու տային հանրապետական եւ դեմոկրատ թեկնածուներու միջեւ։ Ցարդ Ծերակոյտի մէջ գերակշռութիւնը հանրապետականներու կողմն էր, առիթ տալով նախագահ Թրամփին իր ուզած որոշումներն ու օրէնքները անցընելու։
Ամերիկայի սահմանադրութեան նախահայրերը պետութեան կառոյցը հիմնած են հակակշռութիւններու վրայ։ Գործադիր իշխանութիւնը, որ նախագահն է, բացարձակատէր մըն է, որ սակայն կը հակակշռուի օրէնսդիրին կողմէ (Ծերակոյտ եւ Ներկայացուցիչներու տուն), իսկ Գերագոյն դատարանը տէրն է վերջնական վճիռին (դատական)։
Մինչեւ յունուար 6 հանրապետականները ունէին 50 ծերակուտականՙ դեմոկրատներու 48ին դիմաց։ Եթէ անոնք շահէին Ճորճիա նահանգի ծերակոյտի արտահերթ ընտրութիւնները` պիտի ունենային 52 անդամ դեմոկրատներու 48ին դիմաց. հետեւաբար պիտի յաջողէին մնայուն կերպով արգելակել դեմոկրատ նախագահ Ճօ Պայտընի առաջարկները, հակառակ անոր որ Ներկայացուցիչներու տունը կը գտնուի դեմոկրատ մեծամասնութեան ձեռքին` 222 ընդդէմ 211ի։ Իսկ ներկայիս Ճորճիա նահանգէն երկու դեմոկրատ ծերակուտականներու ընտրութեամբ կողմերը կը հաւասարին` 50-50ի. իսկ հաւասարութիւնը բեկանողը կ’ըլլայ փոխ-նախագահը, որ օրէնքով նախագահն է Ծերակոյտին, այս պարագային` Քամելա Հարիս։
Ուրեմն, պետութեան երեք լծակները յունուար 20ին կ’անցնին դեմոկրատներու ձեռքը։ Արդարեւ, հզօր իշխանութիւն` բազում օրէնքներ անցընելու եւ նախագահ Թրամփի ծրագիրները եւ կամայական որոշումները ջնջելու։
Նախագահ Պայտընի հեռանկարները
Անցնող չորս տարիներուն Դեմոկրատական կուսակցութիւնը որքան ալ ընդդիմացաւ Թրամփի նախաձեռնութիւններուն, անկարող գտնուեցաւ զանոնք արգելակելու քանի Թրամփ իր կողքին ունէր Ծերակոյտի մեծամասնութիւնը։ Ըստ Պայտըն-Հարիս վարչակարգինՙ փոփոխութեան ենթակայ են հետեւեալներըՙ մասնակիօրէն.
– Գերագոյն ատեանի դատաւորներուն իշխանութիւնը ցկեանս է։ Թրամփին բախտը բերաւ, որ իր օրով երկու դատաւորներ մահացան եւ ինք յաջողեցաւ փոխարինել զանոնք երկու պահպանողական դատաւորներով` կշիռը հակելով ամբողջութեամբ դէպի աջ։ 9 դատաւորներուն 6ը պահպանողական են, իսկ երեքը` ազատական. անոնց վճիռէն կախեալ են շատ մը կենսական հարցերու լուծումները։ Նոյնիսկ Թրամփ կ’ակնկալէր, որ իր պարտութեան պարագային` Գերագոյն ատեանի պահպանողական մեծամասնութիւնը կրնար զինք յաղթական հռչակել։ Սակայն, Գերագոյն ատեանը մերժեց նոյնիսկ քննել ընտրական հարցերը, ինչպէս 60 այլ ատեաններ մերժեցին Թրամփի ընտրական առարկութիւնները։
Ուրեմն, Ամերիկայի Սահմանադրութիւնը կ’արտօնէ, որ նախագահը աւելցնէ Գերագոյն ատեանի դատաւորներուն թիւը։ Հաւանաբար այդ է որ պիտի ընէ Պայտընի իշխանութիւնը` 9էն բարձրացնելով դատաւորներուն թիւը մինչեւ 14 կամ 15ի, կշիռը շեղելով դէպի ազատականութիւն (liberal)։
– Նախագահ Պայտըն խոստացած է Ամերիկայի անդամակցութիւնը վերահաստատել ՄԱԿ-ի Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութեան (WHO) հետ, զոր Թրամփ խզած էր` մերժելով հատուցանել Ամերիկայի տարեկան 500 միլիոն տոլարի յատկացումը այդ կազմակերպութեան։
– Օպամաքէրը, որ առողջապահական դրութիւն մըն է, որ ամերիկացի քաղաքացիներուն մեծամասնութեան կու տայ ապահովագրութեան իրաւունք. նախագահ Թրամփ եւ հանրապետականներ չորս տարի պայքարեցան այդ կառոյցը քանդելու` ապահովագրական ընկերութեանց շահերը հետապնդելու։
– Նախագահ Թրամփ որոշած էր միակողմնակիօրէն հրաժարիլ կենսոլորտի փարիզեան համաձայնութենէն, որ սահմանափակումներ կը կատարէր արդիւնաբերութեան արտադրած ապականումներու վրայ։ Նախագահ Պայտըն որոշած է վերադառնալ այդ համաձայնութեան։
– Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հիմնաքարերէն մէկն էր Իրանի հետ ստորագրուած համաձայնութիւնը, որով կ’արգիլուէր աթոմական ռումբի պատրաստութիւնը Թեհրանին։ Օպամայի իշխանութիւնը տարիներով դիւանագիտական աշխատանք տարաւ յաջողցնելու համար միջազգային այդ համաձայնագիրը, հակառակ Իսրայէլի վարչապետին` Պենիամին Նեթանիահուի կամքին։ Այս վերջինը կ’ուզէր ռմբակոծել Իրանը։ Նախագահ Թրամփ հրաժարեցաւ այս համաձայնագրենՙ զայն որակելով ՙամէնէն խայտառակ՚ համաձայնութիւնը։ Ռուսաստան եւ եւրոպական դաշնակիցներ փորձեցին տարհամոզել նախագահ Թրամփը, որ մնաց անդրդուելի։ Ստորագրող միւս երկիրները շարունակեցին հաւատարիմ մնալ իրենց ստորագրութեան։
– Նախագահ Թրամփ 10 միլիար տոլար յատկացուց Միքսիքոյի սահմանին պատ մը կառուցանելու եւ խոստացաւ, որ այդ գումարը պիտի գանձէր Մեքսիքոյի կառավարութենէն։ Մեքսիքայի կառավարութիւնը մերժեց վճարել այդ գումարը, ինչպէս մերժեց ամերիկեան քոնկրէսը։ Նախագահը իր տրամադրութեան ներքեւ գտնուող բանակի պիւտճէէն կատարեց այդ յատկացումը։
Պատի ծրագիրը մնացած է կիսաւարտ. տեսնենք ի՞նչ լուծում կրնայ բերել Պայտընի վարչակազմը։
– Երկու կուսակցութիւններն ալ, երբ հնարաւորութիւն ունենան, աշխարհագրական փոփոխութիւններ կը կատարենՙ իրենց ի նպաստ ընտրատարածքներ ապահովելու. Պայտընի իշխանութեան հեռանկարին մէջ է Ամերիկայի 51րդ եւ 52րդ նահանգներու վերածել Փորթօ Ռիքօ կղզին եւ Քոլումպիայի շրջանը, ուր կը գտնուի Ուաշինկթըն մայրաքաղաքը, որպէսզի ծերակուտականներու համեմատական թիւը բարձրանայ 104-ի, քանի քաղաքականօրէն հաւանական է, որ վերջին չորս ծերակուտականները աւելնան դեմոկրատներու թիւին վրայ։
– Բոլոր նախկին վարչակազմերը վերապահ գտնուած էին Իսրայէլի ծայրայեղական ծրագիրները ընդունելու եւ պաշտպանելու։ Նախագահ Թրամփ առաւ հետեւեալ վճռական քայլերը, արհամարելով իր նախորդներուն քաղաքական նկատումներն ու միջազգային օրէնքը.
Ա. Ընդունեց Իսրայէլի պահանջը մայրաքաղաքը Թել Ավիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու, առանց լուծած ըլլալու պաղեստինեան հարցը։
Բ. Իր օրհնութիւնը տուաւ Իսրայէլին, որ Սուրիական Կոլանի բարձունքը կցէ իր հողամասին։
Գ. Արեւմտեան ափին վրայ իսրայէլեան բնակեցումները (settlements) միջազգայնօրէն ապօրինի նկատուած են։ Սակայն Թրամփի արտաքին գործոց նախարարըՙ Փոմփէօն յայտարարեց, որ Ամերիկա այլեւս ապօրինի չի նկատեր զանոնք։
Դ. ՄԱԿ-ը եւ միջազգային հասարակութիւնը կը պաշտպանեն երկու պետութեանց լուծումը` պաղեստինեան հարցին մէջ։ Նեթանիահուի իշխանութեան համար վերջ գտած է երկու պետութեանց լուծումը եւ Թրամփի իշխանութիւնը համակերպած է այդ որոշման։
Վերեւի բոլոր խնդիրներուն մէջ շատ հաւանաբար նախագահ Պայտըն դժուարութիւն չունենայ կացութիւնները շրջելու, քանի Քանկրէսը իր հետ է. սակայն հարց է, թէ Իսրայէլի պարագային քաջութիւնը պիտի ունենա՞յ նախագահ Թրամփի կամայական որոշումները շրջելու, որովհետեւ կրնայ պատահիլ, որ այդ պարագային չվայելէ Քոնկրէսի գործակցութիւնը։ Նախագահ Օպամայի օրով լարուած էին Ամերիկայի նախագահին եւ Իսրայէլի վարչապետին յարաբերութիւնները. սակայն այս վերջինը, շրջանցելով նախագահին հեղինակութիւնը, Քոնկրէսը սիրաշահած էր իր կողմը։
***
Նախագահ Թրամփ արդէն կորսնցուցած է իր թուիթըրը գործածելու իրաւունքը, որպէսզի անպատասխանատու յայտարարութիւններ, գրգռիչ արարքներ չգործադրէ։ Արդէն ամէնէն հաւատարիմ անդամները իր դահլիճէն հրաժարած են. իր ընդհանուր դատաւորը (attorney general) Պիլ Պառ, որ ոգի ի բռին պաշտպանած էր զինք, հրաժարած է։ Փոխ-նախագահ Մայք Փենս, որ իր ուղիղ կեցուածքով հաւասարակշռութիւն մը կը ստեղծէր Սպիտակ տան մէջ, արդէն սկսած է հեռաւորութիւն պահել նախագահէն։
Իսկ բոլոր անոնք, որ մնացած են իր կողքին, կ’երեւի զգաստացուցիչ յորդորներով զսպած են նախագահ Թրամփը, որ վերջին պահուն դատապարտեց վայրագութիւնները եւ առաջին անգամն ըլլալով յայտարարեց, որ յունուար 20ին տեղի պիտի ունենայ օրինաւոր իշխանափոխութիւն։
Եթէ իսկապէս իրականանայ այդ խոստումը` աշխարհ պիտի հանդիսատեսը դառնայ չորս տարուան ամերիկեան փոթորկալի կեանքին եւ պիտի ողջունէ քաղաքական բնականոն շրջանի մը սկիզբը։
Դետրոյթ, ԱՄՆ