ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ Հանճարեղ երգիծաբանն իր «Թիւ 17 խաֆիէն» գրքում երկու տեղՙ 5-րդ եւ 26-րդ գլուխներում, դեմ առ դեմ է բերել Զոհրաբին ու Թալաթին: Նրանց զրույցը, անշուշտ Օտյանի վիպականացմամբ, վավերագրային նշանակություն ունի, կեցվածքի ու տեսակետի, զգուշավորության եւ հարձակողանության, զոհի ու դահճի հակադրումՙ քստմնելի վերջաբանով: Ոչ միայն ընթերցման, այլեւ բեմականացման արժանիՙ մեր կողմից միմյանց կցված, որոշ կրճատումներով մատուցվող հատվածներով: Նաեւՙ խորհրդածելու:***Գրիգոր Զօհրապ, երբ իր գրասենեակին մէջ նստած կարգ մը դատական թուղթերու քննութեամբ զբաղած էր, յանկարծ թէլէֆօնին զանգակը հնչեց:Զօհրապ մեքենական շարժումով մը առաւ թէլէֆօնին փողը եւ ականջին մօտեցուց:- Ալօ՜, ի՞նչ կ՛ուզէք,- հարցուց:- Զօհրապ էֆէնտիի գրասենեա՞կն է այդտեղ,- հարցուց ձայնը:- Այո՛:- Զօհրապ էֆէնտին հո՞դ է:- Ես եմ, դուք ո՞վ էք…- Թալէաթն եմ,- ձայն տուաւ գործիքը:- Անպատճառ կ՛ուզեմ քեզ տեսնել այսօր: Ե՞րբ կրնաս գալ Պապը Ալի:- Անմիջապէս, եթէ կարեւոր է:- Այո՛, շատ կարեւոր, կը խնդրեմ իսկոյն կառք նստեցէք եւ եկէք, ձեզի կը սպասեմ կոր:- Գլխուս վրայ:Զօհրապ դատական թուղթերը ծրարեց, պարութային մէջ զետեղեց, յետոյ իր գրագրին քանի մը հրահանգներ տալէ ետքը դուրս ելաւ Լաճիվերտ խանէն, ուր կը գտնուէր մեծանուն փաստաբանին գրասենեակը:Փողոցը հանդիպած առաջին պարապ կառքը կեցուց, մէջը նետուեցաւ եւՙ- Պապը Ալի,- հրամայեց կառապանին:Այս վերջինը ձիերը մտրակեց, եւ կառքը ճամբայ ելաւ:Զօհրապ կառքին անկիւնը ընկողմանած, ոտքը ոտքին վրայ, սիկառէթ մը վառեց եւ սկսաւ ծխել:«Ի՞նչ կայ արդեօք, որ Թալէաթը այսպէս, մէկէն ի մէկ զիս տեսնել կ՛ուզէ,- կը մտածէր,- երէկ իրիկուն մինչեւ կէսգիշեր միասին էինք, ու որեւէ կարեւոր խնդրի մասին խօսք չեղաւ, անպատճառ անակնկալ բան մը ըլլալու է…»:Եւ այս մտածումը իր միտքը կը լլկէր: Ժամանակէ մը ի վեր Զօհրապ իթթիհատական պետերու մասին երկիւղներ ունէր: Այլեւս ո՛չ անոնց բարեկամութեան եւ ո՛չ ալ խոստումներուն կը հաւատար: Կը զգար, որ այդ մարդիկը երեսանց բարեկամ ձեւանալով հանդերձ հայերունՙ ներքնապէս կ՛ատէին զանոնք, եւ այս ատելութիւնը հետզհետէ որոշ ձեւ մը կ՛առնէր ու կ՛սպառնար գործնական հողի վրայ փոխադրուելու:Բարենորոգումներու հարցը, այս առթիւ հայերուն բռնած դիրքը, Պալքանեան պատերազմին ատեն Կիլիկիոյ մէջ փորձուած կարգ մը ապստամբական շարժումներ, հայերու համակրանքը դէպի պալքանեան քրիստոնեայ ազգերը եւ վերջապէս Եւրոպայի մէջ հայ պատուիրակութեան գործունէութիւնը մէյմէկ պատճառներ եղած էին այդ ատելութիւնը հետզհետէ աւելի գրգռելու:Պոլսոյ մէջ ալ ազգային իշխանութիւնը ակնյայտնի գործունէութեան մէջ էր հայաբնակ գաւառներու հիմնական բարենորոգութիւնը ձեռք բերելու համար Եւրոպական պետութիւններու միջնորդութեամբ:Այլեւս թուրք կառավարութեան համար գաղտնիք մը չէր, թէ Պատրիարքարանը այս մտքով ուղղակի յարաբերութեան մէջ էր մեծ պետութիւններու դեսպանատուններուն հետ, եւ թէ այդ յարաբերութեան գլխաւոր միջնորդ էր Գրիգոր Զօհրապ:Կառքին մէջ բոլոր ասոնք աչքի առջեւ բերելովՙ Զօհրապ տեսակ մը մտահոգութեան մատնուեցաւ:«Արդեօք նոր յայտնութի՞ւն մը եղած էր, արդեօք թիւ 17 խաֆիէ՞ մըն ալ մէջտեղ ելած էր»:Այս մտածումը կը չարչարէր Զօհրապի ուղեղը:«Թերեւս ո՛չ այս, ո՛չ այն է, այլ լոկ անձնական խնդրի մը համար զիս տեսնել կ՛ուզէ,- խորհեցաւ,- եւ ես պարապ տեղը միտքս կը չարչարեմ»:Ու վանելու համար իր մտահոգութիւնըՙ նոր սիկառէթ մը վառեց:Երբ կառքը հասաւ Պապը Ալի, էֆէնտիները արդէն կամաց-կամաց կը մեկնէին:Զօհրապ կառապանին պատուիրեց, որ սպասէ, ներս մտաւ եւ շիտակ ուղղուեցաւ դէպի ներքին գործերու նախարարութիւնըՙ աջ ու ձախ բարեւներ տալով:Նախարարին սենեակին դրան առջեւ դռնապան մը կը սպասէր: Մարդը Զօհրապը տեսնելուն պէս ոտքի ելաւ եւ յարգանքով բարեւեց:- Թալէաթ պէյը հո՞ս է,- հարցուց Զօհրապ:- Նորին վսեմութիւնը ներսն է,- պատասխանեց միւսը:- Առանձի՞ն է:- Այո՛, առանձին է, կրնաք ներս մտնել, արդէն ապսպրեց, որ Ձեր բարձրութիւնը գալուն պէս ներս մտցնեմ:Եւ դռնապանը վարագոյրը վեր առաւ:- Վա՜յ, Զօհրա՛պ էֆէնտի, բարի եկաք, ես ալ ձեզի կը սպասէի կոր,- գոչեց Թալէաթ զայն տեսնելով:- Թէլէֆօն ընելնուդ պէս ճամբայ ելայ,- պատասխանեց Զօհրապ:Եւ քանի մը վայրկեան աննշան խօսակցութենէ մը ետքը ներքին գործերու նախարարը ըսաւ.- Շատ կարեւոր խնդրի մը մասին կ՛ուզեմ խօսիլ ձեզի հետ:- Ձեզ մտիկ կ՛ընեմ,- պատասխանեց Զօհրապ:- Սուրիացիներու հետ մեր բոլոր առկախ խնդիրները կարգադրեցինք փոխադարձ զիջողութիւններով եւ բարեկամաբար:- Շատ լաւ ուրեմն,- պատասխանեց Զօհրապ:Թալէաթ ոտքի ելաւ, գնաց սենեակին դուռը կղպեց եւ վերադարձաւ իր թիկնաթոռը:- Հիմա ծածկաբար քեզի առաջարկութիւն մը ունիմ ընելիք,- շարունակեց նախարարըՙ ձայնը քիչ մը ցածցնելով,- եկէ՛ք, սա հայկական խնդիրն ալ մէջերնիս կագրադրենք:Զօհրապ թեթեւ ցնցում մը ունեցաւ, բայց իր պաղարիւնութիւնը պահեց:- Դժբախտաբար հայկական խնդիրը մենէ ելած է,- դիտել տուաւ,- եւ եւրոպական դահլիճներն են, որ կը զբաղին ատով:- Իրար չխաբենք… Պօղոս փաշայի պատգամաւորութիւնն է, որ Եւրոպայի մէջ այդ խնդիրը կ՛արծարծէ…- Այդ պատգամաւորութիւնն ալ մեր իրաւասութենէն դուրս կը գտնուի եւ ուղղակի Ռուսիոյ մէջ գտնուած կաթողիկոսին կողմէ պաշտօնի կոչուած է եւ անոր անունովը կը գործէ:- Իսկ հոս ձեր Պատրիարքարանը բնաւ բան մը չ՛ընե՞ր:- Մեր Պատրիարքարանը բոլորովին կրաւորական դեր մը կը կատարէ:- Մեծ պետութիւններու դեսպանատուններուն հետ յարաբերութեան մէջ չէ՞:- Այսինքն երբ դեսպաններէն մէկը որեւէ խնդրի մը մասին տեղեկութիւն հարցնէՙ բնականաբար ստիպուած է պատասխանելու:- Զօհրա՛պ էֆէնտի, զիրար խաբելու չաշխատինք,- գոչեց Թալէաթ սրտնեղած դէմքով,- մենք ամէն բանէ տեղեկութիւն ունինք… ասիկա դուք ալ գիտէք: Ամբողջ գաղտնի տօսիէներ կան ձեր խնդրին մասին: Պատրիարքարանի մէջ ինչ որ անցնի-դառնայ, մենք անմիջապէս լուրը կ՛առնենք, նոյնիսկ դեսպանատուններու մէջ անցած-դարձածը գիտենք:- Աւելի լաւ, մենք ծածուկ բան մը չունինք, մեր կատարած դերը այստեղ շատ աննշան է եւ կարեւորութենէ զուրկ…- Կ՛ուզէ՞ք, որ ձեզի ըսեմ, թէ ո՞ւր էիք երէկ,- ըսաւ ներքին գործերու նախարարըՙ Զօհրապի խօսքը ընդմիջելով,- նախ ռուսական դեսպանատունը եւ յետոյՙ գերմանական դեսպանատունը:- Ճիշդ է,- խոստովանեցաւ Զօհրապ:- Ըսե՞մ նաեւ, թէ ինչո՞ւ գացած էիք հոն. յիշատակագիր մը ներկայացնելու բարենորոգումներու խնդրին համար եւ Անգղիոյ ու Գերմանիոյ օժանդակութիւնը խնդրելու: Իսկ գալով այդ յիշատակագրինՙ ահաւասիկ անոր մէկ օրինակը…Եւ Թալէաթ գզրոցը բանալովՙ թուղթ մը ներկայացուց Զօհրապին: Այս վերջինը իր պաղարիւնութիւնը պահելու համար հզօր ճիգ մը ըրաւ, թուղթը առաւ, ակնարկ մը նետեց վրան ու վերադարձուց նախարարին:- Ճիշդ չե՞ն ըսածներս,- հարցուց Թալէաթ:- Շատ շիտակ են:- Ես ձեզի չեմ դատապարտեր այս դիմումներուն համար, անշուշտ իրաւունք ունիք ձեր շահերը պաշտպանելու ձեր գիտցած ձեւով, միայն թէ լաւագոյն միջոցը չէ, որ ընտրած էք:- Ի՞նչ ըսել կ՛ուզէք:- Ըսել կ՛ուզեմ, որ մենք մեզի եւ բարեկամաբար կրնանք ամէն բան կարգադրել առանց օտար միջամտութեան, ինչպէս ըրինք սուրիացիներուն հետ: Իմ զգացումներս հայերու մասին յայտնի են եւ պէտք չի կայ նոր փաստերու, որպէսզի ապացուցանեմ, թէ ես միշտ ձեր բարեկամը եղած եմ: Եթէ երկու կողմէն անկեղծօրէն մօտենանք իրարու, խնդրին լուծումը շատ կը դիւրանայ եւ օտար միջամտութեան տեղի չմնար: Օտար միջամտութիւնը մեր ներքին գործերուն մէջ ամենէն աւելի մեր ջիղերուն կը դպչի, եւ մենք ձեր ձեռքէն եկած ամէն բան պիտի ընենք, որպէսզի այդպիսի միջամտութիւն մը չըլլայ եւ եթէ, հակառակ մեր կամքին, ըլլայ իսկ, այն ատեն ամէն դժուարութիւն պիտի ստեղծենք, որպէսզի ձախողի, եւ այս պարագային դուք պիտի ըլլաք տուժողը:- Բայց ի՞նչ ծառայութիւն կը սպասէք ինէ,- հարցուց Զօհրապ:- Ամէն բան…- Ես յանձնաժողովի մը պարզ անդամն եմ, ես Պատրիարք չեմ, ո՛չ ալ Եւրոպայի պատուիրակութեան նախագահը:- Ես գիտեմ, որ եթէ դուն ուզես ամէն բան կրնաս ընել, Պատրիարքն ալ կը համոզես, պատուիրակութիւնն ալ, մի՞թէ պատուիրակութեան հետ յարաբերութեան մէջ չես…Զօհրապ չպատասխանեց այս հարցումին, իսկ նախարարը շարունակեց.- Մի՛ կարծեր, որ Եւրոպական պետութիւնները համաձայն են իրենց մէջ Արեւելեան նահանգներու բարեկարգութեան մասին, եւ մեր կողմէ այս կամ այն պետութեան փոքրիկ զիջողութիւններ ընելովՙ կրնանք զանոնք իրարու դէմ հանել եւ գործը ամբողջովին վիժեցնել… Բայց այդ ծայրայեղութեան չենք ուզեր դիմել առ այժմ, որովհետեւ մենք ալ համոզուած ենք, որ բարեկարգութեան անհրաժեշտ պէտք կայ, ու այս վիճակը չկրնար այսպէս տեւել, բայց բարեկարգութիւնը հարկ է, որ մեր ձեռքով կատարուի կառավարութեան եւ հայերու բարեկամական համաձայնութեամբ:- Ձեր ըսածը շատ աղուոր երազ մըն է,- պատասխանեց Զօհրապ:- Այդ երազը կրնանք իրականութեան փոխել, իսկ հակառակ պարագային կը վախնամ, որ պիտի ստիպուինք ձեզի հանդէպ մեր բարեացակամ ընթացքը փոխել եւ տարբեր ընթացք մը բռնել… Մենք չենք կրնար ընդունիլ, որ պետութեան մէջ ուրիշ պետութիւն մըն ալ հաստատուի, եւ ասոր համար, եթէ հարկ ըլլայ, ամէն բան աչք առած ենք, նոյնիսկ Թուրքիոյ կործանումը: Մեզի յուսահատական արարքներու մի՛ մղէք:Նախարարը լռեց եւ Զօհրապին նայեցաւ իր խօսքերուն ազդեցութիւնը նշմարելու համար անոր դէմքին վրայ:Զօհրապ մտածկոտ դէմք մը առած էր եւ յայտնի էր, որ ներքին յուզումի մը անձնատուր եղած էր:Թալէաթ դարձեալ սկսաւ խօսիլ եւ ըսել, թէ հայերուն համար բարենորոգումներ ձեռք բերելու միակ միջոցն էր թուրքերուն մօտենալ եւ թողուլ եւրոպական տէրութիւններուն օձիքը:- Անոնք ամէնքն ալ իրենց անձնական շահը կը հետապնդեն,- աւելցուց,- մենք ենք ձեր միակ բարեկամները:- Ամէն պարագային,- պատասխանեց Զօհրապ,- ես առանձին չեմ կրնար ձեզի բան մը ըսել, պէտք է Պատրիարքին եւ ընկերներուս հետ խորհրդակցիմ:- Իմ ըսածներս արդարացի չե՞ն թուիր քեզի:- Անշուշտ ճշմարտութիւններ կան անոնց մէջ:- Ես կ՛ըսեմ, թէ ամէնքն ալ ճշմարիտ են:Թալէաթ աւելի մտերմական շեշտ մը դրաւ իր խօսակցութեան մէջ եւ սկսաւ հարցուփորձել Զօհրապը մեծ պետութիւններու դեսպաններու տրամադրութեան մասին:Զօհրապ մէկ քանի տեղեկութիւններ հաղորդեցՙ խորհելով, թէ ատոնք հայկական դատին չէին կրնար վնասել:Ի փոխարէն Թալէաթ եւս թուրք պետութեան տեսակէտը պարզեց, ըսաւ, թէ Հայկական բարենորոգումներու համար մինչեւ ո՛ր աստիճան զոհողութիւններ կրնային ընել, եւ այլն:Յետոյ իրարու հետ կարծիքի փոխանակութիւններ ըրին, թէ ի՛նչ հիման վրայ կարելի էր բանակցութիւնները սկսիլ:Ի վերջոյ Զօհրապ ոտքի ելաւ եւ մեկնեցաւ:- Այս գիշեր Սէրքլը տ՛Օռիան իրարու հետ կը տեսնուինք,- ըսաւ Թալէաթ մտերմօրէն Զօհրապի ձեռքը սեղմելով:Այս վերջինը արագ քայլերով անցաւ Պապը Ալիի նրբանցքներէն եւ դուրս ելաւ:Իր կառքը կը սպասէր, Զօհրապ ժամացոյցը նայեցաւ եւ կառապանին հրամայեց.- Դէպի Բերա:Կառքին մէջ դարձեալ մտածումի մէջ թաղուեցաւ: Թալէաթի հետ ունեցած տեսակցութիւնը զինքը չափազանց վրդոված էր:«Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ մեր բոլլոր գաղտնիքները այսպէս կ՛իմանայ,- կը մտածէր,- արդեօք լրտեսներով պաշարուա՞ծ ենք»:Եւ մտածումը ուղղուեցաւ դէպի թիւ 17 խաֆիէն:«Թերեւս ինքն է դարձեալ այս գաղտնիքները հաղորդողը: Յիշատակագիր մը կուտանք դեսպանատունները, եւ օրինակը իսկոյն կը հաղորդուի Թալէաթի. ինչպէ՞ս կարելի է ասիկա: Ո՞ւրկէ առնուած է օրինակութիւնը, Պատրիարքարանէ՞ն, թէ՞ դեսպանատուններուն մէկէն, երկուքն ալ կարելի է»:Յետոյ անդրադարձաւ Թալէաթի հետ ունեցած տեսակցութեան:«Կարծեմ սխալ ըրի քիչ մը շատ առաջ երթալով,- խորհեցաւ,- պէտք էր, որ աւելի խոհեմ ընթացքի մը բռնէի… գրեթէ բանակցութեան սկսայ հետը, առանց այդպիսի պաշտօն մը կամ իրաւասութիւն մը ունենալու, բայց եթէ խոհեմ վարուէի, այն ատեն ալ կասկած պիտի հրաւիրէի վրաս»:Ինչպէս ըսինք, այդ թուականին Զօհրապ սկսած էր չափազանց յոռետես ըլլալ, իրա՛ւ է, որ կը շարունակէր աշխատիլ Հայկական բարենորոգումներու համար, բայց առանց համոզումի, առանց հաւատքի: Մտքի այդ տրամադրութեան ներքեւ իրեն համար Թալէաթի առաջարկը բոլորովին անընդունելի բան մը չէր թուեր իրեն:«Եթէ վաղը Եւրոպական պետութիւններու միջեւ անհամաձայնութիւն մը ծագէր, եւ բարենորոգումներու հարցը մէկ կողմ ձգէին, ի՜նչ պիտի ըլլար մեր վիճակը:Լաւագոյն չէ՞ր կարելի եղածին չափ խզում յառաջ չբերել Իթթիհատի հետ»:Այս մտածումներով տոգորուածՙ Զօհրապ հասաւ իր բնակարանը, Այազ փաշայի կողմը:***Հաւաքական ձերբակալութիւնները վերջ գտած էին:Ամէն մարդ կը սկսէր քիչ մը ազատ շունչ առնել եւ կը թուէր, թէ հայերու դէմ խստութիւնը մեղմանալ կը սկսէր:Ասոր մէկ շօշափելի ապացոյցը կը նկատուէր սա պարագան, որ աքսորուածներէն մէկ փոքր մաս մը կը վերադառնար Պոլիս:Այս բախտաւորներուն մէջ կը գտնուէին Բիւզանդ Քէչեան, Կոմիտաս Վարդապետ, տօքթոր Թորգոմեան, տօքթոր Ճէլալ, Երուանդ Թօլայեան եւ այլք:Միւսներուն վերադարձին համար դիմումներ կ՛ըլլային, եւ յոյս կար, որ ուրիշներ ալ ներումի պիտի արժանանային:Գրիգոր Զօհրապ եւ Վարդգէս, որոնք չէին ձերբակալուած, օգտուելով Թալէաթի եւ ուրիշ իթթիհատականներու հետ բարեկամութենէն, կ՛աշխատէին աքսորականները փրկելու:Խոստումներ կը շռայլուէր իրենց, սակայն առանց արդիւնքի:Գիշեր մը, Գրիգոր Զօհրապ, Սէրքլը տ՛Օրիանի մէջ, ըստ սովորականին, բօքէրի սեղանին շուրջ, խաղակից կ՛ըլլար ներքին գործերու նախարար Թալէաթ պէյի:Այդ գիշեր Զօհրապ բախտ չունէր եւ անընդհատ կը կորսնցնէր, մինչ Թալէաթ, ընդհակառակը, մեծամեծ գումարներ կը շահէր: Իր այս յաջողութիւնը չափազանց զուարթ տրամադրութեան մէջ դրած էր զինքը:Զօհրապ ուզեց օգտուիլ առիթէնՙ ի նպաստ իր աքսորական բարեկամներուն նոր դիմում մը ընելու համար:Միջոց մը, երբ խաղը պահ մը դադրած էր, ծռեցաւ դէպի Թալէաթ եւ ըսաւ.- Այաշէն տխուր լուրեր առի:- Ի՞նչ լուր,- հարցուց Թալէաթ զուարթ շեշտով մը:- Խեղճ Շահրիկեանը, Ակնունին եւ ԽաԺակը հիւանդ են եղեր… մանաւանդ Շահրիկեանին վիճակը ծանր է… իրենց յոյսը ձեր վրան է, որպէսզի այդ դժնդակ կացութենէն ազատին. արդեօք կարելի չէ՞, որ բան մը ընէք իրենց համար:- Ի՞նչ կ՛ուզես, որ ընեմ…- Զիրենք ետ բերել տաք:- Ինչպէ՞ս կարելի է 3-4 հոգին ետ բերել եւ միւսները հոն թողուլ, եթէ բան մը պիտի ընենք, պէտք է ամենուն համար ընենք:- Ըստ իսՙ ամէնքն ալ կարելի է ետ բերել, այդ մարդիկը որեւէ յանցանք չունին, եւ ո՛չ մէկ որոշ ամբաստանութիւն կայ իրենց դէմ:- Ես ալ քու կարծիքէդ եմ,- պատասխանեց Թալէաթ,- միայն թէ այդ մարդիկ աքսորուած են նախարարական խորհուրդի որոշումովը, եւ իրենց վերադարձն ալ պէտք է, որ նախարարական խորհուրդի որոշումով ըլլայ, ես առանձին բան մը չեմ կրնար ընել: Այսուհանդերձ կ՛աշխատիմ ընկերներս համոզելու, որպէսզի այդ աքսորականներուն համար բան մը ընենք:- Դուք եթէ ուզէքՙ շատ բան կրնաք ընել:- Վստահ եղիր, որ ձեռքէս եկածը պիտի չխնայեմ, դուն գիտես, թէ որքա՛ն կը յարգեմ ու կը սիրեմ թէ՛ Ակնունին եւ թէ՛ Շահրիկեանը:- Ճիշդ ատիկա գիտնալուս համար է, որ ուղղակի ձեզի կը դիմեմ:- Ինծի քանի մը օր ժամանակ տուր եւ վստահ եղիր, որ իրենց համար բան մը կ՛ընեմ:- Թոյլ կուտա՞ք, որ ձեր այս խօսքերը իրենց հաղորդեմ:- Բնականաբար,- պատասխանեց Թալէաթ:Քիչ յետոյ վերստին շարունակեցին իրենց թղթախաղը:Բախտը կը շարունակէր ժպտիլ Թալէաթի:Կէսգիշերը անցած էր, երբ Զօհրապ պատրաստուեցաւ մեկնելու: Գրպանը գտնուած բոլոր դրամը կորսնցուցած էր:- Դեռ քիչ մըն ալ նստէ՛,- առաջարկեց Թալէաթ:- Ո՛չ,- պատասխանեց Զօհրապ,- ա՛լ պիտի երթամ, այս գիշեր շանս չունիմ եւ չեմ ուզեր խաղը շարունակել:- Իշալլահ վաղը գիշեր աւելի բախտաւոր կ՛ըլլաս:Նոյն միջոցին Զօհրապ ոտքի ելած էր:Յանկարծ Թալէաթ ալ ոտքի ելաւ եւ մօտեցաւ Զօհրապին:- Այսպէս, ուրեմն, կ՛երթա՞ս կոր,- հարցուց:- Այո՛, գիշեր բարի:- Երթաս բարով, կեցի՛ր, մէյ մը համբուրեմ քեզի:Եւ Թալէաթ մօետնալով Զօհրապինՙ անոր երեսը համբուրեց:Զօհրապ ցնցուեցաւ: Համակրական այդպիսի արտայայտութեան մը չէր սպասեր բնաւ:- Բայց,- կմկմաց,- ի՞նչ կը նշանակէ այս:- Այնպէս, սիրտէս բխեցաւ,- պատասխանեց Թալէաթ ժպտելով:- Գիշեր բարի:- Երթաս բարով, սիրելի՛ս:Զօհրապ քլիւպին ընդարձակ սրահներէն անցաւ, վար իջաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի փողոց:Այդ իրիկուն տխուր տրամադրութեան մէջ էր, նախՙ թղթախաղին մէջ ունեցած ձախողութիւնը ազդած էր իր վրայ, յետոյ նախազգցաում մը ունէր, թէ դժբախտութիւն մը պիտի պատահէր իրեն:Դուրսը ամառնային գեղեցիկ գիշեր մըն էր, տաք եւ լուսաւոր:Մէկ քանի կառքեր կեցած էին քլիւպի դրան առջեւ եւ յաճախորդի կը սպասէին, իսկ դրան մօտ կեցած էր երկայնահասակ մարդ մը, որ կարծես մէկու մը կը սպասէր:Զօհրապ ուզեց կառք նստիլ, բայց յետոյ հրաժարեցաւ այդ խորհուրդէն:«Ոտքով կ՛երթամ, գիշերը գեղեցիկ է, եւ քիչ մը օդ կ՛առնեմ»- մտածեց:Եւ դէպի ձախ դառնալովՙ ուղղուեցաւ Թաքսիմի կողմը:Յանկարծ նշմարեց, որ դրան քով կեցող երկայնահասակ մարդը իրեն կը հետեւէր:Նախ կարեւորուիթւն չտուաւ եւ խորհեցաւ, որ թերեւս ինչ որ ինք հետապնդում կը կարծէրՙ պարզ դիպուածի մը արդիւնքն էր:Բաւական քալելէ ետքը ուզեց փորձ մը ընել եւ դիմացի մայթը անցաւ: Մարդը հետեւեցաւ իրեն:«Կերեւայ, որ ետեւէս կուգայ կոր,- մտածեց,- բայց ինչո՞ւ համար»:Ճամբան շարունակեց մինչեւ Թաքսիմի հրապարակը եւ անկէ դէպի Այազ փաշա, ուր կը գտնուէր իր բնակարանը:Երկայնահասակ մարդը միշտ իր ետեւէն կուգար: Այս հետապնդումը սկսած էր ջղայնոտեցնել զինքը:Որոշեց պահ մը կենալ, որպէսզի մարդը մօտենայ իրեն, եւ բացատրութիւն պահանջել իրմէ: Ու այնպէս ըրաւ:Երբ մարդը մօտեցաւ իրեն, Զօհրապ չոր ձայնով մը ըսաւ.- Իմ ետեւէ՞ս կուգաք:- Այո՛,- պատասխանեց մարդը:- Գիտէ՞ք, թէ ո՛վ եմ ես:- Բնականաբար, Կ. Պոլսոյ մէպուս Գրիգոր էֆէնտի Զօհրապն էք:- Ուրեմն ինչո՞ւ զիս կը հետապնդէք:- Որովհետեւ այնպէս հրաման եղած է ինծի:- Որո՞ւ կողմէ:- Ապահովութեան պետին կողմէ…- Պէտրի պէյի՞ն:- Այո՛, էֆէնտի՛ս:- Զարմանալի՛ բան, դեռ երէկ միասին էինք, եւ բան մը չըսաւ ինծի:Երկայնահասակ մարդը լռութիւն պահեց:- Անպատճառ գործին մէջ սխալմունք մը կայ,- շարունակեց Զօհրապ:- Եթէ սխալմունք մը կայ, անշուշտ կը լուսաբանուի,- պատասխանեց մարդը,- ես պարզպէս հրամանի մը կը հպատակիմ եւ կը խնդրեմ, որ ներողամիտ ըլլաք:- Անշուշտ, անշուշտ,- ըսաւ Զօհրապ,- բայց վստահ եմ, որ սխալմունք մը կայ, դեռ կէս ժամ առաջ Թալէաթ պէյին հետ էի, այն ալ բան մը չըսաւ.. միայն թէ մոռցայ հարցնելու, որ այդ հետապնդումին հետեւանքը ի՞նչ պիտի ըլլայ. կարծեմ զիս ձերբակալելու միտք չունիք:- Ինծի հրաման եղած է մինչեւ տուն ընկերանալ ձեզի, ասկէ զատ ուրիշ ընելիք մը չունիմ:Այս բացատրութիւնը լսելովՙ Զօհրապ գոհ մնաց եւ հանդարտեցաւ:- Լաւ, ուրեմն, միասին եկէք,- ըսաւՙ ճամբան շարունակելով:Բայց երբ իր բնակարանին դրան մօտեցաւ, նոր անակնկալ մը զինքը վրդովեց:Ոստիկանութեան քօմիսէր մը հոն դրան առջեւ կը սպասէր:«Ինծի համար ըլլալու է»- մտածեց Զօհրապ:Սակայն իր պաղարիւնութիւնը պահելով, անտարբեր ձեւով մը մօտեցաւ եւ դրան զանգակը հնչեցուց:- Կարծեմ Գրիգոր Զօհրապ էֆէնտին էք դուք,- ըսաւ քօմիսէրը յարգալից ձեւով մը:- Այո՛, ի՞նչ կայ,- հարցուց Զօհրապ դժգոհ դէմքով մը:- Պիտի խնդրէի ձենէ, որ հաճէիք ինծի ընկերանալ:- Ո՞ւր,- հարցուց Զօհրապ անհամբեր:- Մինչեւ ոստիկանատունը:- Ա՞յս ատեն… բայց կէս գիշերը անցած է:- Ինծի հրաման եղած է, որ ձեզ տանիմ…- Ինչպէ՞ս, զիս կը ձերբակալէ՞ք:- Այո՛,- կմկմաց քօմիսէրը:- Բայց ես մէպուս եմ, եւ մէպուսներուն անձը անբռնաբարելի է. իրաւունք չունիք ձերբակալելու:- Ես ինծի տրուած հրամանը միայն գիտեմ:- Այդպիսի հրաման մը կարելի չէ, որ տրուի. ապօրէն է, սխալ հասկացողութիւն մը կայ գործին մէջ. դուք հիմա գացէ՛ք, ես վաղը առտու կուգամ Պէտրի պէյը կը տեսնեմ, եւ խնդիրը կը լուսաբանենք:- Հրամանը բացարձակ է, չեմ կրնար ձեզ թողուլ, պէտք է, որ միասին երթանք:- Ես տեղ մըն ալ չեմ երթար եւ կը բողոքեմ ձեր այս արարքին դէմ,- գոչեց Զօհրապ գրգռուած,- ապօրէն հրամանի մը հնազանդելու պարտաւոր չեմ:- Կը ցաւիմ ըսելու, որ եթէ ընդդիմանաք, պիտի ստիպուիմ բռնի միջոցներու դիմել,- պատասխանեց քօմիսէրը:- Բայց իրաւունք չունիք…- Իմ արարքներուս հաշիւը պարտաւոր եմ տալ միմիայն իմ մեծերուս, ահաւասիկ պարապ կառք մը, կեցունենք եւ մեկնինք:Եւ առանց Զօհրապի պատասխանին կամ հաւանութեան սպասելու, երկայնահասակ մարդուն դարձաւ եւ ըսաւ.- Սա կառապանին ըսէ՛, որ հոս գայ:Վայրկեան մը ետքը հրամանը գործադրուած էր:Զօհրապ զգաց, որ ընդդիմութիւնը անօգուտ էր, եւ գլխիկոր կառք մտաւ:Քօմիսէրը ինքն ալ եկաւ բազմեցաւ Զօհրապի քով, մինչ երկայնահասակ մարդը կը բարձրանար կառապանին գահաւորակին վրայ:Կառքը ճամբայ ելաւ:Զօհրապ, հակառակ իր վրայ ըրած ճիգերուն, չէր կրնար իր պաղարիւնութիւնը պահել: Տխրութիւնը հետզհետէ կը ճնշէր զինքը, եւ սեւ մտածումեր կը չարչարէին միտքը:Արդէն, պատերազմի առաջին օրերէն իսկ, չափազանց յոռետես դարձած էր եւ յաճախ կը կրկնէր իր բարեկամներուն.- Այս մարդիկը ամէն բան ընելու կարող են, մանաւանդ այնպիսի առիթ մը ձեռք անցուցած են, որ երբեք չէին ունեցած. ասոնք կրնան նոյնիսկ բոլոր հայերը ջարդել:Եւ ջարդի այդ հեռապատկերը ճշմարիտ մղձաւանջ մը, սեւեռուն գաղափար մը դարձած էր իրեն համար:Ու հիմա կառքին մէջ կրկին այդ արհաւիրքը կը ցցուէր իր աչքերուն առջեւ:«Ինչո՞ւ զիս կը ձերբակալեն,- կը խորհէր,- անշուշտ աքսորելու համար, ինչպէս աքսորեցին միւսները եւ յետո՞յ, միթէ աքսորով պիտի լմննա՞յ ամէն բան, թէ՞ աքսորը պարզապէս միջոց մըն է մեզ մեկուսացնելու, աչքերէ հեռու տանելու, որպէսզի կարենան անշշուկ եւ առանց խնդիր յարուցանելու մեզ բնաջինջ ընել»:Իր մտատանջութիւնը փարատելու համար անընդհատ սիկառէթ կը ծխէր:Գրեթէ նոյն ժամուն եւ նոյն պայմաններուն մէջ կը ձերբակալուէր նաեւ Վարդգէս:Հետեւեալ օրը ամբողջ Պոլիս իմացած էր զգայացունց լուրը, եւ սարսափը նորէն տիրած էր ամենուն վրայ:Ուրեմն հալածանքը ո՛չ թէ չէր դադրած, այլ նոր թափով վերսկսած էր:Առտուն կանուխ Զօհրապ եւ Վարդգէս խիստ հսկողութեան մը ներքեւ կը տարուէին Հայտար փաշայի կայարանը, ուր արդէն Գոնիա մեկնող կառախումբը կեցած էր:Քիչ ետքը վայրաշարժը մեկնումի սուլումը արձակեց, եւ կառախումբը կամաց-կամաց ճամբայ ելաւ:Զօհրապ թախծութեամբ լեցուն յետին ակնարկ մը ուղղեց պատուհանէն դուրս, մինչ Վարդգէս ձեռքի շարժումով մը զուարթօրէն կը բարեւէր հեռուն կեցող երկաթուղիի մէկ քանի հայ պաշտօնեաները:Վայրկեան մը վերջը կառախումբը աներեւույթ եղած էր:Հէգ աքսորականները կ՛երթային ամենէն վայրագ ու անագորոյն մահուամբ մեռնելու: |