20 տարի… Նիւ Եորքի 2001-ի 9/11-էն ետք, պատահարը պատրուակելով, ամբողջ աշխարհով մէկ Մ. Նահանգները ահաբեկչութեան դէմ պայքար յայտարարեց եւ աշխարհը երկուքի բաժնեցՙ «կա՛մ մեզի հետ, կա՛մ մեզի դէմ…»
Ամբողջ 20 տարի իր գրոհային բանակներով, զինուորական բարձրաստիճան ղեկավարներով ու խորհրդատուներով ԱՄՆ-ը մտաւ Աֆղանիստան եւ Իրաք: Աֆղանիստանը իր լեռներուն մէջ ապաստան տուած էր Ուսամա Պէն Լատենին, իսկ Իրաքի մէջ Սատտամ Հուսէյնը համայնաջինջ զէնքեր պատրաստած ու մթերած էր: Ուրեմն հարկ էր որ Նիւ Եորքի զոյգ աշտարակները քանդող Պէն Լատէնը ոչնչացոուի, Իրաքի մէջ ալ ոչնչացուին մարդկութիւնը պատուհասող զէնքերն ու Սատտամ Հուսէյնն ալ վճարէ անոնց գինը:
Այս ճորճ-պուշեան սէնարիոյէն ետք, գիտէք թէ ինչ պատահեցաւ աշխարհի վրայՙ Իրաքի մէջ ոչ մէկ զանգուածային ոչնչացումի զէնք գտնուեցաւ, իսկ Պէն Լատէնն ալ որսալը 10 տարի տեւեց, երբ 2011 մայիս 2-ին յաջողեցան սպանել մարդը, թէեւ դեռ շատեր չեն հաւատար, քանի որ անոր դիակը չցուցադրուեցաւ ու եղածն ալ ծովին յանձնուեցաւ:
Այսօր ԱՄՆ իր քսանամեայ արկածախնդրութենէն դուրս կու գայ պարտուած: Իր խոստացածներէն ոչինչ կրցաւ իրագործել, եթէ անշուշտ անկեղծ էր իր խոստումներուն մէջ: Ո՛չ Աֆղանիստանի մէջ դեմոկրաթիք կառավարութիւն կրցաւ յաջողցնել, ո՛չ ալ Թալիպան կազմակերպութեան գրոհներուն առաջքը առնել: Աֆղանիստանը պիտի մտնէ խաւարի նոր դարաշրջան մը:
Չյաջողեցաւ նաեւ Իրաքի մէջ խաղաղութիւն հաստատել: Ուր որ մտաւՙ տեղացի ընդդիմադիրներուն կողմէ լուրջ հարուածներ ստացաւ, եւ ներխուժած ամերիկեան բանակն ալ մեծ թիւով զոհեր տուաւ: Ի՞նչ շահեցան այդ երկիրները. իմ կարծիքովՙ ոչինչ, ընդհակառակըՙ տուժեցին: Իսկ Ամերիկան շատ բան շահեցաւ Աֆղանիստանի աֆիոն (opium) պարունակող կակաչի անծայրածիր դաշտերէն (աշխարհի այս թմրանիւթին 90%-ը Աֆղանիստանը կ՛արտադրէ), Իրաքի ալ նաֆթահորերէն ու թանգարաններէն: Այս բոլորին կից ան իր բանակայիններուն մարզուելու առիթ ստեղծեց ու 120 տեսակ իր նոր զէնքերը փորձարկեց:
Տակաւին մարդիկ մեծ պետութիւններէն բարիք կ՛ակնկալեն: Այդպիսի սին երազները թօթափելու է, պատմութեան մէջ չէ պատահած, որ ներխուժողը չօգտուի նուաճուած երկրի բարիքներէն, չկթէ ու չքամէ անոր հարստութիւնները:
Աշխարհի ամենահզօր բանակը, փաստօրէն պարտուած Թալիպանէն, դուրս կուգայ Աֆղանիստանէն: Աւելի ճիշդՙ իր դուրս գալը նախատեսուածին, կամ համաձայնեցուածին հիման վրայ, օգնեց որ թալիպները անմիջապէս գրաւեն շրջաններն ու մտնեն մայրաքաղաք Քապուլ: Հիմա հերթը Իրաքինն է, հոնկէ ալ կը պատրաստուին վերջնականապէս դուրս գալ, քանի մը հազար զինուոր ձգելովՙ իբր իրաքեան բանակը մարզելու համար: (Չհասկցանք, քսան տարի ի՞նչ կ՛ընէր ամերիկեան բանակը հոն):
Այսպէս է կարգն աշխարհին… մեծերը ի՛նչ սխալ ալ գործեն, ի՛նչ վնասներու ալ պատճառ դառնան, իրաւունք ունին: Չէ՞ որ ուսումնասիրող, ծրագրող ու իրագործող հսկայ խոհանոց մը ունին, որուն եփածը, անհամ ալ ըլլայ, աղի, կծու թէ թթու, նոյնիսկՙ դժուարամարս, կլլելու է, հաւատալով, որ անոր օգուտը յետոյ յայտնի կ՛ըլլայ:
Ամենահետաքրքրականըՙ մեր հայերը, որոնք վերջերս «ամերիկացի» դարձեր են, երբ արտայայտուին, «պապէն աւելի, պապական» կ՛ըլլան, կարծես ամերիկեան արմատներ ունին. այնպէս մը կը խօսին ու կը գովերգեն Ամերիկայի բարիքները, որ մարդ կը կարծէ, թէ այդ նորագիրները առտու-իրիկուն Ուաշինկթընին կաթը ծծեր են: «Խելքիդ պտուկը սիրեմ…», պիտի ըսէր Պաղտասար աղբարը:
Ես Ամերիկայի հանդէպ ոչ մէկ ատելութիւն ունիմ, սակայն կը փափաքիմ որ, որպէս մեծ պետութիւն, մեծի վայել քաղաքականութիւն վարէ ան: Իր դրամական օգնութիւններուն կողքին ալ խաղաղութեան հաստատելու մասին մտածէ ու անոր դրօշակակիրը դառնայ: Քիչ մը քիչ զէնք արտադրէ եւ հնդկահաւերու փոխարէն աղաւնի բուծէ ու «Գոհաբանութեան» օրուան նման «Խաղաղութեան» օր ունեցիր օրացոյցի վրայ: