Անկախութեան երեսնամեակի երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակին կից գտնուող խաչքարերու պուրակին մէջ էինք ես ու ազգականս. դժուար եղաւ նստարան գտնել, քանի որ բոլորը գրաւուած էին ոստիկաններու կողմէ, մեծ թիւով ոստիկաններ, որոնք հանգիստ նստած, կամ ճեմելով կը ծխէին, կամ ձեռքի հեռախօսով զբաղած էին: Այսքան մեծ թիւով ոստիկան ինչո՞ւ համար է. գիտէի որ միջոցառման հսկելու համար է, սակայն այսքան մեծ թիւի ներկայութիւնը զարմացուց զիս: Հրահանգի մը վրայ ոստիկանները սկսան շարժիլ հրապարակի ուղղութեամբ: Հետաքրքրութենէ մղուած հետեւեցանք իրենց: Հեռուէն տեսայ, որ անցարգելի մը մուտքին հրաւիրեալներու հրաւիրատոմսերու ստուգումներ կը կատարեն, որոնց տէրերը բեմին դիմաց տեղադրուած աթոռները կը գրաւէին: Ես ու երիտասարդ ազգականս մօտեցանք անցարգելներուն եւ ոստիկաններէն մէկուն հարցուցինք, թէ ինչպէ՞ս կարելի է առանց հրաւիրատոմսի հրապարակ մտնել. թելադրեց կառավարութեան շէնքին շուրջ դառնալ եւ Տիգրան Մեծ պողոտայի կողմէն մտնել:
Ձեռնափայտիս յենած, կամաց-կամաց քալելով հասանք նշուած կէտը ու մօտեցանք անցարգելին: Ոստիկանը ձեռքի ստուգիչ գործիքը մարմնիս բոլոր մասերուն վրայ վերէն վար սահեցուց ու թոյլ տուաւ որ մտնեմ, իսկ ինծի ընկերակցող երիտասարդին, միեւնոյն ստուգումը ընելէ ետք, պահանջեց որ անձնագիրը ցոյց տայ: Մտանք ու մեզմէ առաջ մտած հարիւրաւորներու նման ոտքի մնացինք, քանի որ այս ետեւի բաժինը սովորական մարդոց համար էր, որոնք աթոռի կարիք կամ իրաւունք չունին երեւի… Ու յիշեցի Օրուէլի «Կենդանիներու ագարակը» («Անասնագոմ»), ուր կ՛ըսուէր, թէ բոլոր կենդանիները հաւասար են, բայց որոշ կենդանիներ աւելի՛ հաւասար են… Ճիշդ է որ անդադար ժողովուրդի անունով կը խօսուի, սակայն պարզ ժողովուրդին աթոռ չեն կրնար տրամադրել:
Յիշեցի որ տարիներ առաջ, օփերայի մէջ ինչ-որ պաշտօնական տօնակատարութեան մը առթիւ, յատուկ արձագանգող կամարաւոր անցարգելէ մը անցանք, անշուշտ ապահովական պատճառներով, քանի որ հանրապետութեան նախագահն ալ ներկայ պիտի ըլլար:
Այդ նախագահը միշտ ալ ծայրայեղ ապահովական միջոցներու կը դիմէր, սակայն ներկայի վարչապետը այդպէս չէր, սկիզբները հետեւորդները ետեւէն տանելով, փողոցը քալելով կը յառաջանար ու բարձրախօսը ձեռքին «Հայաստանի հպարտ քաղաքացիներ»ը կը հրաւիրէր որ երթին միանան: Նոյնիսկ անոր հեծանիւ քշելը տեսած ենք:
Ի՞նչ փոխուեցաւ… առաջ ապահովութիւն չփնտռող մարդը ինչո՞ւ յանկարծ սկսաւ անապահով զգալ: Շքերթէ խուսափող մարդը սկսաւ ԱԱԾ-ի տասնեակներով սեւ մեքենաներուն ուղեկցութեամբ տեղէ տեղ երթալ:
Փրոթոքո՞լը այդ կ՛ենթադրէ, թէ՞ փառասիրութիւնը: Երեւի երկուքն ալ: Կը կարծեմ այս հարցին մէջ նախագահները կամ վարչապետները անձնական կողմնորոշում չեն ունենար, ակամայ կ՛ենթարկուին ապահովական ծառայութեան պաշտօնեաներուն, յատկապէս, որ ատենէ մը ի վեր անհաշիւ սպառնալիքներ կը տեղան վարչապետի հասցէին:
Գէշ բան է որեւէ երկրի ղեկավարին անապահով զգալը: Անշուշտ չես ակնկալեր որ ամբողջ ժողովուրդը սիրահարած ըլլայ իր առաջնորդին, չսիրողներ եւ ընդդիմադիրներ կան ամէն տեղ: Ըստ ապահովական օրէնքներու, ղեկավարները պէտք է պաշտպանուին, հասկնալի է, սակայն, զիրենք չսիրողներէն վախնալ ու ամէն վայրկեան տագնապ ապրիլ, այն աստիճան, որ կերած հացը քիթէ գայ ու գահին վրայ չկարենայ հանգիստ նստիլ, իսկապէս մտահոգիչ է:
Պատմութեան մէջ ամենանշանաւոր վախկոտը Սուլթան Ապտիւլ Համիտը եղած է, որ գիշերները քունը կը փախցնէր, անընդհատ ննջասենեակ ու մահճակալ փոխելով: Ինծի մնայ, ոչ այդ փառքը պէտք է, ոչ ալ սարսափը:
Ինչ որ է, քիչ մը մնացինք ու, նախատեսելով որ անհնար է ժամերով ոտքի մնալ, վերադարձանք տուն, ուր ոչ անցարգել կայ, ոչ ալ ապահովական ստուգում, նստեցանք հեռատեսիլին դիմաց եւ վայելեցինք «գունաւոր» ծրագիրը: Խոստովանիմ որ ծրագիրը իսկապէս մակարդակով էր, լաւ պատրաստուած, յատկապէս երկինքի վրայ լազերային լուսարձակներով գծագրուած հայոց պատմութեան դրուագները: Այն ինչ որ գունաւոր չէր, նոյնիսկ տժգոյն ու գորշ, այն ալ ընդհանուրին տրամադրութիւնն էր: Ափսոս: