Տարիներէ ի վեր միեւնոյն երազը տարբեր «սենարիոներով» կը տեսնեմ, կա՛մՙ կորսուած եմ անծանօթ քաղաքի մը մէջ ու հոս-հոն կը վազեմ ելք փնտռելով ու չեմ գտներ, կա՛մ ճամբայ ելած եմ դէպի ուրիշ քաղաք մը եւ միջանկեալ գիւղաքաղաքի մը մէջ քանի մը վայրկեան հանգստանալու համար, իջած եմ մեքենայէն ու վերադարձիս մեքենան չեմ գտներ, կա՛մ հսկայ գործարանի մը մէջ եմ, կա՛մ պատմական հնավայրի մը փլատակներուն մէջ ու դարձեալ ելք կը փնտռեմ ու չեմ գտներ:Անշուշտ երազները կապ ունին մարդու հոգեկան եւ մտային վիճակներուն հետ. վերլուծելը դժուար չէ, սակայն ի՞նչ ընելու է որ անոնք մղձաւանջի չվերածուին, յատկապէս երբ էութիւնդ չես կրնար փոխել, երբ կեանքիդ պայմանները չես կրնար փոխել: Լուրջ հարց է, եւ արթննալէդ ետք ալ անոնց մասին մտածելն ու անոնց պատճառած մտահոգութեանց ծանրութեան տակ կքիլն ալ ամբողջ կեանքդ կը թունաւորէ:Այսպէս կը մտածէի ու յանկարծ միտքս ինկան աշխարհի ղեկավարները: Կ՛ըսեմ, օրինակ, այսինչ պետութեան նախագահը արդեօք ի՞նչ երազներ կը տեսնէ, կը տեսնէ՞ արդեօք, թէ՞ բազմատեսակ պատասխանատուութեանց բեռին տակՙ ընդհանրապէս չի կրնար քնանալ, որ երազ տեսնէ: Ըսենք Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի, Թուրքիոյ, Իրանի, Սուրիոյ, Լիբանանի կամ որեւէ այլ երկրի ղեկավարները գիշերները հանգիստ կը քնանա՞ն, երազ կը տեսնե՞ն: Մասնաւորաբար այն երկիրները, որոնք քաղաքական, ռազմական, տնտեսական եւ այլ հարցեր ունին եւ կը ճգնին այդ հարցերուն լուծումներ գտնելու համար: Ի՞նչ կ՛ընեն, ցերեկը կ՛աշխատին ու գիշերն ալ մշիկ-մշիկ կը քնանա՞ն: Հիմա Լիբանանի նոր վարչապետը ինչպէ՞ս կը քնանայ, ի՞նչ երազներ կը տեսնէ, 1 տոլարը 30.000 լիրայի սահմաններուն հասեր է ու դեռ կը շարունակէ մագլցիլ, ժողովուրդը յուսահատ վիճակի մէջ… Նոյնն ալՙ Սուրիան:Պայտընն ու Փութինը արդեօք զիրա՞ր կը քարկոծեն երազի մէջ, թէ՞ իրարու ձեռք կը սեղմեն: ԱՄՆ-ի սպառնալիքներուն ու պատժամիջոցներուն պատճառած մտահոգութիւնները Փութինին քունը կը փախցնե՞ն, ինքզինք փակուղիի մէջ կը գտնէ՞, թէ ինքզինք, որսի ելած, Ափրիկէի անտառներուն մէջ կը տեսնէ: ԱՄՆ-ի նախագահը արդեօք նոր երկիրներ կը փնտռէ՞ պատժելու համար: Իրանի նախագահն ու Իսրայէլի վարչապետը երազի մէջ զիրար կը հրթիռակոծե՞ն: Էրտողանին երազները յայտնի են, իր անյագ ծաւալապաշտական նկրտումներուն պսակադրո՞ւմը կը տեսնէ, ինքզինք համայն իսլամական աշխարհի տէրն ու տիրակալը կարգելով, սուլթանական մականը ձեռքին, թէ՞ երկրի տնտեսական վիճակին դարման գտնելու մասին հոս-հոն կը վազէ ու ստեղծուած լաբիւրինթոսէն դուրս չի կրնար գալ:Հիմա պիտի ըսէք մերիննները ձգեր, ուրիշ տեղեր կը թափառիս: Լաւ, թէեւ թւումը ղեկավարներուն վերջ չունի, սակայն մերիններուն մասին ալ մտածենք:Մեր վարչապետը վստահ չեմ թէ կը քնանայ ընդհանրապէս, սակայն, հաւանաբար, կարճ մրափներու ատեն ինքզինք կը տեսնէ միջնադարու ասպետներուն նման լրիւ զրահանդերձ հագած, որպէսզի դիմակայէ իր վրայ արձակուած թունաւոր նիզակները, ապաՙ վերաքաղ ընէ թշնամիներուն սպառնալիքներուն դէմ իր շարադրած պայմանները: Ժողովուրդին սէրը վերագրաւելու համար միջոցներ կ՛որոնէ՞, թէ՞ ինք ալ փակուղիի մէջ է: Ալիեւը, պարզ է, թէեւ Հայաստանը կլլելու ախորժակը անդադար կը փայփայէՙ միշտ գրպանին մէջ Հայաստան փնտռելով, երբ ինք արդէն Էրտողանի գրպանն է:Այս վարկածը յիշեցի, երբ միտքս եկաւ մեր մեծ երգիծանկարիչ Սարուխանի մէկ գործը, Համաշխարհային Բ պատերազմին նուիրուած իր ծաղրանկարներու շարքէն, ուր պատկերուած էր Ստալինը, որուն վերարկուի գրպանին մէջ Հիթլերն էր, որ իր կարգին, ի՛ր գրպանը բացած, մէջը կը նայէր Ստալին փնտռելով…Մարդի՛կ, ղեկավար կամ ոչ, հարուստ թէ աղքատ, սեւ թէ ճերմակ, այս նոր տարիին ցերէկները այնպիսի բարի գործերով զբաղեցէք, որպէսզի գիշերներն ալ ձերբազատուած ձեր հոգերէն, երախայի պէս քնանաք եւ քաղցր երազներ տեսնէք ու նոր տարին սկսիք ինքնամաքրութեամբ, սիրով, փոխադարձ յարգանքով եւ խաղաղութեամբ: |