Ասոր կ՛ըսեն՝ «Ջուրը չտեսած բոպիկնալ»…. Այսինքն՝ անհամբերութեան զոհ երթալ, անտեղի խանդավարուիլ, կամ… նման բաներ: Բոլորս ալ տեսանք, որ անցնող ցրտաշունչ ձմեռէն ետք մարդիկ անհամբեր էին գարունն ու ամառը ողջունելու իրենց յատուկ ձեւերով, պարզապէս տաք եղանակի կարօտն էր, որ զիրենք անհամբեր կը դարձնէր. եւ եկան այդ անժամանակ տաք օրերը:
Օրինակ՝ սովորութեան համաձայն, մեր կիները, յատկապէս հալէպահայ կիները, գորգերը դուրս հանեցին եւ արեւուն տակ փռեցին. նոյնը ըրին նաեւ վերմակներուն եւ բրդեայ ծածկոցներուն. անոնք պէտք է արեւ տեսնէին, զանոնք չփաթթած, կամ չծալլած, մէջտեղէն վերցնելու համար, քանի անոնց պարտականութիւնը այս ձմրան համար աւարտած էր, ըստ եղանակին:
Ուրիշներ, հանուեցան եւ բրդեայ հագուստները լեցուցին ճամպրուկներու մէջ, օծեցին նաֆթալինով եւ հոտաւէտ օճառներով ու թեթեւ շապիկով սկսան պտտիլ. նոյնիսկ՝ աղջիկներ տեսնուեցան փորերնին բաց: Ըսենք՝ միշտ առաջին տաքցողներն ու հանուողները եւ իրենց մարմինը արեւին շողերուն ցուցադրողները կ՛ըլլան աղջիկները, մասնաւորաբար գեղիրան աղջիկները: Խեղճերուն ուրախութիւնը երկար չտեւեց: Այս ամէնը տեսնելով, գարունը ըսաւ՝ հօ՛փ, ի՞նչ կ՛ընէք, դեռ ամառը հեռու է, իմ իրաւունքս մի խլէք, այս ի՞նչ շուտիկութիւն է:
Եւ ի՞նչ պատահեցաւ. պատահեցաւ այն, որ եղանակը պատժեց այդ անհամբերները, եւ ջերմաստիճանի սնդիկը մէկ անգամէն 10 աստիճան իջաւ: Ջերմաստիճանը իջաւ, սակայն պաղառութեամբ հիւանդացողներուն ջերմութիւնը բարձրացաւ:
Այսպէս կ՛ըլլայ ամէն տարի. մեծերը գիտեն, հազիւ օդը քիչ մը տաքնայ, «Մի՛ թեթեւցնէք հագուստները, կրկին կրնայ ցրտել»,- կ՛ըսեն,- «այս եղանակը վտանգաւոր է, խաբող է, շուտ պաղ կ՛առնէք, կը հիւանդանաք»,- կ՛ըսեն,- բայց մտիկ ընողը ո՞վ է:
Ամէն ինչին ժամանակը կայ, անժամանակ որեւէ բան վնասակար է: Հարցուցէք այգեպաններուն, պարտիզպաններուն, անոնք շատ լաւ գիտեն, որ երբ ծառը անակնկալ տաք եղանակէն խաբուի, անժամանակ ծաղկի, քէն կը պահէ, պտուղ չի տար, ու ծառին հետ այգեպանն ալ կը տխրի:
Կեանքի մէջ ալ շատ մը պարագաներու կը տուժեն մարդիկ, երբ «ջուրը չտեսած՝ կը բոպիկնան»: Օրինակ՝ մեր փողոցին մէջ բաւական սուղ վարձով խանութ վարձողները, որ նոր գործի պիտի ձեռնարկեն, վստահ են, որ պիտի յաջողին ու հարստանան, քանի որ «Ոսկու շուկա»ի մէջ աշխատող կամ այցելող հազարաւորներ կան, յուսատու յաճախորդներ, բոլորն ալ պէտք պիտի ունենան: Երազողները խանդավառութեամբ կը սկսին՝ նոր տեքոր, նոր կահաւորում, ու մէկ-երկու ամիս փորձելէ ետք, երբ խանութի վարձքն իսկ վճարելու անկարող կ՛ըլլան, կը ձգեն, կ՛երթան, իրենց ետեւէն շուտ հարստանալու երազներ քարշ տալով:
Հալէպի մէջ պետական քննութիւններուն արդիւնքները չելած՝ ի՜նչ երազներ կը հիւսուին ապագայի կապակցութեամբ, ու յանկարծ արդիւնքները յուսախաբ կ՛ընեն զիրենք, երբ բժշկութեան, կամ ճարտարապետութեան ձգտողները, պահանջուած յաջողութեան անհրաժեշտ նիշը չհաւաքած, կը մնան իրենց երազներու փլատակներուն տակ:
Կամ՝ փառաւոր հարսանիքներով ու շքեղագոյն նուէրներով տղայ-աղջիկ ամուսնացնող ծնողներն ու նոյնիսկ ամուսնացող զոյգը դէմ-յանդիման կու գան այնպիսի անսպասելի պարագաներու, որոնք պաղ ջուր կը թափեն ոչ միայն տրամադրութիւններուն վրայ, այլեւ դրամատան հաշիւներուն վրայ:
Հապա՞ ազգային հարցերու եւ քաղաքականութեան մէջ… Ամենավտանգաւորը հո՛ս է, այստեղ միայն անձը կամ դրամը չեն տուժողները, այլ՝ ազգը, երկիրը, ժողովուրդը, դատը…
Չշտապել խանդավառուիլ արագ որոշումներ առնելով, ըլլալ իրատես, ոչ լաւատես, ոչ յոռետես, այլ իրատե՛ս, հեռատե՛ս, նոյնիսկ ոչ պայծառատես: Համբերել, տասը չափել, մէկ կտրել:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ