Հայրենիքի անկախութենէն ետք,21 Սեպտեմբեր 1991, համայն հայութիւնը՝ հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ ապրեցաւ անկախ ըլլալու բերկրանքը։ 600 թշուառ տարիներէ ետք մենք ունեցանք մեր երազած հայրենիքը, բարձրացաւ մեր դրօշը։ Ստեղծուեցան նախարարութիւններ իրենց արժանի կամ ոչ արժանի նախարարներով։Ոմանք շատ կարճ նախարարեցին, յաջողեցան եւ ձախողեցան, բայց ահա 2008ի Հոկտեմբեր 1ին բաւական ուշացած ստեղծուեցաւ Սփիւռք նախարարութիւնը, թերեւս ուշացած չէր, որովհետեւ պէտք է ունենար իր արժանի նախարարը, որ ոչ միայն պիտի կազմակերպէր, այլեւ ստեղծէր նախարարութիւնը իր տեսլականով, ծրագիրներով, գործունէութեամբ։ Ան սովորական նախարարութիւն մը չէր, ան Սփիւռքի շունչը պիտի ըլլար հայրենիքի մէջ, եւ այդ շունչը պիտի տար այդ նախարարութեան տեսլականը ունեցող անձ մը, որ հակառակ Հայաստանի ծնունդ ըլլալով՝ Սփիւռքը իր մէջ ծնած եկաւ գրաւելու այդ շատ բարդ աթոռը։ Ի տարբերութիւն միւս նախարարութիւններուն, Տասը տարիներու ընթացքին Սփիւռք նախարարութիւնը ունեցաւ մէկ կարող, նուիրուած եւ անխոնջ աշխատող նախարար մը։ Ան ոչ միայն դիւանագիտութեամբ, այլեւ կանացի բացառիկ ճկունութեամբ զբաղեցուց այդ շատ նուրբ, զգայուն բայց եւ խրթին աթոռը։ Սփիւռքին հետ աշխատիլ բոլորս լաւ գիտենք, որ դիւրին գործ չէ։ Եթէ հայրենաբնակները մեծցած էին մէկ դրօշի տակ, Սփիւռքը ունէր համայնքներ՝ Ամերիկա, Եւրոպա Միջին Արեւելք եւ այլ երկիրներու մէջ, որոնք իրենց կարգին բաժնուած էին աւանդական եւ այլ կուսակցութիւններու։ Շատեր կասկածանքով նայեցան, ուրիշներ՝ նախանձով, ոմանք խանգարել ուզեցին ու փորձեցին իրենց զրպարտութիւններով, բամբասանքներով եւ չարամտութիւններով, նոյնիսկ հեգնանքով, ծաղրանքով մօտեցան այդ մեծ գործին։ Սակայն տաս տարիներու աշխատանքը ցոյց տուաւ, որ Սփիւռք Նախարարութիւնը ոչ միայն արդարացուց իր գոյութիւնը, այլ ձգեց միասնութեան արդիւնաւէտ գործունէութիւն։ Անձնապէս ես՝ խանդավառ էի առաջին օրէն։ Սովետական Հայաստանը ունէր Սփիւռք Կոմիտէ, որ քաղաքական պատճառներով սահմանափակ գործունէութիւն կը տանէր։ Սակայն խանդավառութեանս զուգահեռ մտահոգ էի, թէ ինչպէ՛ս ի մի պիտի գար պառակտուած Սփիւռքը իր կուսակցութիւններով եւ… Պատասխանը չուշացաւ… Պատասխանը ամփոփուած էր անուն-մականունի մը մէջ… Հրանուշ Յակոբեան։ Հրանոշ Յակոբեանը այն ճիշդ անձն էր, որ հակառակ խորհրդային տարիներուն իր ստացած կրթութեան, մեծ դիւանագիտութեամբ պիտի կրնար առանց կողմնապահութեան ի մի բերել ոչ միայն աւանդական կուսակցութիւնները, այլ տարբեր համոզումներու, գաղափարներու եւ քրիստոնէական յարաւանութիւններուն բաժնուած Սփիւռքը։ Սփիւռք, որ ճանչնալով ու հաւատալով իր հայրենիքին՝ դեռ միասնական աշխատանքի տեսիլքը չունէր, ի՞նչ ճամբով պիտի հասնէր անոր։ Այդ Ոսկի Կամուրջը հանդիսացաւ Սփիւռք Նախարարութիւնը։ Սփիւռք նախարարութեան անխոնջ նախարար Դոկտ. Հրանուշ Յակոբեանը այդ կամուրջին ճարտարապետն է, որ ստեղծեց ու տարաւ ահռելի մեծ եւ յոգնատանջ աշխատանք տասը տարի ղեկավարելով եւ ինչու չէ դիմանալով։ Եթէ պէտք էր առտուան եօթին այնտեղ գտնուիլ եւ եթէ պէտք էր գիշերուան տասնըմէկին դուրս գալ նախարարութենէն։ Ան իր կազմակերպած ու նախագահած գիտաժողովներով, համագումարներով, ...