Վերադարձ դէպի ապագայ՝ պարտութեան բանականացումը եւ հայութեան լինելութիւնը
Ֆրանսական Sciences Humaines ամսաթերթի «Պատմութեան Մեծ Թղթածրարները» բացառիկ համարներու շարքի առաջինը, Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 2012ին լոյս տեսած, նուիրուած է պատերազմի երևոյթի պատմական հոլովոյթի բազմերես ուսումնասիրութեան: Առաջնորդող յօդուածը կ’անդրադառնայ հասարակութեանց վրայ պատերազմի ազդեցութեան: ...











