Յունահայութեան կողմէ դէպի Արցախ մարդասիրական օգնութեան վերջին մասը պատրաստ է փոխադրութեան համար
Երեքշաբթի՝ 19 Յունուարին, ամբողջացաւ Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի եւ Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ Հ.Գ.Խաչի կողմէ ձեռնարկուած Արցախի համար մարդասիրական օգնութեան վերջին մասի պատրաստութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, արցախեան վերջին պատերազմի հրադադարէն ետք, Յունաստանի Հ.Օ.Մ.-ի ...











