Արդէն 13րդ օրն է Արցախը կը մնայ շրջափակումի տակ: Արցախը շրջափակելու այս երեւոյթը առաջինը չէ, սակայն այսօրուայ դրութեամբ՝ ամենաերկարն է իր տեւողութեամբ: Արցախի կեանքի ճանապարհը պիտի բացուի՞: Ի վերջոյ ա՛յո եւ անպայման: Նման երեւոյթ պիտի կրկնուի՞: Ա՛յո պիտի կրկնուի եւ անկասկած, ի չգոյէ ազգային պետութեան եւ կազմակերպուած ազգի:
Ժամանակը անցած է աժանագին զօրակցութիւններու: Արցախը այսօր կարիքը չունի, հայերով՝ հայերէնով գրուած եւ հայերուն հրամցուած, ահագին ժամանակ եւ ներուժ սպառող անպէտք կոչերու: Մարդիկ երբ ընելիք չունին, չեն ուզեր կամ չեն գիտեր ընել, կոչերով ու յայտարարութիւններով կը զօրակցին: Ազգերն ու պետութիւններն ալ այդպէս են:
Արցախը այսօր կարիքը չունի «բարոյական զօրակցութեան»: Ան կուշտ է խօսքերով:
Սփիւռքը գրառումներ եւ խօսքերով զօրակցութիւն յայտնելէ վեր եւ անդին շատ բան ունի ընելիք: Հայկական հարթակներու վրայ հայերէնով կոչեր կը կարդամ ուղղուած ՄԱԿին, միջազգային ընտանիքին, Սպիտակ Տան, եւայլն: Ժամանակն է նմանօրինակ անհեթեթութենէն դուրս գալու: Արցախին գործնական զօրակցութիւն է պէտք:
Ընելիքի մասին շատ մտածելու ժամանակ չկայ: Սփիւռքի մէջ, այսօր եւ ամէն օր պէտք է շրջափակել եւ մարդկային շղթաներով շրջափակուած պահել մեր ապրած երկիրներուն մէջ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան ներկայացնող հաստատութիւնները: Պէտք է ամէն գնով անդամալուծել անոնց գործունէութիւնը: Ատենին երբ ժամանակներն ու ըմբռնումները տարբեր էին, Հայ երիտասարդներ իրենց հասկցած ձեւով ու այդ օրուան ոճով, ահաբեկած են նմանօրինակ հաստատութիւնները: Այսօր, իւրաքանչիւր հայորդիի սրբազան պարտքը թշնամիին հաստատութիւնները քաղաքակիրթ ոճով «ահաբեկելն» է: Պէտք է անյապաղ փակել համակարգիչը ու համախմբուելով ուղղուիլ դէպի շրջափակումի թիրախները: Ազգային կառոյցներուն սրբազան պարտականութիւնն է դադրեցնել ժողով-ժողով խաղալն ու կոչեր խմբագրելը, փոխարէնը լծուելու փողոցը կազմակերպելու գործին:
Ուրիշ ելք չկայ: Այսօրուայ շրջափակումը դադրեցնելու եւ ապագայ շրջափակումները սանձելու համար համահայկական շոքային հակադարձութիւն է պէտք: Պէտք է հակադարձել նոյն զէնքով: Պէտք է թշնամիին «կախարդութիւնը» իր վրայ շրջել ամէն գնով:
Պէտք է ֆէյսպուքեան պայքարը փոխարինել փողոցային պայքարով: Պուրճ Համուտէն Լոս Անճելըս, հայկական գոց սրահներուն մէջ Արցախի զօրակցութիւն յայտնելու ջուր ծեծուկէն պէտք է անմիջապէս հրաժարիլ ու հնարաւոր եւ անհնար միջոցներով անցնիլ ԳՈՐԾԻ:
Ահա ա՛յս է այսօրուայ հրամայականը:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի
Գլխաւոր խմբագիր