Ազերիական վոհմակներ, վերջին 10 օրերուն ընթացքին, երկրորդ անգամն ըլլալով արցախահայութիւնը ժամեր շարունակ շրջափակման մէջ կը պահեն:
Արցախահայութիւնը այսօր կազմուած է շուրջ 120,000 Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներով, որոնց հանդէպ նախ Հայաստանի պետութիւնը ունի պարտաւորութիւններ:
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները արդեօք ի՞նչ քայլերու ձեռնարկած են ՀՀ քաղաքացիներուն ապօրինի շրջափակումէ ազատելու համար: ՀՀ ընդդիմութիւնը ի՞նչ քայլեր կ՛առնէ նոյն ուղղութեամբ: ՀՀ քաղաքական-հասարակական դաշտը ի՞նչ կ՛ընէ գորշ գայլերու եղբայրակիցներուն սադրանքին համարժէք պատասխան տալու ուղղութեամբ։ Սփիւռքը ո՞ւր է: Ի՞նչ կը սպասենք շարժելու:
Մարդկային Իրաւունքներու Համաշխարհային Յայտարարութեան օրուան 74ամեակին (10 Դեկտեմբեր) նախօրէին եւ յաջորդող օրերուն զուգադիպած մարդկային իրաւունքները աւելի քան խախտող այս զոյգ սադրանքներուն համար եւ ոչ միայն, ե՞րբ պիտի ուժգնօրէն հակադարձենք նաեւ դիմելով միջազգային հանրութեան:
Ելք կա՞յ. Այո անպայման կայ: Ելքը՝ այդ նոյն Մարդկային Իրաւունքներու վրայ հիմնուած Ժողովուրդներու Ինքնորոշման Իրաւունքին ամուր հենելով աշխարհի պետութիւններէն Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու պահանջքին մէջն է: Թէկուզ շա՜տ ուշացած, սակայն այս բանը նախ պէտք է վերջապէս ընէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը առաջին երկիրը պէտք է հանդիսանայ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան Անկախութիւնը:
Այս քայլը թուրք-ազրպէյճանական թշնամութի՞ւնը պիտի հրահրէ: Իսկ երբուընէ իվեր սիրալիր բարեկամներ էինք:
Թուրք-ազերիական կողմին պատերազմի՞ պիտի մղէ: Ինչու պատերազմի մէջ չե՞նք արդէն շատոնց:
Արցախահայութեան համար Ելք կա՞յ: Այո կա՛յ: Այդ Ելքը միայն Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչումին ի խնդիր մեր միահամուռ եւ գործնական պահանջին մէջ կը կայանայ:
«Զարթօնք» օրաթերթ
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ