Տանս մօտ, պողոտային անկիւնը, թերթավաճառի կրպակ մը կար, ուրկէ թերթերս կը գնէի: Նախընտրած թերթերէս մին, ըստ իմ խնդրանքիս, յատուկ ինծի համար կը պահուէր, քանի որ ընդամէնը այդ թերթէն երկու օրինակ կը բերէր, եւ կը վախնայի որ սպառէին անոնք եւ ինծի թերթ չմնար:
Կրպակներուն մէջ վաճառուող թերթերուն չնչին քանակը սկիզբը զարմացուցած էր զիս, քանի որ մեր քաղաքին մէջՙ Հալէպ, թերթավաճառներուն մօտ թերթերը կուտակուած կ՛ըլլային եւ օրուան որեւէ ժամուն կարելի էր գնել, առանց մտահոգուելու, որ կրնան սպառիլ: Այստեղՙ տարբեր է, թերթի ցրուիչ կազմակերպութիւնը երեւի ամէն ճիգ կը թափէ, որ պահանջարկէն մէկ հատ իսկ աւելի թերթ չընդունի, վերադարձնելու տաղտուկէն ձերբազատելու համար:
Տարի մը վերջ, երբ բնակարանս փոխեցի, նոր տանս փողոցի մամուլի կրպակին մէջ չգտայ իմ նախընտրած թերթս,- որ ըստ իս Հայաստանեան թերթերուն լաւագոյնն է,- սակայն պատուիրեցի որ յատուկ ինծի համար մէկ օրինակ բերեն, եւ այդպէս ալ եղաւ:
Վերադառնալով առաջին կրպակին, շրջանը ձգելէս տարի մը ետք տեսայ, որ անոր մէկ-երրորդը «վիրահատած» են եւ վերածած պաղպաղակի խանութի… (Ըստ կէտարութեան օրէնքին, երեք կէտ դրի, սակայն եթէ քերականական օրէնքը զանցառէի, 13 կէտ պէտք է դնէի այս տարօրինակութեան ի տես):
Կարճ շրջան մը ետք, օր մըն ալ տեսայ, որ կրպակն ու թերթերը չքացեր են եւ պաղպաղակի խանութը բռնած է անոնց տեղը… (23 կէտ):
Ուրեմն, առանց երկար-բարակ մտածելու եւ դատելու, յստակ է, որ պաղպաղակը աւելի պահանջարկ ունի, քան թերթը: Պաղպաղակը կ՛ուտուի, թերթըՙ չ՛ուտուիր. պաղպաղակը համեղ է, թերթըՙ երբեմն անհամ, կծու, աղի, լեղի… քիչ անգամ համեղ:
Յաջորդող շաբաթներուն նկատեցի, որ թերթավաճառ ուրիշ կրպակ մըն ալ փակուած է: Սկզբնական զարմացումս վերափոխուեցաւ մտահոգութեան, ուրեմն Հայաստանի մէջ ալ թերթ ընթերցողները պակսած են: Գիտէի որ երբեմնի բազմահազար տպաքանակ ունեցող թերթեր այնքան կծկուեր են, որ նախկինին հազիւ մէկ տասներորդով, մէկ քսաներորդով հրապարակ կ՛իջնեն, երբեմն գնորդ գրաւելու համար ծաւալուն խաչբառեր ալ կը տպեն: Դեռ աւելի վատՙ սակաւաթիւ ընթերցիղներէն հաւաքուած գումարը անբաւարար նկատուելով, թերթի գինը կը բարձրացնեն առանց էջեր աւելցնելու, կամ պարունակութեան մէջ մասնաւոր փոփոխութիւն մը մտցնելու, իբր թէ այս ձեւով եկամուտը պիտի աւելցնեն եւ պիւտճէն հաւասարակշռեն, առանց անդրադառնալու, որ այս ձեւով ընթերցող կը կորսնցնեն:
Թէեւ ուրիշ երկիրներու մէջ ալ նոյն հարցը կայ, սակայն մերը համատարած է, հետեւաբար ցաւալի աւելի: Մենք մշակոյթի ժողովուրդ ենք, ուսումի ու գիտութեան մակարդակով բարձր, ուրեմն ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ մեր մօտ ընթերցասիրութեան այսքան անկում կ՛ըլլայ: Հիմա անմիջապէս յանցանքը համացանցին վրայ չնետենք, համացանց ուրիշ ժողովուրդներ ալ ունին, սակայն անոնց մօտ համացանցը իր տեղը ունի, գիրքն ու թերթըՙ իրե՛նց:
Եթէ թերթերու սպառումը վիճակագրական քարտէսով մը պարզենք, պիտի տեսնենք որ տարուէ-տարի յստակ անկում կայ, եւ եթէ այսպէս շարունակուի, վախնամ օր պիտի գայ, ուր սլաքը յատակը պիտի շօշափէ:
Ի՞նչ ընելու է ուրեմն. ձեռնածալ մնալով ենթարկուելո՞ւ է այս պարտուողական կացութեան, թէ՞ թերթերը պաղպաղակի հետ փաթթուած վաճառելու է:
Այո, պաղպաղակը համեղ է, սակայն անոր համը լեզուին վրայ կը մնայ, մինչ ընթերցանութեան համըՙ ուղեղին, եթէ գիտնանք ըմբոշխնելու կերպը: