ՊԱՆԾԱԼԻ ԵՐԵԿՈՅ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Պուէնոս Այրէս, «Հայ Ձայն» կայքէջ Պուէնոս Այրեսի «CCK» կեդրոնական եւ արդիական համերգասրահում, Կոմիտաս Վարդապետին նուիրուած` Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան կողմէ կազմակերպուած համերգ տեղի ունեցաւ օգոստոսի 30-ին, անոր ծննդեան 150-ամեակի առթիւ: Դահլիճը լիքն էր հայ եւ ոչ հայ երաժշտասէրներով, մթնոլորտը պատրաստՙ գրկաբաց ընդունելու հայկական կենսարար հովերը այս հեռաւոր ափերուն, բարձր եւ ուշադիր տրամադրութեամբ: Դաշնակահարուհի Մարիաննա Աբրահամյանը, Հայաստանէն հրաւիրուած, նուագեց վեց պար. «Երանգի», «Ուլաբի», «Մարալի», «Շուշիկի», «Հետ ու առաջ» եւ «Շորոր»: Արգենտինահայ մեցցո-սոպրանո Սոլանժ Մերտինեանը, քաղցր եւ յուզիչ կատարումով երգեց «Շողեր ջան», «Օրօր», «Ախ, Մարալ ջան» եւ «Կաքաւիկ» երգերը: Սամի Մերտինեանը, ճանաչուած ջութակահարը, Մարիաննայի նուագակցութեամբ կատարեց «Ծիրանի ծառ» եւ «Կռունկ»: Մենակատարներից էր նաեւ ֆրանսա-ամերիկացի թաւջութակահար Իվ Թարամրան, որ նուագեց «Չինար ես» եւ «Դլէ եաման»: Տաղանդաւոր այս չորս երիտասարդ երաժիշտները միասինՙ հանդիսատեսին պարգեւեցին «Ալ այլուղս», «Քելեր Ցոլեր» եւ «Հոյ նազան» ստեղծագործությունները: Մաէստրօ Ալվարօ Յակոբեանը, համերգի արուեստագիտական ղեկավարը, ներկայացուց Մոնթեվիտէոյի իր «Կռունկ» երգչախումբը, որ հանդէս եկաւ «Քրիստոս ի մէջ» եւ «Մեծացուսցէ» շարականներով, այս վերջինըՙ արական ձայներով միայն, ինչպէս Հայր Կոմիտասը ստեղծած էր նախնապէս: Յաջորդաբար, քառաձայն երգչախումբը երգեց սիրուն «Ալագեազ»ը եւ հզօր «Հիմի էլ լռենք»ը: Առաջին անգամ ըլլալով հնչեց Հարաւամերիկայի մէջ «Պանծա՛, դու հայ Միութիւն» քայլերգը, որը ՀԲԸՄ-ը պատուիրել էր Կոմիտասին: Վարդապետը նամակով խորհուրդ կու տար. «Պէտք է կարճ ըլլայ, հակիրճ, ժողովրդական լեզուով եւ մատչելի: Որքան պարզ, այնքան վեհ»: Սակայն, ստեղծագործումը յապաղեց, եւ Բարեգործականի այն ժամանակուայ ղեկավարները ստիպուած եղան մի ուրիշ քայլերգ որդեգրելՙ «Աւետիս հայեր, ա՛լ սուգը մէկդի», որ մինչեւ այսօր շրջանառութեան մէջ է: «Արդարութիւնը այսօր կը կատարուի», յաղթականօրէն ըսաւ Մաէստրօ Յակոբեանը, եւ երգչախումբը երգեց «Պանծա, Հայ Միութիւն», արժանանալով հանդիսատեսին բուռն ծափահարութեան: ՀԵԸ-ի անդամ, հանդիսավար Ալեքսիս Մուրատեանը հրաւիրեց Ռուբէն Կետիկեանին, ՀԲԸՄ-ի ատենապետ, եւ Ատոլֆօ Իզմիրլեանին, վարչութեան անդամ, որպէսզի գնահատանքի պատուոգրեր յանձնեն երաժիշտներուն եւ CCK-ի ղեկավար Gustavo Muzzi-ին: Յուզիչ եւ նշանակալի այս հանդիպումը իր աւարտին հասաւ բոլոր արուեստագէտներու մասնակցութեամբՙ «Երեւան բաղ եմ առել» եւ «Արեւը կայնէ էսօր» խմբերգերի կատարումով: Այժմ կը մնան հրաշալի երեկոյի յուշերըՙ մեր սիրելի Կոմիտաս Վարդապետին մեղեդիներըՙ մեր հոգիներուն մէջ ծուարած: |