Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Պոստոն իր պաշտօնական այցելութեան օրերուն, այցելեց նաեւ Ուոթըրթաունի «Պայքար» հաստատութիւնը: Պարոն նախագահի շքախումբին կ՛ընկերակցէին Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեան, Կրթութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, նախագահի աշխատակազմի գլխաւոր ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, ՀՀ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Գրիգոր Յովհաննէսեան, ՀՀ ՄԱԿ-ի հաւատարամատար Զօհրապ Մնացականեան, Ամերիկայի Հայոց առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան եւ այլ բարձրաստիճան հիւրեր ու հայրենի եւ սփիւռքահայ զանգուածային լրատուամիջոցներու ու մամլոյ թղթակիցներ:
Հաստատութեան դարպասին առջեւ երկու հայ պատանիներ հայկական տարազներով ու աւանդական աղ ու հացով դիմաւորեցին նախագահն ու հիւրերը, այնուհետեւ ՌԱԿ Մամլոյ դիւանի ատենապետ Յակոբ Վարդիվառեան առաջնորդեց նախագահը դէպի խմբագրատուն ու ապաՙ սրահ, ուր հաւաքուած էին հարիւրի մօտ պոստոնահայ ազգայիններ, բարերարներ, ՀԲԸՄ-ի, Վարդանանց Ասպետներու, ԹՄՄ-ի եւ եկեղեցական ծխական մարմիններու պատասխանատուներ: Ուրախալի երեւոյթ էր պատանիներու եւ երիտասարդներու հոծ ներկայութիւնը: Ներկայ էին նաեւ «Պայքար» օրաթերթի եւ ռամկավար ազատական մամուլի երկարամեայ նախկին խմբագիր դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան ու ՌԱԿ Վերականգնումի շարժումին համադրող Վարդան Նազիրեան (Լոս Անճելըսէն):
Յանուն ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի եւ Քանատայի Շրջանային վարչութեանՙ Գէորգ Մարաշլեան (Ուաշինկթընէն) խօսք առաւ ու բարի գալուստ մաղթեց նախագահին ու պատուիրակութեան մաս կազմող հիւրերուն այս աննախընթաց այցելութեան համար: Այնուհետեւ խօսք առաւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան (Մոնթրէալէն), որ անդրադարձաւ Ամերիկայի տարածքին ՌԱԿ-ի առաքելութեան կարգ մը հիմնական ծրագիրներուն ու կատարած աշխատանքներուն, ընդգծելով անոր մամուլին կատարած գործին, քաղաքական աշխատանքներուն եւ հեռանկարներունՙ քայլ պահելու հայ նորագոյն կեանքի պահանջներուն:
Յանուն ռամկավար ազատական մամուլին խօսք առաւ Յակոբ Վարդիվառեան (Նիւ Եորքէն), որ շեշտեց իր պատկանած կազմակերպութեան մնայուն ծառայութիւնները որքան գաղթահայութեան ու սփիւռքահայութեան, նոյնքա՛ն նաեւ Հայաստանի իրարայաջորդ առաջին, երկրորդ ու երրորդ հանրապետութիւններուն, հաւասարապէս պահելով ամուր կապը մայր հայրենիքի ժողովուրդին ու մտաւորականութեան, ինչպէս նաեւՙ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնին հետ: Մանաւա՛նդ Ցուրտ պատերազմի ամենէն տխուր օրերուն «Պայքար» 110ամեայ այս պատմական ու պատկառելի հաստատութեան վարիչները, որոնք մնացին հաւատարիմ իրենց ուխտին եւ հակառակ զանազան քաղաքական ճնշումներու պահեցին ամերիկահայութեան հայեացքը դէպի Հայաստան: Այնուհետեւ հայկական քոնեակով ան կենաց առաջարկեց խմել նախագահին արեւշատութեան համար:
Պարոն նախագահը իր պատգամին մէջ կոչ ըրաւ ազգային կազմակերպութիւններու միջեւ սերտ գործակցութեան եւ ազգապահպանման հիմնական հարցերունՙ դիմակալելու գալիք տասնամեակներու մարտահրաւէրները Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին:
ՌԱԿ «Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր» (ամերիկահայ առաջին անգլիագիր թերթը, հիմնուած 1932-ին) խմբագիր Ալին Գրիգորեան եւ ԹՄՄ վարիչ քարտուղար Արամ Արքուն պարոն նախագահին յանձնեցին 1864 թուականի տպագիր աստուածաբանական հնատիպ մատեան մը, լոյս տեսած Կ. Պոլսոյ մէջ: Անոնք նաեւ ցոյց տուին «Պայքար»ի եւ «Միրըր»ի առաջին տարուան օրինակները:
Հակառակ իր ծանրաբեռնուած յայտագրին, նախագահ Սարգսեան համեցաւ ՌԱԿ-ի Ամերիկայի կեդրոնատեղիին մէջ եւ ունեցաւ սրտբաց զրոյց երիտասարդներուն, ինչպէս նաեւՙ ՌԱԿ Վերականգնումի յանձնախումբի անդամներուն հետ, գլխաւորութեամբ Վարդան Նազիրեանի: