ՊՐՈՖ. ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻԻՆԸ ԹՂԹԱԿԻՑ Մարտ 9-ին, ուրբաթ երեկոյեան, Թենըֆլայի, Նիւ Ջըրզի, Ս. Թովմաս եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ շրջանի հայկական կազմակերպութիւններուն տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը նուիրուած անոր վերջին գիրքինՙ «Դատաստան Իսթանպուլի մէջ» անգլերէն լեզուով տպագրութեան: Հատորը խմբագրուած է գործակցութեամբ Թանէր Աքչամի, որ եղած է յարգելի ցեղասպանագէտին ուսանողը: Առաջին աշխարհամարտէն ետք, մինչեւ Մուսթաֆա Քելամի յայտնուիլը 1920-ի ամռան, պատերազմին պարտուած Օսմանեան թուրքական դատարանը սկսած էր դատել Հայոց ցեղասպանութեան հեղինակները, մինչեւ որ Թուրքիան բաժնելու ծրագրին հետամուտ յաղթական երկիրներըՙ Անգլիան ու Ֆրանսիան, Իտալիան ու Յունաստանը չկրցան գալ համաձայնութեան մը: Մինչ այդ, Աթաթիւրք ծնունդ կու տար միլլի շարժումին, եւ ինքզինք կը պարտադրէր այլեւս: Տարտնղուած եւ յուսալքուած թրքական բանակը կը վերակազմակերպէր եւ քսաներորդ դարու դիւանագէտի մը տարազով համաշխարհային հրապարակ կու գար Մուսթաֆա Քեմալ: Թուրքիոյ աշխարհական դիրքը սկսած էր տակաւ արժեւորուիլ բոլոր մեծ պետութեանց մօտ: Օրուան բանախօսը ներկայացուց ԹՄՄ-ի ատենապետ Յակոբ Վարդիվառեան: Տալէ ետք հիւր գիտնականին աշխատութիւններու ամփոփ պատկերը բազմաթիւ լեզուներովՙ ան ըսաւ. «Անոր ուսումնասիրութիւնները առիթ տուին որպէսզի թուրք պատմաբաններ եւս այսուհետեւ անաչառ մօտենան հայկական ցեղասպանութեան: Անոնցմէ շատեր, թրքական պետական հետապնդումներն իսկ անտեսելով, արդարութեան իրենց ձայնը բարձրացուցին, եւ ուրիշներ յօդուածներով ու գիրքերով հաստատեցին ցեղասպանութեան իրողութիւնը»: Պրոֆ. Տատրեան, հայերէն լեզուով ուզեց տալ իր դասախօսութիւնը: Սրահը լեցուած հարիւրէ աւելի ներկաները եւս ուրախ եղան անոր համար: Ան շեշտեց ցեղասպանութիւններու պարագան, երբ անոնք կ՛իրագործուին երկրին իշխանութեան եկող բացարձակատէր ու միահեծան կուսակցութիւններու կողմէ, երբ չկան հաշուետուութիւն, հակազդեցութիւն տարբեր կուսակցութիւններէ: Ձեւով մը հակաժողովրդավարական բռնատիրութեան զոհ դարձած ժողովուրդներ այսպիսով կը բնաջնջուէին աշխարհի երեսէն: Տուաւ օրինակը հրեական ողջակիզումին, երբ Գերմանիոյ գլուխը եկող նացիստական կուսակցութիւնը կազմակերպեց 2-րդ համաշխարհային պատերազմին այդ ոճիրը: Նոյնըՙ հայոց պարագային, երբ այս անգամ իթթիհատականներ, գալով իշխանութեան, կազմակերպեցին հայկական ցեղասպանութիւնը: Անդրադարձաւ նաեւ օսմանեան շրջանի արխիւներու, ինչպէս նաեւ գերմանական ու եվրոպական այլ երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող արխիւներու բացայայտումներու անհրաժեշտութան: Կարեւոր նկատեց մեր նոր սերունդէն ունենալու նոր ցեղասպանագէտներ ու պատմաբաններ, որոնք աշխատելու են զոհողութեամբ, առանց յաւելեալ հոգ մը դառնալու գիտական մեր շրջանակներու կամ ազգային կազմակերպութիւններուն վրայ: Յայտագրի աւարտին ան մակագրեց իր գիրքրէն օրինակներ: Նախորդ օրը, երեկոյեան տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն ի պատիւ պրոֆ. Վահագն Տատրեանին հայկական «Զարա» ճաշարանին մէջ, կազմակերպութեամբ համայնքիս ծանօթ ազգայիններէն Հրանդ Կիւլեանի: Հոն եւս ան նեղ շրջանակի մէջ արտայայտուեցաւ աւելի բացայայտ կերպով: Հայ դատով ու պահանջատիրութեամբ տոգորուած ազգայիններու ներկայութեան ան շեշտը դրաւ այն հրամայականին, որ մեր իրաւունքներու իրագործման համար աշխատելու ենք մնայուն կերպով, առանց յոգնելու եւ յուսահատելու: Պրոֆ. Վ. Տատրեան մեր մէջ առանձին դպրոց մը հիմնեցՙ ցեղասպանագիտութեան եւ որուն եկան աշակերտել նոր ժամանակներու մեր պատմաբանները: Անոր կուռ տրամաբանութիւնը պատճառ դարձաւ, որ գիտական թէ պետական օտար շրջանակներ այլեւս լուրջի առնեն մեր ներկայացուցած պահանջները: |